Կիրակի՝ 17 Ապրիլ 2022-ին Այնճարի երեք համայնքներու եկեղեցիները նշեցին Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան տօնը, Սուրբ Զատիկը:
Այնճարի Հայ Առաքելական «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աւագ միաբաններէն՝ գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան: Ներկայ էին մեծ թիւով հաւատացեալներ։
Յետ Ս. պատարագին, ներկաները ուղղուեցան «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահ, առաջնորդութեամբ՝ դպրաց դասին եւ Հոգեւոր Հօր ուր ունեցան հաւկթամարտ:
Այնճարի Հայ Կաթողիկէ «Ս.Աստուածածնայ Տիրամայր» եկեղեցւոյ մէջ նաեւ կատարուեցաւ Ս. Զատկուայ արարողութիւն գլխաւորութեամբ՝ Հայր Մեսրոպ Վրդ. Թօփալեանի, որմէ ետք բոլոր հաւատացեալները ուղղուեցան դէպի «Աղաճանեան» սրահ ուր տեղի ունեցաւ հաւկթամարտ։
Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ պաշտամունք, իսկ օրուայ պատգամը փոխանցեց, եկեղեցւոյ հովիւ՝ Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան, որմէ ետք բոլոր ներկաները հիւրասիրուեցան եկեղեցւոյ բակին մէջ։
Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց: Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:











