Լուրերու Արխիվ
Սիրելի հայրենակիցներ
Քորոնա ժահրի ալիք մը եւս հարուածեց մեզ ու անցաւ։
Կաղանդէն ետք Քորոնա ժահրով վարակուածներուն թիւը արդէն շրջանցեց 35ը։
Պէտք է ըսել, որ անցնող մէկ ու կէս ամսուան ընթացքին երկիրը փակելու պետական որոշումը իր գործնական ու բարերար անդրադարձ ունեցաւ մեր գիւղէն ներս, որովհետեւ մեր քաղաքացիները բաւարար գործակցութիւն ցուցաբերեցին։ Այս գնահատելի ընթացքին շնորհիւ վարակուածներու թիւը նուազագոյնի իջաւ։
Բայց վտանգը չէ փարատած։ Եթէ կը նկատէք, մենք կը շարունակենք յաւելեալ միջոցառումներու դիմել հետագային գալիք նոր ալիքները յաղթահարելու նպատակով։
Ուստի, խստիւ կը յանձնառարենք, որ բարեհաճիք մնալ զգոյշ եւ շարունակէք գործադրել այս ուղղութեամբ մեր կողմէ քանիցս շեշտուած թելադրանքները։
Այնճարի 《Քորոնա》ի Ճգնաժամի Յանձնախումբ
23 Փետրուար 2021
ՀՅԴ 《Կարմիր Լեռ 》 կոմիտէ
《Շտապ Օգնութեան Առողջապահական Յանձնախումբ》
Շնորհակալագիր
Այս գրութեամբ կ՝ուզենք մեր անհուն երախտագիտութիւնն ու սրտի խոր շնորհակալութիւնը յայտնել նախկին նախարար Տէր եւ Տիկին Արթիւր եւ Թամար Նազարեաններուն Քորոնա ժահրի դէմ մեր որդեգրած միջոցառումներու կապակցութեամբ իրենց կատարած վեհանձն ներդրումին համար։
Այս պահուն, երբ բժշկական կազմածներու հիմնական կարիքները ապահովելու դժուարութիւնները կը սաստկանային, իրենք շատ դիպուկ եւ անշեղ կերպով առին գործնական քայլ մը, նուիրելու շնչառական երեք ելեկտրոնային սարքեր, Ֆրանսական արտադրութեամբ, որ պիտի անսպառ կերպով սատար հանդիսանայ մեր գիւղացիներու առողջութեան բարելաւման եւ ամրապնդման համար։
Յարգանքներով՝ Այնճարի Շտապ Օգնութեան Առողջապահական յանձնախումբ
23 Փետրուար 2021
153446598 6664793530229160 7268405573231345917 o
?>