Կիրակի ,13 Մարտ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, Այնճարի հարազատ զաւակ եւ ազգի նահատակ՝ ընկեր Զաւէն Թաշճեանի յիշատակին:
Ապա ներկաները ուղղուեցան «Ս. Զէյթլեան» կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ հոգեսուրճի հաւաք՝ ընտանեկան պարագաներուն, ընկերներուն եւ հայրենակիցներու ներկայութեան։
ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անունով խօսք առաւ ընկեր Եսայի Հաւաթեան։
Նախ ընկեր Զաւէն Թաշճեանի կեանքէն դրուագ մը պատմելով, բոլորին մտքերուն մէջ վերաթարմացուց ընկերոջ անմահ յիշատակը,անոր նուիրուածութիւնն ու հայրենասիրութիւնը։ Որմէ ետք ըսաւ «ճիշդ է որ ընկեր Զաւէնը նահատակուեցաւ, բայց չմեռաւ. Ան չմեռաւ որովհետեւ 36 տարիներ անցած են իր նահատակութենէն, սակայն գիտենք որ ինք հոս է՝ մեր մէջ ,մեր բոլորին սրտերուն եւ մտքերուն մէջ։ Չմեռաւ՝ որովհետեւ իր ընկերները, յատկապէս մեր հայրենակիցները ,զգացին այն ցաւը երբ ընկեր Զաւէն նահատակուեցաւ ազգին համար։ Ընկեր Զաւէնի նման նահատակները ազգին համար անմահ են, հոգի են, ճամբու քարտէս են։ Լոյս իջնէ ընկեր Զաւէն Թաշճեանի հոգւոյն»։
Հաւաքը վերջ գտաւ Գերշ. Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեանի «պահպանիչ»-ով։