Կիրակի 14 Մարտ 2021-ին, «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն ազգիս նահատակ ընկ. Զաւէն Թաշճեանի յիշատակին :
Ապա ներկաները ուղղուեցան Այնճարի գերեզմանատուն ուր հոն եւս հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ նահատակ ընկերոջ շիրիմին կողքին, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում Հ.Յ.Դ Լ.Ե.Մ․-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի կողմէ։
Աւարտին 《Ս. Զէյթլեան》 կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեսուրճի հաւաք ընտանեկան պարագաներուն, ընկերներուն եւ հայրենակիցներու ներկայութեամբ։