Աւանդութիւններ

Սուրբ Սարգիս

Սուրբ Սարգիսի տօնին սովորութիւն էր ՔՈՒՄՊՈՒ շինել: Քումպուն շուրջ 10 սմ. թանձրութեամբ եւ 40 սմ. շրջագիծով հաց մըն է, որուն վրայ, խմոր եղած ատեն, ընտանիքի անդամներուն թիւով փոսիկներ կը բանային, որոնց մէջ կը տեղաւորէին նոյն ընտանիքի շարժուն եւ անշարժ հարստութիւնը խորհրդանշող իրեր: Սոյն կարգադրութիւնը կ՛ըլլար ծնողքին կողմէ միւս անդամներէն գաղտնի: Սոյն գործողութենէն ետք Քումպան կը պատէին Լըվակ կոչուած բոյսին տերեւներով, որ եփելու ատեն չայրի: Ապա կը թաղէին զայն առատ մոխիրով կրակի մը մէջ որ եփի: Յաջորդ առաւօտ Քունպան կը հանէին եւ դանակով մը կը բաժնէին մասերու, այնպէս որ իւրաքանչիւր կտորի վրայ խորհրդաւոր իրերէն մէկը պահուած ըլլար: Ապա ամէն անձ իր նախասիրած կտորը կ՛առնէր: Վայ անոր որուն առած կտորին մէջ դրամը խորհրդանշող իրը ըլլար. Ընտանիքի բոլոր անդամները կը պոռային «ծովը նետեցէ՛ք , ծովը նետեցէ՛ք ...»: Յատկանշական երեւոյթ է, որ փոխանակ բախտաւորութեան ՝ դժբախտութեան չարագուշակ իմաստ տրուած է դրամին՝ որուն ՏՈՒԼՈՒԹ (բախտ) անունը տրուած էր:

Սուրբ Սարգիսի Ժայռափոր Քարայրը Քեպուսիէի ձորին մէջ

Մուսալեռ

?>