Լուրերու Արխիվ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան եւ տարեցներու յանձնախումբին, բարերարութեամբ Սանան եւ Դալար Մալգճեան քոյրերուն (ԱՄՆ Տիթրոյիթ) Չորեքշաբթի 8 Յունուար 2020ին կէսօրուան ժամը 12:00ին, տեղի ունեցաւ Այնճարի տարեցներուն Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով կազմակերպուած ճաշկերոյթը, «Նապաա Այնճար» ճաշարանին մէջ:

Ճաշկերոյթի բացման խօսքը արտասանեց ընկերուհի Քնար Գամպէրեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկայ տարեցներուն, շնորհաւորելով անոնց Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, մաղթելով իրենց առողջութիւն, արեւշատութիւն եւ հաճոյալի օրեր: Ապա հրաւիրեց ընկերուհի Կարինէ Քեսապլեան որպէսզի վարէ ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը: Ան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքերով ու խաղերով, հանելուկներով երգերով ու պարերով տարեցները ուրախութեամբ հետեւեցան եւ մասնակցեցան յայտագիրին: Անոնց խանդավառութիւնը բազմապատկուեցաւ Կաղանդ Պապուկին ժամանումով, որ յաւելեալ ցնծութիւն պարգեւեց բաշխելով իր նուէրները բոլորին:
Աւարտին, մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ ընկերուհի Ռիթա Լագիսեան խօսք առնելով յորդորեց տարեցները հաւաստիացնելով որ ԼՕԽը միշտ նեցուկ կը կանգնի գիւղի բոլոր տարեցներուն եւ բոլորն ալ անխտիր ԼՕԽի հոգածութեան ենթակայ են: Ան, մաղթեց անոնց առողջ եւ երջանիկ օրեր ինչպէս նաեւ վստահեցուց որ ԼՕԽը միշտ պատրաստ է օգնութեան իր ձեռքը երկարելու բոլորին: Ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ ձեռնարկի բարերարներուն Սանան եւ Դալար Մալգճեան քոյրերեուն, որոնք ոչ միայն յանձն առած էին ճաշի հիւրասիրութիւնը ինչպէս նաեւ Կաղանդ Պապուկին բաշխած նուէրները: Ան շարունակեց իր խօսքը մաղթելով անոնց կանաչ ճանապարհ եւ անամպ երկինք:
Տարեցները գոհունակ սրտով եւ իրենց օրհնութիւնը փոխանցելով բարերարներուն եւ ԼՕԽի ընտանիքին մեկնեցան իրենց տուները, ցանկալով յաճախ մէկտեղուիլ, եւ ուրախ ու հաճելի ժամեր անցնել իրար հետ:

8229587134021582064927255789605065920610304n
8282106234021583431593782531146801604460544n
8289251634021592798259518293914133015822336n
8250038734021590531593072661766790119424000n
8197974534021585298260264570166329058787328n
8282362834021595598259237132220986635583488o
819492693402158903159322287232831342510080n
8194191034021586664926792924405380299620352n
8161935834021594331592691344219897726500864n
8300636834021597198259071651090784130170880o

?>