Տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած է նշելը։ Տարբեր երկրներու մէջ տարբեր եկեղեցիներ, տիկիններ եւ օրիորդներ կը հաւաքուին աղօթելու երկրի մը համար։
Չորեքշաբթի 11 Մարտ 2020ին, առաւօտեան ժամը 10։30ին, Այնճարի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած էին աղօթելու Զիմպապուէի համար, իսկ աղօթքի նիւթը առնուած էր Աւետարան Ըստ Յովհաննու 5։1-15 համարներէն « Ելիր մահիճդ առ ու քալէ»։
Պաշտամունքը սկսաւ երիցուհի Նանօր Ագպաշարեանի բարի գալուստի խօսքով ուղղուած ներկաներուն եւ Պէյրութէն ժամանող հովիւին եւ երեցկիններուն ։
Ապա պաշտամունքը առաջնորդեց երիցուհի Սեդա Գարակէօզեան, եւ ընթացքին Ներկաները դիտեցին նաեւ սահիկներ որուն ընդմէջէն ծանօթացան Զիմպապուէի բնութեան, ժողովուրդին եւ ապրելակերպին։
Օրուայ պատգամախօսն էր վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, ուր ան ներկաներուն բացատրեց թէ շատեր չեն ուզեր բժշկուիլ իրենց հիւանդ վիճակէն, որովհետեւ վարժուած են այդ կացութեան, իսկ ոմանք ալ միշտ պատրաստ են այպանելու իրենց դիմացինները։
Այնուհետեւ տարուայ պաշտամունքին գիւղի քոյր եկեղեցիներէն ալ տիկիններ իրենց մասնակցութիւնը բերին ընթերցելով տարբեր հատուածներ։
Պաշտամունքը աւարտեցաւ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանի օրհնութեան աղօթքով եւ հիւրասիրութեամբ։











