Լուրերու Արխիվ
 
Երեքշաբթի 8 Մարտ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահէն ներս, կանանց միջազգային օրուան առիթով, Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց հանդիսութիւն մը:
Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի ատենապետուհի՝ ընկերուհի Անի Քէօշէեան եւ ըսաւ, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս կու գանք նշելու Մարտ ամսուան ամէնէն նշանակալից տօներէն «Կանանց Միջազգային Տօն»-ը, վեր առնելով՝ կին դասակարգի ձեռք ձգած նուաճումները կեանքի զանազան բնագաւառներէն ներս: Իր խօսքը շարունակելով ըսաւ հայոց պատմութիւնը կը վկայէ, թէ հայ կինը իր ուժեղ մասնակցութիւնը բերած է հայրենիքի պաշտպանութեան առաքելութեան մէջ: Ունեցած ենք յայտնի եւ անյայտ հերոս կիներ, որոնք հայրենիքի ազատագրման գործընթացին մէջ թեւ ու թիկունք կանգնած են հայ ազատամարտիկին:Խօսքի աւարտին ընկերուհին բարեմաղթանքներ ուղղեց բոլոր ներկայ կանանց:
Ապա, Հայկ Քէշիշեան սրինգի վրայ նուագով մը հանդէս եկաւ որմէ ետք Արտակ Կէօքճեան ասմունքեց Կանանց նուիրուած բանաստեղծութիւն մը:
Օրուան Պատգամախօս՝ գերապատիւ Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան անդրադառնալով այս օրերու դժուարութեանց ,յայտնեց թէ «կանայք այսօր, այս օրերուն տառապանքի եւ դժուարութեանց մէջ կը կոչեմ յոյսի նշոյլ. Յոյս մը որ երբեք յուսախաբ չ'ըներ իր հարազատները, շրջապատը եւ միջավայրը: Կը մտածէի թէ ինչպէս կրնամ արժեւորել կամ ներկայացնել կին արարածին դերը եւ դերակատարութիւնը այս կեանքին մէջ եւ երկար մտածումներէ վերջ յանգեցայ այն իրականութեան որ իսկապէս ինչ որ լաւ բան կը կատարուի մեր կեանքին մէջ, անոր ետին կանգնած է իգական սեռը՝ կինը, մայրը եւ քոյրը»:
Իր խօսքը շարունակելով հայր սուրբը հաստատեց որ «մայրը՝ապաստան է եւ հոգերու շտեմարան տան մէջ, կինը՝ տան օճախն է եւ ընտանիքի սիւնը, քոյրը՝ թիկունքն է տան եւ երկրորդ մայրը, իսկ դուստրը՝ տան ուրախութիւնն ու հպարտութիւնն է»:
Պատմութեան էջերուն անդրադառնալով դիտել տուաւ ներկաներուն կանանց էական դերը ու ըսաւ. «Իգական սեռի դերակատարութիւնն ու ներկայութիւնը մեր ազգային, կրօնական մշակութային, եկեղեցական եւ բոլոր ասպարէզներուն մէջ մնայուն ներկայութիւն եղած է նոյնիսկ նախապէս որ արգիլուած էր անոնց ներկայութիւնը ընտրական գործերուն մէջ, այսօր բարեբախտաբար առիթը ունին գործելու տարբեր մարզերու մէջ, որովհետեւ մարդիկ այլեւս չտեսան կնոջ միայն կին ըլլալը, այլ անոր մէջի ուժը, առաքելութիւնն ու բանականութիւնը»: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց ներկայ կանանց ըսելով. «Այսօր այս առիթով, որպէս նուէր, գնահատանք եւ արժեւորում, միայն ու միայն աչքերս երկինք բարձրացնելով կը խնդրեմ Աստուծմէ որ այն նուէրը որ կոչած է մայր, կին եւ ղրկած է աշխարհ մեր իւրաքանչիւրիս համար, պահէ պահպանէ առողջ, յաջող եւ երջանիկ, բանալով մեր մտքերն ու սրտերը որ տեսնենք միայն անոնց սրբութիւնն ու օրհնութիւնը»:
Պատգամախօսէն ետք տիկին Թալին Շիրինեան-Տուտագլեան մեներգեց աշուղական երկու երգեր, որմէ ետք Գօգօ Պալապանեան Կիթառով եւ բերնի պզտիկ երգիոնով (Harmonica) ելոյթ ունեցաւ, եւ Արտակ Կէօքճեան ասմունքեց կնոջ նուիրուած այլ քերթուած մը:
Այնուհետեւ, Գերշ. Վարուժան Արք. Հերկելեան նախ իր շնորհակալական խօսքերը փոխանցեց Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան, դաստիարակչական յանձնախումբին եւ ձեռնարկի մասնակիցներուն: Ապա իր պատգամը փոխանցելով սրբազան հայրը անդրադարձաւ Սուրբ Աստուածամօր կատարած բազմաթիւ օրինակելի դրուագներուն, ու ըսաւ թէ Մարիամ Յիսուսը իր «անօթ»ին մէջ գրկելու ընտրութիւնը ունեցաւ, եւ այդ պատճառով շատ քիչ տարբերութեամբ մը յատուկ էր աշխարհի բոլոր կիներէն։ Աստուածամայրը ունէր հոգիի հանգստութիւն, Աստուածապաշտութեամբ,բարութեամբ եւ պարզութեամբ: Իր խօսքը շարունակելով ան ներկայ կանանց յայտնեց «Դուք պէտք է աշխարհահայեաց ըլլաք Սուրբ Աստուածամօր նման, որովհետեւ կինն է որ կրնայ մօտէն զգալ ամէն բան. Բարիքներ գործեցէք, օգնեցէք ուրիշերուն եւ այդպէս է որ դուք եւս պիտի ունենաք հոգեկան հանգստութիւն եւ խաղաղութիւն»: Վերջապէս սրբազան հայրը բոլոր կանանց յատկապէս ներկաներուն մաղթեց բազմաբեղուն եւ առողջ տարիներ:
Ձեռնարկը Փակուեցաւ գիւղի հոգեւոր հայրերու «Պահպանիչ»ով:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ բոլոր ներկայ կանայք վարձատրուեցան ծաղիկներով:
27560311046762052991436558368592170718251543n
27556075246762057924769391318568459822684529n
2753044444676205962476922123864163013593911n
27549470746762189191422935836717083619252798n
27530220946762061691435681734981543040549711n
27551449146762056358102887348771298123346963n
27532306046762054824769703741975576190966227n
27539301946762060691435783489943156792084000n
27542802346762190791422771196791367930034366n
?>