Քորոնա ժահրի ( COVID-19) գծով պետական որոշումին առ ի գործադրութիւն, երեկոյեան ժամը 5։00էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5։00 Այնճար մուտք գործելու երեւոյթը համակարգելու նպատակով գիւղի 2 գլխաւոր մուտքերուն վրայ անցարգելներ զետեղուեցան, իսկ մնացեալ մուտքերը ամբողջութեամբ փակուեցան։