Պէյրութի Մարաթոնի միութիւնը, ազնիւ գաղափար մը ունեցաւ կազմակերպելու իր տեսակին մէջ եզակի եւ ձեւով մըն ալ «անձնական» մարաթոնի վազքի մրցում մը, որուն ընթացքին մարզիկները վազեցին իրենց բնակած շրջաններուն մէջ, իրենց նախընտրած երկարութեամբ, 5 քմ-էն սկսելով եւ հասնելով մինչեւ 21 քմ-ի:
Մրցումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 20 դեկտեմբերին, լիբանանեան բազմաթիւ շրջաններու մէջ:
Ապա, մասնակիցները իրենց լուսանկարները ուղարկեցին կազմակերպիչ միութեան: Վերջինս յառաջիկային մրցումին բոլոր մասնակցողներուն պիտի ուղարկէ յուշանուէր-մետալները:
Նշուեցաւ, որ մասնակցութեան հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի «Սեզոպել» դպրոցի աշակերտութեան:
Այս մրցումը կազմակերպելով` Պէյրութի Մարաթոնի միութիւնը փորձեց ստեղծել ուրախ մթնոլորտ մը` լիբանանցիներուն մօտ, հակառակ երկրին մէջ տիրող անորոշ վիճակին:
Լիբանանի մէջ կատարուող բոլոր վազքի մրցումներուն եւ մարաթոններուն մասնակցող Լեւոն Թաշճեան իր կարգին մասնակցեցաւ անոր` Այնճարի պարտէզներուն մէջ վազելով 21 քմ:
20 քմ վազելէ ետք, վերջին 1 քմ-ին ՀՄԸՄ-ական եղբօր միացան անոր երրորդեակ զաւակները` Պետօ, Անի եւ Արին:
Անոնք այս վազքի մրցումին մասնակցեցան ՀՄԸՄ Այնճարի անունին տակ: