Լուրերու Արխիվ
Սիրելի հայրենակիցներ,
Կը շնորհաւորենք ձեր նոր տարին ու Ս. ծնունդը մաղթելով որ 2022 թուականը ըլլայ յաջողութեամբ եւ առողջութեամբ լեցուն տարի մը մեր գիւղին համար։
Այս առիթով անգամ մը եւս կը թելադրենք ըլլալ զգոյշ, նկատի առնելով որ Քորոնա համաճարակը կը շարունակէ տարածուիլ եւ այսօրուան տուեալներով ունինք հաստատուած հետեւեալ պարագաները `
1) Նարո Քարայեան (ապաքինուած)
2) Պետիկ Քէօհիւլեան
3) Լուիս Լահհամ
4) Շաքէ Ինճէեան
5) Մարտիկ Ատաճեան
6) Թամար Յովսէփեան
Կ'ուզենք ձեր ուշադրութեան յանձնել թէ մենք այստեղ կը տեղադրենք բոլոր այն անունները որոնց PCR քննութեան արդիւնքը դրական դուրս կու գայ , անկախ անկէ թէ CT արդիւնքը բարձր է թէ ցած, որպէսզի անոնք որոնք շփման մէջ գտնուած են նշուած անուններուն հետ զգուշանան ու ենթարկուին PCR քննութեան։
Անգամ մը եւս կը թելադրենք որ բոլոր վարակուածները տեղեակ պահեն յանձնախումբս իսկ անոնք որոնք դժուարութիւն ունին PCR քննութեան ենթարկուելու կամ պատուաստ ստանալու, անպայման կապուին հետեւեալ թիւերուն `
ԼՕԽ ։ 08621946
Քաղաքապետարան : 08620790
Ոստիկանութիւն ։ 08620791-81396488
Այնճարի Քորոնա համաճարակի Յանձնախումբ