3 յուլիս 2022-ին տեղի ունեցաւ Զահլէ քաղաքի եւ արուարձաններու թաղապետներու խորհուրդի ընդհանուր ժողովը:
Խորհուրդին անդամակցած են 103 թաղապետներ, որոնք երեք տարին անգամ մը կ՛ընտրեն իրենց վարչութիւնը: Վերջին ընտրութիւնը տեղի ունեցած էր 2018-ին: Այս տարուան ընտրութիւնները մէկ տարիով յետաձգուած ընտրութիւններն են` «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով:
3 յուլիս 2022-ին տեղի ունեցած Զահլէ քաղաքի եւ արուարձաններու թաղապետներու խորհուրդի ընդհանուր ժողովին ընտրուեցաւ խորհուրդը ներկայացնող վարչութիւն մը, որուն մաս կը կազմէ Այնճարի թաղապետ ընկեր Յարութ Լաքիսեան, որ նաեւ ընտրուեցաւ պետութեան մօտ խորհուրդի ներկայացուցիչ:
Շաբաթ 2 Յուլիս 2022-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կազմակերպութեամբ համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի մշակութային յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ յուշ- երեկոյ` նուիրուած բժիշկ Յարութիւն Նագուլեան բանաստեղծին։
Յայտագիրը տեղի ունեցաւ բանաստեղծին տան պարտէզին մէջ։
Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան անունով բացման խօսք արտասանեց Գօգօ Սգայեան։ Որմէ ետք գեղարուեստական յայտագիրի Ա. բաժինով հանդես եկաւ Հելենա Քերքեզեան, նուագի դասական կտորով մը։ Ապա ընկեր Եսայի Հաւաթեան ներկայացուց բժիշկ Յարութիւն Նագուլեան բանաստեղծին 3 գիրքերը, որուն ընթացքին Միսաք Անտոնեան ասմունքեց բանաստեղծին գիրքերէն հատուածներ։ Այնուհետեւ գեղարուեստական Գ. բաժինով Մարիա Աբէլեան մեկնաբանեց Նարէ Գէորգեանի «Կառնի» երգը, նուագի ընկերակցութեամբ Հելենա Քերքեզեանի։ Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան։
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։