Հինգշաբթի 6 Յունուար 2022-ին, Այնճարի Հայ Առաքելական համայնքը նշեց Սուրբ Ծննդեան տօնը, «Սուրբ Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ:
Տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ, որու ընթացքին Պէքաայի հոգեւոր տեսուչ` հայր Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան քարոզեց ներկաներուն Սուրբ ծննդեան խորհուրդին մասին, եւ մաղթեց որ Յիսուս քրիստոսի ծնունդը գիւղիս հայրենակիցներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ հայ ազգին ՝ առողջութեան, խաղաղութեան ինչպէս նաեւ բարեբեր տարի մը պարգեւէ. Ապա տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք եւ աւարտին եկեղեցական թափօր։
Այնճարի Հայ Աւետարանական համայնքն ալ նշեց Ս. Ծննդեան տօնը։ Եկեղեցւոյ մէջ Ներկայ էր հաւատացեալ ժողովուրդը , մասնակից դառնալու Սուրբ Ծննդեան պաշտամունքին ՝որ կատարեց Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանը եւ բոլորին ողջունեց Սուրբ Փրկիչին գալուստով, մաղթելով առողջութիւն, յաջողութիւն եւ խաղաղութիւն բոլորին։
ԲԱ՜ՐԸ ԶԱ՜ՏԱԿ ԹԸՂ ԸՆՆՈՒ ԱԼԻՐԷՆ։