Լուրերու Արխիվ
Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբին` Հինգշա բթի, 24 փետրուար 2022-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին,Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ` տեղի ունեցաւ Վարդանանց, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ Արցախի ազատագրութեան տարեդարձներուն նուիրուած ժողովրդային ոգեկոչում:
Դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբի անունով բացման խօսքը արտասանեց՝ ընկեր Արտակ Կէօքճեան: Ան յատկապէս ըսաւ . «Դարձեալ Վարդանանց է։Հայոց պատմութեան "Վասն կրօնի եւ վասն հայրենեաց" ազգային պատերազմի յիշատակի օր։Անցած են 1571 տարիներ՝ բայց Վարդանը քաջ,Բայց Վարդանը Սուրբ կ՝երթայ միշտ առաջ։Դարձեալ Փետրուար է՝ Փետրուարեան Ապստամբութեան յիշատակի ամիս։Անցած են 101 տարիներ ,բայց հայ ժողովուրդը կը շարունակէ կենդանի պահել այս ապստամբութեան ոգին։Փետրուար է դարձեալ,Հայոց Արցախ աշխարհի ժողովրդկային պոռթկումի ամիս ։Անցած են 34 տարիներ,սակայն Արցախեան պայքարի յոյսը,թէեւ կոտրուած ,սակայն չէ մեռած։Երեք յիշատակներ, երեքն ալ ազգային ցասումի հերոսական խոյանքներ, որոնք ապրած են եւ միշտ կ՝ապրին մեր ժողովուրդի յիշողութեան եւ սրտին մէջ"։
Ան իր խօսքը աւարտեց նշելով, «Ուրեմն եկէք միացնենք մեր ուժերը՝ յանուն ազատ,անկախ եւ միացեալ հայաստան"ի մեր երազին։
Բացման խօսքին յաջորդեց Հ.Յ.Դ. «Յառաջ» պատանեկան միութեան կողմէ պատրաստուած «երգ կամաւորի» նուագը Նազէ Այնթապլեանի կատարողութեամբ, որմէ ետք պատանիներ՝ Կալի Գալուստեան եւ Գետակ Այնթապլեան երգեցին «Ղարաբաղ իմ Աղբիւր ես դու» երգը նուագի ընկերակցութեամբ՝ Նազէ Այնթապլեանի:
Ապա՝ Հ.Յ.Դ. ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն ընկերուհի Նարէ Փիլաւճեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Իմ Հայաստան» բանաստեղծութիւնը:
Ձեռնարկի Ա. Պատգամախօս պատուելի Արմէն Միսաքեան անդրադառնալով վարդանանց պատերազմին ըսաւ թէ,« Այսօր յիշում ենք Վարդանանց ազատագրական պայքարը, որի գագթնակէտը եղաւ Վարդանանց հերոսամարտը։ Այս 15 դարեայ պատմութիւնը որպէս հայ բազմակի նշանակութիւն ունի մեզ համար"։
Իր խօսքը շարունակելով պատուելի Միսաքեան ըսաւ, «Թէ հոգևոր , թէ՛ մշակութային վերելքը սահուն և առանց մարտահրաւէրների չընթացաւ, այլ ուղեկցւում էր Սասանեան Պարսկաստանի հաստատուն հալածանքներով։ Այսօր մեզ համար, ո՞րն է այդ պատերազմի դաշտը, որտեղ պէտք է դրսևորենք մեր հաւատարմութիւնը ի պաշտպանութիւն մեր երկրի, ի շահ մեր ազգի"։
Իր խօսքի աւարտին պատուելին յայտնեց, «Այնճարցին, որպէս Մուսա Լեռցի լաւ գիտի ինչ է նշանակում պայքարել, դիմադրել, մշակել և վերակառուցել, ընկնել և նորից բարձրանալ։ Ձեր անցեալը, մանաւանդ վերջին 80 տարուայ գոյատևումը, մեծ վկայութիւն է՝ ցույց տալու համար որ պայքարել լաւ գիտէք"։
Այնուհետեւ, Ազգային «Յառաջ _Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանէն Արինա Աբրահամեան արտասանեց Վարդան Յակոբեանի «Արցախ» բանաստեղծութիւնը:
Ապա, Այնճարի հայ աւետարանական վարժարանի աշակերտներէն՝ Կալի Գալուստեան եւ Գետակ Այնթապլեան երգեցին «Դարձէք Ով Հայեր» երգը:
Ձեռնարկին Բ. Բանախօս Այնճարի քաղաքապետ՝ ընկեր Վարդգէս խօշեան փոխանցեց յատկապէս Արցախեան պատգամը: Ան ըսաւ թէ «Հայ ազգը որպէս շատ հին անցեալ ունեցող հաւաքականութիւն, պատմութեան ընթացքին միշտ գտնուած է ալեկոծ ովկիանոսին մէջ ծփացող նաւու մը նման, տատանումով, ու միշտ ընկղմելու սպառնալիքներու մարտահրաւէրներուն դիմաց պայքարելով, կրցած է պահել իր գոյութիւնը:Թիւով շատ են նման դէպքերը: Յաճախ պատերազմած ենք. Երբեմն նոյնիսկ բնաջնջման վտանգին մէջ գտնուած ենք, բայց երբեմն ալ իշխած ենք ու դարձած աշխարհակալ:»
Իր խօսքը շարունակելով ըսաւ, «Այսօր մենք կ'ոգեկոչենք վարդանանց ճակատամարտի, փետրուարեան ապստամբութեան եւ Արցախեան ճակատագրական հոլովոյթին առնչուող սխրանքներուն յիշատակը միասնաբար, որովհետեւ անոնք ունին հասարակ միեւնոյն յայտարարը, այն իմաստով, որ անոնք մեր հարցերուն դիպուկ կէտն են ու մեր գոյութեան հիմնական գրաւականը:»
Անդրադառնալով Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն Խօշեան ըսաւ «Խոր ցաւով անհուն ընդվզումով կը դատապարտենք Արցախի ներկայ կարգավիճակին ուղղակի եւ անուղղակի բոլոր դերակատարները: Երեք տասնամեակներ քար առ քար, տուն առ տուն, փողոց առ փողոց եւ շրջան առ շրջան հայկական շունչ տարածելու համայն հայութեան ճիգերը 44 օրերու ընթացքին յանկարծ կործանուեցան: Մենք ճակատամարտը կորսնցուցինք, կորսնցուցինք հողային ընդարձակ տարածքներ, որոնք 25-30 տարիներ առաջ երիտասարդներու արեամբ վաստակուած էին: Վարկաբեկուեցան ու աղաւաղուեցան մեր աւանդներն ու արժէքները, պղծուեցան մեր սրբավայրերը, բայց ամէն բանէ աւելի խորտակուեցաւ մեր յաղթանակելու կամքը եւ հոգին: Հայաստանէն մինչեւ հեռաւոր սփիւռք, ամբողջ հայութեան գերագոյն նպատակը, իր հաւաքական ճիգերով իրականացած գերխնդիրը, որ մեր ազգին հպարտութեան եւ արժանապատուութեան գրաւականն էր, ինչ հեշտանքով, յանկարծ գիշերային շտապ համաձայնութեամբ մը կը ստորագրուի անոր յանձնումը:Խաբէութեամբ բնորոշուող այս քայլը յատուկ է դաւաճաններու, որոնք լեռնային Ղարաբաղի ազատագրութեան հոլովոյթին ոչ ծանօթ են ոչ ալ գիտեն անոր շեշտաւորուած անհրաժեշտութիւնը մեր ազգային իրականութեան մէջ:»
Պատգամախօսէն ետք Այնճարի հայ աւետարանական վարժարանի աշակերտուհիներէն՝ Սոֆի Գալուստեան եւ Գարլա Գէորգեան ասմունքեցին Ժագ Ս. Յակոբեանի «Մենք» բանաստեղծութիւնը:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ հոգեւոր հայրերու «Պահպանիչ»ով:
27463980586389750594776543817965889726787220n
2747148318638975326144294402757980778858060n
27465053586389755494776055255658423688114308n
27453280986389782128106722009725943926909716n
27474825386389771094774492052261984324368894n
27469703186389786628106274409688535103189327n
27460875286389761228108817277388433138251916n
27459938986389788794772721212448530478310569n
27453123686389784494773153362978733080396723n-1
27470155186389792194772387144777628296670408n

May be an image of text

May be an image of text

Սիրելի հայրենակիցներ,
Վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին քորոնայով վարակուած են հետեւեալ հայրենակիցները `
1) Փոլ Տեքերմէնճեան
2) Դրօ Պագալեան
3) Անի խամիսեան
4) Արփի Պէքարեան
5) Յակոբ Պէքարեան
6) Սագօ Հապէշեան
7) Արաքս Խօշեան
Առողջութիւն կը մաղթենք բոլորին եւ կը թելադրենք ըլլալ զգոյշ եւ անհրաժեշտութեան պարագային կապ հաստատել մեզ հետ հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերուն` ԼՕԽ։08621946 Քաղաքապետարան: 08620790
Ոստիկանութիւն։ 08620791-81396488
10/2/2022
Այնճարի Քորոնա համաճարակի Յանձնախումբ

May be an image of text

?>