Լուրերու Արխիվ

ՆԱԹԱԼԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

Իսկական մարդ է ան, որ կը ճանչնայ մարդկութեան յարգը եւ միայն խոնարհութեամբ կը պատերազմի: Իսկ մաքուր սիրտը ամբողջ մարդկութիւնը մաքուր կը տեսնէ: Այսպիսին էր Եսայի Մարգարեանը կամ Տոլար պապուկը, հեղինակը`

«Մուսա Լերան գիւղերէն Այնճար եկած ենք,
Անտանելի նեղութիւններ կրած ենք,
Ազգին համար թուրքերուն դէմ կռուած ենք,
Դաշնակցութեան դրօշին նուիրուած ենք…»
 երգին, որուն բառերը այնքան հարազատ եւ հոգեպարար կը հնչեն:

Բայց ո՞վ է Տոլար պապուկը: Ան ծնած է Մուսա Լերան Խըտըրպէկ գիւղը, 1889-ին. 1913-ին մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, ուր մնացած է աւելի քան 33 տարի, որմէ ետք 1946-ին վերադարձած է Այնճար եւ  մասնակցած` Այնճար հայաւանի կառուցման: Զբաղած է երկրագործութեամբ. զգալի սէր ունեցած է բանաստեղծութեան եւ երաժշտութեան հանդէպ,  յօրինած է երգեր:

Տոլար պապուկը բնատիպ մուսալեռցիի յատկանիշերով օժտուած անձնաւորութիւն մըն էր. եթէ այսօր ամբոխի մը մէջ գտնուէր, վստահաբար ուշադրութիւն պիտի գրաւէր իր տաքարիւն, աշխուժ, ընկերասէր եւ կատակասէր բնաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ` եզակի մտածելակերպի առանձնայատկութիւններով, որոնք ժառանգած էր մուսալեռցիի երկար պատմութեան ընթացքին:

Ինչպէս առանց աղի ճաշը կ՛ըլլայ անհամ, խոնարհութիւնն ալ կեանքի չի վերածուիր, եթէ չներենք, եթէ չսիրենք, եթէ չբաժնեկցինք: Տոլար պապուկը իր ուրախութիւնը, իր ցաւերն ու հոգերը կը մեկնաբանէր բանաստեղծութեամբ, երգով եւ երաժշտութեամբ, եւ այսպէս, բաժնեկցած կ՛ըլլար իր սէրն ու վիշտը, հոգն ու ուրախութիւնը: Ան կ՛ըսէր` ուրախ կ՛ըլլայ ան, որ կը ծառայէ եւ օգնութեան կը հասնի ուրիշին: Բարութիւնը իր արժանիքն էր: Երբ վշտանար դրացուհի «կապպայտ Մայրում»-էն, երգ կը յօրինէր անոր համար: Իսկ հօրեղբօր տղուն հոգերը թեթեւցնելու համար քառեակ մը կը բանահիւսէր կամ կատակ-երգ մը կը շարէր կին ու մարդ ծեծուելու մասին: Իսկ երբ գիւղին մէջ մահ մը պատահէր, ան կը կրկնէր. «Գնա՛, գնա՛, ես գացողը չեմ»: Բայց իր վերջին օրերուն, երբ ան ըսաւ` «Կը մեռնիմ ահա», հարազատները հաւաքուած` ուզեցին յիշեցնել իր հռչակաւոր խօսքը եւ ըսել տալ իրեն,  տխրագին պատասխանեց. «Կը քշեմ, բայց ան չ՛երթար, յամառ է»:

Տոլար պապուկը միշտ համախմբած է մուսալեռցիները ուրախ առիթներով: Իր երգերը կը պատմեն մուսալեռցիին առօրեան, եւ կեդրոնական տիպարը յաճախ կը յայտնէ  իր դժգոհանքը, յուսախաբութիւնը, յուզումները, ինչպէս նաեւ` ուրախութիւնները, իղձերն ու երազները: Յարգա՛նք Տոլար պապուկին, այսօր իր երգերը անգամ մը եւս կը հրատարակուին Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Յաւերժ Մուսա Լեռ» նոր երգարանին մէջ: Անոր յիշատակը անմոռաց կը մնայ միշտ եւ ոգին կ՛ապրի մեզի հետ:

Հայրենասիրական զգացումներով լիացած հայուն` բարի, համակ, ընկերասէր եւ ազգասէր, իրաւ հայ մարդուն, որ իր շրջանակին մէջ իմաստ տուաւ իր կեանքին եւ եղաւ մնայուն պատգամ նոր սերունդներուն:

Այս անձին ահա դուք ծանօթացաք, բայց իբրեւ հոմանիշ` կ՛ուզեմ զինք վերանուանել «անմահ հերոս». յարգա՛նք իր յիշատակին:

?>