Շաբաթ առաւօտեան սկսած պետութեան թիւ 1432 որոշման գործադրութեան որպէս արդիւնք կը հաստատենք որ մեր գիւղի վաճառանատէրերը դրականօրէն կ'արձագանգեն վերյիշեալ որոշումին։
Այս առիթով, անգամ մը եւս կ'ուզենք շեշտել թէ մեր հայրենակիցները դժբախտաբար կը շարունակեն հաստատուած կարգավիճակէն դուրս ելլելով Քորոնա ժահրի (COVID-19)ի նախազգուշական միջոցառումները խախտել։
Սիրելիներ, ձեր սսնդամթերքն ու անմիջական-կենսական-պէտքերը ապահովելու համար միայն տունեն դուրս ելէք՝ ՄԻՇՏ կրելով դիմակ։
Գնումները կատարեցէք ապսպռանքով ու զանոնք ստանձնեցէք մնալով ինքնաշարժին մէջ։
Վաճառատուներուն առջեւն իսկ պէտք չէ ներկայութիւն դառնաք։
Զգոյշ ըլլանք առողջ մնանք։

Reach