ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն համայն Այնճարի ժողովուրդին անունով կը շնորհաւորէ, ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածու` պրն. Ճորճ Պուչիկեանի յաղթանակը 15 մայիս 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն (Զահլէի հայ առաքելական աթոռին), մաղթելով անոր կանաչ եւ բարեբեր ճանապարհ։
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ ընտրական յանձնախումբերուն, երեքշաբթի, 10 մայիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ընտրական ժողովրդային հաւաք:
Ձեռնարկը ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին կողմէ նուագուած Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով:
Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Արտակ Կէօքճեան, որ դիտել տուաւ, թէ, ինչպէս միշտ, այսօր եւս ՀՅԴ-ն կը բարձրացնէ յանուն հայութեան պայքարի իր դրօշը տարբեր ճակատներու վրայ` Արցախ, Հայաստան եւ Լիբանան: «Այսօր հաւաքուած ենք զօրակցելու սփիւռքի մէջ հայապահպանման, հայ ժողովուրդի գոյութեան ջահը յաւերժօրէն վառ պահող կուսակցութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան», հաստատեց ան: Կէօքճեան նշեց, թէ տագնապալի այս օրերուն, ճիշդ է, որ բոլորս մտահոգ ենք մեր առօրեայով, սակայն մեր միահամուռ ջանքերով պիտի փորձենք փարատել մեր բոլոր մտավախութիւնները, ձեռք-ձեռքի տալով` ՀՅԴ-ի հովանիին տակ, մեր քուէներով պիտի սատարենք Լիբանան հայրենիքի վերականգնման եւ տէր ըլլանք մեր ազգային արժանապատուութեան: Խօսքը եզրափակելով ան կոչ ուղղեց բոլորին` միասնաբար զօրակցելու Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածուներուն եւ յատկապէս Պեքաայի ընտրաշրջանի ՀՅ Դաշնակցութեան թեկնածուին` Ճորճ Պուչիքեանին:
ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի խօսքը ուղղեց կոմիտէի անդամ Եսայի Հաւաթեան, որ ըսաւ, թէ Լիբանանի մէջ հայութիւնը` իբրեւ գլխաւոր համայնքներէն մէկը, ունի իրաւունքներ, նաեւ` խորհրդարանին մէջ ներկայութիւն ըլլալու: Ան հաստատեց, որ ընտրութիւնները մեծ նշանակութիւն ունին ամբողջ հայութեան համար, նոյնիսկ` Հայաստանի եւ Արցախի:
Անդրադառնալով Այնճարին` Հաւաթեան ըսաւ, որ լիբանանեան այս դժուար պայմաններուն մէջ գոյատեւող եւ պայքարող մեր ժողովուրդին ծառայութեան կոչուած են գիւղի բոլոր միութիւններն ու հաստատութիւնները, ամէնէն աւելի` ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն: Ան դիտել տուաւ, թէ այս ընտրութիւններուն առաջին անգամ ըլլալով իսկական յոյս ունինք, որ մեր թեկնածուն յաջողի բոլորիս զօրակցութեամբ. «Մուսալեռցի մեր հայրենակիցները միշտ տուած են իրենց միասնական ուժի օրինակը բոլոր դժուար պայմաններուն, հիմա եւս մենք կոչուած ենք ցոյց տալու մեր ուժը, որ մեր միասնականութեան մէջ է: Բոլորս միասին ատիկա պիտի ընենք, ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր եւ վաղը»: Իր խօսքը աւարտելով` Ե. Հաւաթեան կոչ ուղղեց ըսելով. «Պատրա՛ստ պայքարի եւ յաղթանակի, բոլորս անխտիր կիրակի օր դէպի քուէատուփ` մեր քուէն Ճորճ Պուչիքեանին, մեր քուէն Դաշնակցութեան»:
Ապա ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ Դաշնակցութիւնը թէ՛ պատմականօրէն եւ թէ՛ ներկայ ժամանակներուն միշտ փաստած է, որ առաջին գիծի վրայ է, երբ հնչած է ժողովուրդի կարիքներուն փութալու զանգը` կենցաղային ըլլան անոնք, տնտեսական թէ ապահովական` աւելցնելով, որ միշտ պատնէշի վրայ գտնուած Դաշնակցութիւնը տուած է եւ կու տայ իր լաւագոյնն ու առաւելագոյնը: Իր խօսքը աւարտելով` Թաշճեան ըսաւ. «Անհրաժեշտ է բոլորիս համախմբումը, բոլորիս ընդառաջումը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կոչին, բոլորիս զանգուածային եւ միանշանակ մասնակցութիւնը քուէարկութեան: Դաշնակցութեան թեկնածուին ընտրուիլը յաղթանակն է կուսակցութեան, գիւղին, ժողովուրդին, համայնքին. այո՛, նաեւ սփիւռքին եւ համայն հայութեան: Ուրեմն բոլորս քուէարկենք 15 մայիսին Ճորճ Պուչիքեանին, որպէսզի անխախտ մնայ մեր դրուածքը, մեր դրութիւնը, մեր համայնքի կառավարման համակարգը: Որպէսզի անգամ մը եւս ձախողին բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն հարուածել Դաշնակցութիւնը եւ անորոշ ճակատագիրի յանձնել համայնքի ներկայացուածութիւնը: Մենք համոզուած ենք, որ արժանավայել ձեւով պիտի շարունակենք ծառայել Այնճարին, Պեքաայի մեր ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս լիբանանահայութեան: Ձեր քուէն հիմնական գործօնն է այս առաջադրանքի իրականացման: Կեցցէ՛ լիբանանահայութիւնը, որ համաժողովրդային շարքերով պիտի մերժէ զինք հարուածելու բոլոր փորձերը»:
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածու Ճորճ Պուչիքեան, որ դիտել տուաւ, թէ մինչեւ այսօր միշտ եղած ենք ժողովուրդի կողքին ու պիտի շարունակենք միասին ըլլալ եւ օգտակար դառնալ մեր ժողովուրդին: «Մեր գրասենեակներուն եւ ակումբներուն դռները միշտ բաց են մեր ամբողջ ժողովուրդի զաւակներուն համար», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Միասի՛ն, երէկ, այսօր եւ մի՛շտ» կարգախօսը միայն ներկայ փուլին համար չէ, այլեւ անիկա միշտ եղած է մեր աշխատելաձեւը: Իր խօսքի աւարտին ան ըսաւ. «Մենք մեր
կարելին պիտի ընենք, որպէսզի Այնճարի հայկական դիմագիծը պահենք եւ սատար պիտի հանդիսանանք Այնճարի ժողովուրդին` հոգալով անոր բոլոր կարիքները»:
Իր սրտին խօսքը ուղղեց Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեան, որ ըսաւ, թէ ՀՅԴ-ն երբեք չէ սխալած, ո՛չ ալ կը սխալի, եթէ ինք որոշած է Ճորճ Պուչիքեանի թեկնածութիւնը, կը նշանակէ, որ լաւագոյնն է, միակն ու անփոխարինելին: Հայր սուրբը կոչ ուղղեց բոլորին` ըսելով. «Եթէ իսկապէս մեզմէ իւրաքանչիւրին համար կարեւոր է եկեղեցին, ազգը, հայրենիքը, հայ երիտասարդը, կուսակցութիւնը, բոլորս կիրակի օր, առանց մտածելու, վերցնելով մեր անձնաթուղթերը պիտի երթանք եւ հպարտութեամբ, իբրեւ յաղթող հայեր պիտի քուէարկենք Ճորճ Պուչիքեանին»: Իր խօսքի աւարտին Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան հաստատեց. «Այսօր մեզ միացնողը այստեղ Դաշնակցութիւնն է, ամէն հայու սրտէն ժայթքող արիւնն է, պողպատեայ բռունցքով մեր կամքն է այսօր, յաղթանակը ապահովելու»:
Գեղարուեստական յայտագիրով մը հանդէս եկան Հրաչ Կայծակեան, Շաքէ Պաղտասարեան, Յովնան Քէշիշեան եւ Մարիա Աբէլեան` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանին, որոնք ազգային եւ յեղափոխական երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը: