Լուրերու Արխիվ
 
Սիրելի հայրենակիցներ,
Երկրիս տնտեսական փլուզումը օրէ-օր աւելի ճգնաժամային կը դարձնէ արդէն իսկ անդունդի եզրին հասած լիբանանցիին առօրեան, ինչպէս տեղեակ էք վառելանիւթի սակը ժամ առ ժամ աննախադէպ մագլցում կ'արձանագրէ եւ պէտք եղած քանակը ապահովելու իմաստով դժուարութեան դէմ յանդիման կանգնեցուցած է մեզ՝ բոլորիս:
Մեր ծառայութիւնը աւելի երկարաժամկէտ ապահովելու իմաստով, Այնճարի Ելեկտրականութեան մարմինը հետեւելով Լիբանանի ելեկտրածին շարժակներուն համախմբումի որոշումին, օրական 5 ժամով պիտի ընդհատէ ելեկտրականութեան հայթայթումը. առ այդ, ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք թէ 25 Յունիս 2021էն սկսեալ առաւօտան ժամը 5:00էն 8:00 եւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00էն 5:00 ելեկտրածին շարժակները պիտի դադրին ելեկտրականութիւն հայթայթելէ. Հետագային աւելի դժուար պայմաններու տակ գտնուելու պարագային ստիպուած պիտի ըլլանք յաւելեալ կրճատումներ ընելու:
Շատ պիտի խնդրենք մեր հայրենակիցներէն որ ըլլան ողջամիտ եւ գիտակից, դասաւորեն իրենց անձնական գործերը եւ աւելիով չխոչընդոտեն ստեղծուած իրավիճակը:
24 Յունիս 2021
ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի Ելեկտրականութեան Մարմին
?>