Կիրակի 9 Փետրուար 2020ին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղը կազմակերպած էր «Basketball»-ի մրցաշարք մը ՀՄԸՄ Այնճարի մարզամշակութային կեդրոնին մէջ, ուր մասնակցութիւն բերին 15 խումբեր որոնք կը բաղկանային երիտասարդ երիտասարդուհիներէ։
Մրցաշարքին ախոյեան հանդիսացան երտասարդներ՝ Վարագ Քէօշէեան, Աբօ Աշըգեան, Եսուկ Սթանպուլեան եւ Գօգօ Անտէքեան։
Կը գնահատենք մեր գիւղի աշխոյժ ու եռանդուն երիտասարդները եւ յաջողութիւն կը մաղթենք իրենց բոլոր ծրագիրներուն մէջ: