Մուսա լեռ-Այնճարի Օժանդակութեան յանձնախումբը,յանձնառու իր պարտականութեան, ջանք չի խնայեր նուիրատուներու, բարերաներու եւ «Միասին Այնճարի համար» խումբի հանգանակութեան օգնութեամբ, նիւթապէս նեցուկ կանգնելու գիւղիս բնակչութեան։
Առ այդ, նախորդող ամիսներուն, երկու հանգրուաններով մեծ թիւով ընտանիքներ 100-ական ամերիկեան տոլարով օգտուեցան Օժանդակ յանձնախումբի վառելանիւթի յատկացուած նպաստէն։
Մօտ ապագային՝ երրորդ հանգրուանով, մնացեալ Այնճարաբնակ գիւղացիները (անոնք որոնք տակաւին չեն ստացած) նաեւ պիտի օգտուին տուեալ նպաստէն։
Կը խնդրենք, ամենայն համբերատարութեամբ, սպասենք յաջորդող հանգանակութեան, եւ մեր գիտակից մօտեցումով գնահատենք տարուած աշխատանքն ու նուիրատուներուն բարեսիրութիւնը։
Յուսանք շուտով կը շրջանցենք այս դժուարին օրերը եւ մեր կեանքը կը ստանայ բնականոն ընթացք ։
Շնորհակալութիւն մեր ժողովուրդի գիտակից մօտեցումին ։