ԼՕԽԻ ՝՝Աղթամար՝՝ մասնաճիւղի վարչութիւնը՝
Շնորհակալութեամբ ստացաւ
Ողբացեալ եփրեմ և Անահիտ Քէնտիրճեաններու մահուանց առիթով փոխան ծաղկեպսակի կատարուած նուիրատուութիւններռւ գումարով և ԱՄՆ Տիթրոյիթի Մուսալերան հայրենակցական միութեան ճամբով, ԼՕԽԻ ՝՝Աղթամար՝՝ մասնաճիւղի ՝՝Ֆիլհաննէսեան՝՝ կեդրոնի դարմանատունը օժտեց արդիական հականեխիչ սարքով մը իր յարակից գործիքներով ինչպէս նաեւ բժշկական այլ անհրաժեշտ պիտոյքներով որոնք մեծ օգտակարութիւն պիտի ունենան մեր ժողովուրդին ։
Աստուած վարձահատոյց ըլլայ բոլոր նուիրատուուներուն իրենց այս մարդասիրական և օգտաշատ նուիրատուութեան համար։
Աստուած երկնքի արքայութեան արժանացնէ հանգուցեալ Քէնտիրճեան ամոլին հոգիները, իրենց յիշատակը անթառամ մնայ։
Վարչութիւն

