Լուրերու Արխիվ

Շատ սիրելի արտերկրի Այնճարցի հարազատներ,
Շատ սիրելի Այնճարը սիրող հայրենակիցներ,
Ճիշդ է որ կեանքի պայմաններու բերումով ֆիզիքապես հեռու մնացած ենք իրարմէ, սակայն մենք կը հաւատանք հակառակ այս աշխարհագրական հեռաւորութեան, մեր միջեւ պորտալարը չէ կտրուած, կ՛ապրինք նոյն արգանդին մէջ, կը սնանինք նոյն մօրմէն, կ'զգանք ու կ'աճինք միասնաբար։
Այսօր երբ կը տեսնենք ձեր ասպետական մօտեցումը ձեր իսկ հարազատ գիւղին նկատմամբ, չենք կրնար միայն ամուր զգալ ձեզմով, այլ ապագայի նկատմամբ կը մնանք աւելի լաւատես։ Մեր պապերէն ժառանգած Մուսալերան բարձրունքներուն վրայ կատարուած սխրագործութիւնը այսօր եւս փոխադարձաբար եւ հարազատօրէն կ՝արտայայտենք միասնաբար։
Այնճար եւ արտերկիր մէկ ժողովուրդ, մէկ տեսլական ամրակուռ շարք 《Միր պէքցէուծը Աստուծ թըղ շետցինը》։ Ձեր այս մօտեցումը մեր սրտերուն մէջ մեծ տեղ ունի։
Յոյսով ենք, ինչպէս Այնճարի հիմնադրութեան 80 ամեակը փառահեղօրէն տօնեցինք, մօտիկ ապագային այս տագնապէն դուրս գալու հանդիսութիւնն ալ դարձեալ կը տօնենք։
Միշդ ձեզի հետ, միասնաբար Այնճարի համար։

ՀՅԴ 《Կարմիր Լեռ》 կոմիտէ

?>