Սիրելի Հայրենակիցներ,
Մեր անմիջական կարգ մը դրացի գիւղերուն դռները թակուած են արդէն թագաժահր Corona virus համաճարակով:
Բաւականին լուրջ եւ դժուարին կացութիւն կը դիմագրաւեն այդ գիւղերու բնակիչները:
Առ այդ, սիրելի հայրենակիցներ կանխազգուշական բոլոր քայլերուն պէտք է դիմենք ծայրաստիճան լուրջի առնելու այս պարագան:
Պէտք է ֆիզիքական հեռաւորութիւնը անպայմանօրէն պահպանուի: Նուազագոյն յարաբերութիւն հաստատել սոյն գիւղացիներուն հետ առ այժմ:
Դարձեալ կը շեշտենք՝ Հաւաքական պատասխանատուութեամբ բարձր գիտակցութեամբ դիմագրաւենք այս դժուարին օրերը: