Լուրերու Արխիվ

Պատուարժան ՀՅԴ Այնճարի «Կարմիր Լեռ» կոմիտէ,
« Հաշուեյարդար ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց. Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ , ա՜յն մնաց...
Ինչ, որ գնաց ուրիշին՝ վերադարձաւ անուշցած, ու զօրացած՝ հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան...։»
Գոհութիւն Աստուծոյ, որ 2019 տարէշրջանը եւս բոլորեցինք անփորցանք։
Փառք Ամենակալին, որ անցնող տարուայ ընթացքին Այնճար Հայաւանի հիմնադրութեան 80 ամեակին առիթով՝ ՀՅԴ Այնճարի «Կարմիր լեռ» կոմիտէի եւ պատկան մարմիններու նախաձեռնած եւ հովանաւորած՝ մշակութային, կրթական,
մարզական, քաղաքական եւ հոգեւոր ձեռնարկներն ու ծրագիրները թագադրուեցան յաջողութիւններով, որոնք պիտի գեղեցկացնեն Այնճար հայաւանի պատմութեան գրքերը ու գալիք սերունդներու հայաբոյր հոգիները պիտի զսպանակեն դեպի փայլուն ապագայ։
Սիրելի ընկերներ՝ Տօնական այս օրերուն Ժիւլիէթն ու ես սրտանց կը շնորհաւորենք ձեր Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը ու կը ցանկանք, որ Բեթղեհեմի աստղին ոսկէշող ճառագայթները անգամ մը եւս կանթեղուին Արարատի ձիւնածածկ կատարին որպէս փարոս հայ ազգի ցիր ու ցան դարցած զաւակներուն, որպէս ինքնաճանաչումի, գոյեատեւումի ու յաւերժութեան սրբալոյս նշան, որ դարերէն եկած փառապանծ կտակն էր նաեւ մեր նախնիներէն մեզի, որ մնացած է աներեր ու անսասան ցայսօր։
Աստուածապարգեւ տօնական այս օրերուն՝ մեր փափաքն է նաեւ, որ Երկու հազար քսան տարեշրջանը ըլլայ՝ համայն հայութեան՝ խաղաղութեան, ցնծութեան եւ միասնութեան փառապանծ տարի մը, թող նոր տարին ըլլայ առողջութեան բարեբէր եւ օրհնարատ տարի մը համայն մարդկութեան, թող մեր ընտանիքներէն, հայրենիքէն, Արցախէն,Ջաւախքէն ու Սփիւռքի գաղթօճախներէն հեռու մնայ ամէն տեսակի՝ փորցանք ու նեղութիւն ու մեր օրերը պսակուին անդրագոյն յաջողութիւններով։
Յաջողութիուն ձեր բոլոր ծրագիրներուն՝ այսօր եւ միշտ։
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»
«Ձեզի մեզի մեծ աւետիս»։


Ընկերական Ջերմ զգացումներով՝
Յակոբ Ճանպազեան

?>