Շաբաթ 4 Յուլիս 2020ին կէսօրէ ետք ժամը 3։00ին,Լիբանանի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Շահէ Ս. Եպս. Փանոսեանը այցելեց Այնճար ուր հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ 《Կարմիր Լեռ》 կոմիտէին հետ։
Հանդիպման ընթացքին առաջնորդն ու կոմիտէն քննեցին Այնճարի ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ անոր դարմանումին գործնական միջոցներու դիմելով եւ անմիջականօրէն գործի անցնելու աշխատանքին։