Երկուշաբթի 6 Յունուար 2020֊ին ժամը 00։30֊ին ըստ աւանդութեան, Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Ս. Ծննդեան Տօնին առթիւ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք Այնճարի կեդրոնական հրապարակի կողքին գտնուող մսուրին դիմաց՝ յետ եկեղեցիներու արարողութեանց:
Որմէ ետք Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէն ընդունեց ժողովուրդը «Ս. Զէյթլեան» Կեդրոնէն ներս, ուր բացման խօսքը կատարեց քարոզչական յանձնախումբի ատենապետը ինչպէս նաեւ գիւղիս հոգեւոր հայրերը իրենց բարեմաղթութիւնները կատարեցին, որուն ընթացքին ժողովուրդը լսեց եւ մասնակցեցաւ Ս. Ծնունդի երգեցողութեանց:
Ապա գեղարուեստական բաժինով գիւղիս երիսասարդները աւանդական տհոլ Զուռնայով ճոխացուցին մթնոլորտը , ու իրարու բարեմաղթութիւններ փոխանցելով ներկաները ուրախութեամբ եւ յոյսով ապագայի նկատմամբ մեկնեցան յետ հիւրասիրութեան:















