Կազմակերպութեամբ Այնճարի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին, Չորեքշաբթի՝ 13 Ապրիլ , 2022-ին կէսօրէ ետք , տեղի ունեցաւ Զատկուայ առիթով մանուկներու յայտագիր մը Դալար անկիւնի շրջափակին մէջ։ Ներկայ էին աւելի քան 130 փոքրիկներ։ Յայտագրի ընթացքին փոքրիկները մասնակցեցան զանազան խաղերու , ձեռային աշխատանքներու եւ հաւկթամարտի, ինչպէս նաեւ ճոխացուցին մթնոլորտը երգերով ու պարերով ։ Յայտագիրը ընթացաւ ուրախ մթնոլորտի մը մէջ։ Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։



