Լուրերու Արխիվ

Կազմակերպութեամբ FAO ոչ կառավարական մարմնին եւ գործակցաբար Այնճարի քաղաքապետութեան, Երկուշաբթի 10 Փետրուար 2020-ին առաւօտեան ժամը 11:00ին «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» Սրահին մէջ , տեղի ունեցաւ զեկուցական հանդիպում մը , որուն հիմնական նիւթն էր Այնճարի Քորիական պետութեան կողմէ բնապահպանական եւ ծառատնկումի աշխատանքներու օժանդակութեան ծրագրի պարզաբանումը:
Հանդիպումին ներկայ էր գիւղի հոգեւոր հայրը, Այնճարի Քաղաքապետը, Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչը, եւ գիւղի զանազան միութեանց ներկայացուցիչները ,ինչպէս նաեւ USAid բաժանմունքի ներկայացուցիչները:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան ըսելով. « Ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ թէ Քորիական կառավարութեան թէ SPNL, LRI, եւ AFDC ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն (NGO), որոնք տարիներէ ի վեր ծրագիրներ իրականացուցած են այս գիւղին մէջ: Իրենք այս իմաստով կը միտին գիւղը զարգացնել ընկերատնտեսական բնագաւառներուն մէջ եւ մանաւանդ կենսոլորտի պահպանման առնչութեամբ: Այսօր շատ խորհրդանշական եւ պատմական օր մը կը թուի մեզի համար, ձեւ տալու համար Լիբանանի մէջ առաջին հանրային պարտէզին, Այնճարի մէջ». Ան աւելցուց, «Այս գործունէութիւնը պիտի փաստէ համագիւղական այնպիսի աշխատանք մը որ պիտի աւելցնէ գործի կարելիութիւնները Այնճարի բնակիչներուն համար, ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներէն մեծ թիւով զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ եւ բոլորը պիտի ուզեն գալ հոս եւ վայելէլ մեր գիւղի մէջի հանրային պարտէզը»: Իր խօսքի աւարտին քաղաքապետը հրաւիրեց օրիորդ Ժօուէլ Սալամէ-ն որ LRI ոչ կառավարական մարմինին մասին փոքր տեղեկութիւն մը տուաւ, ապա տեսաերիզի վրայ մանրամասն տեղեկացուց ներկաներուն ծրագրին մասին: Վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ հարցազրոյց մը Ժօուէլ Սալամէի եւ ներկաներուն միջեւ:
Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ ներկաները գոհ սրտով մեկնեցան սրահէն:

8473542934945175905901192863906883285024768n
8523064234945177272567723333581262412578816n
8212091934945179139234206848524386551463936n
8445898734945180472567406262009738578362368n
8629548134945182005900585417408521513730048n

?>