Համբարձման տօնին առիթով, այսօր՝ Հինգշաբթի 21 Մայիս 2020-ին կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու տարեցներու յանձնախումբը աննախընթաց նախաձեռնութեամբ մը, 230 բաժին ճաշ (Հաւով սիսեռով փիլաւ, աղցան եւ կաթնապուր) պատրաստեցին եւ բաշխեցին գիւղի տարեցներուն:
Այս ձեռնարկը կարելի եղաւ իրականացնել ազնուասիրտ բարերարներու զօրակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ:
Վարձքը կատար բոլորին: