Հերոսամարտ

Հերո Բ. բաժին

Ի տես այս ռմբակոծումներուն ժողովուրդին խանդավառութեան չափ ու սահման չկար: Տէր Աբրահամ քահանան այդ պահուն իր համագիւղացի քանի մը աչքառու անձերուն հետ՝ բարձր բլուրի մը վրայէն կը դիտէր ոգեւորիչ տեսարանը:

Գաբիթէն Պրիսոնի Կիւշէն մարտանաւը եւ այլ զրահաւորներ գրեթէ ամէն օր կը յայտնուէին Մուսա Լերան դիմաց:

Մեծ ուրախութեան հետ մեծ մտահոգութիւն մը դեռ կը ճնշէր հոգիներուն վրայ: Թշնամին արագ եւ մեծ շարժումներ կը կատարէր ՝ վերջին վճռական հարուածը տալու համար: Եւ յիրաւի, Սեպտեմոեր 7-ին յարձակում մը կը սկսի շէյխ Օրտուի ուղղութեամբ: Պէտք է տեսնել մեր տղոց ինքնավստահ եւ խանդավառ կռիւը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյ: Կիւշէն յածանաւը ծովեզերքին շատ մօտիկ խարսխած կը հետեւէր կռուի ընթացքին: Անոր ներկայութիւնը մեծապէս կը բարձրացնէր մեր մարտիկներուն կորովը, եւ կը զօրացնէր կռուելու թափը:

Այնպէս որ երեկոյեան թշնամին լերան բարձունքներէն վար կը շպրտուէր: Թշնամիին կորուստները շատ էին, իսկ մեր կողմէն ոչ մէկ վիրաւոր:

Պատերազմի ատեն վրայ հասաւ նաեւ Ժանտարգ յածանաւը, որուն մէջ կը գտնուէր ֆրանսացի Դեր. Ծովակալ Տարթիժ Տիւ Ֆուռնէն: Վեր. Տիգրան Անդրէասեանի գլխաւորութեամբ յանձնախումբ մը կը ներկայանայ ծովակալին՝ Ժանտարգի վրայ: Բացատրութիւններ կը տրուին իրեն թուրքիոյ հայաջինջ քաղաքականութեան մասին, որուն հետեւանքն էր Մուսա Լերան գոյամարտը: Գոհացուցիչ բացատրութիւններ կը տրուին նաեւ մղուած ճակատամարտերու, պարէնաւորման, ժողովուրդի բարոյական կորովի, զէնքի ու զինամթերքի մասին: Ծովակալը կը թելադրէր անմիջապէս ժողովուրդին թիւը ճշդել, եւ յանձնել գաբիթէն Պրիսոնին:

Յանձնախումբը փափաք կը յայտնէ կռիւը շարունակել, խնդրելով որ ծերերը, կիները եւ երեխաները ապահով վայր մը փոխադրուին եւ զէնք ու զինամթերք, պարէն եւ զինուորական օգնութիւն տրամադրուի մարտիկներուն: Ծովակալ Տիւ Ֆուռնէ հիացած կը դիտէր իր դիմաց կեցող լեռնական այս պարզ բայց քաջարի մարտիկները: Փրկութեան ապահովութիւն ստանալով՝ յանձնախումբը հրաժեշտ կ՛առնէ Ծովակալ՝ Տիւ Ֆուռնէէն:

Այդ օրերուն յաջորդաբար երեք նամակներ կը հասնէին Տամլաճըգ, ստորագրուած մեր ժողովուրդին մօտէն ծանօթ տոքթ. Բենիամին Գայըքճեանի եւ թրքական բանակի հազարապետ՝ Րիֆաթի կողմէ: Առաջինը իբրեւ թէ սրտցաւօրէն կը խրատէր լեռնէն իջնել եւ յանձնուիլ թուրք հայրախնամ կառավարութեան՝ ապաւինելով անոր ներողամտութեան: Իսկ երկրորդով՝ հազարապետ Րիֆաթ կը թելադրէր անձնատուութիւն, այլապէս ամէն ինչ պատրաստ էր մեզի փճացնելու համար: Դեռ այս նամակներուն մերժողական պատասխանը չպատրաստուած՝ թրքական յարձակումը կը սկսի երեք ճակատներէ միասնաբար: Յարձակողներէն երեք քառորդը ժողովրդային խուժան էր: Ահա թէ ինչու այս ճակատամարտը հարսանեկան խրախճանքի պէս կը թուի մեր տղոց: Մէկը կ՛երգէր միւսը կը հայհոյէր, ուրիշ մը գոռ ձայնով հեգնական արտայայտութիւններ կ՛ունենար: Թշնամիին դիմադրութիւնը այս անգամ երկար չի տեւէր. Միայն 7 ժամ: Խուժանը իրապէս խուժանային վիճակի կը մատնուի:

Այդ օրերուն երկու նահատակ ունեցանք, մէկը ծանրօրէն վիրաւոր՝ մահացաւ նաւուն վրայ:

Սեպտեմբեր 5-էն սկսեալ, գրեթէ ամէն առաւօտ, Կիւշէն զրահաւորը, յաճախ ընկերակցութեամբ ուրիշ զրահաւորի մը, մեր դիմաց կը յայտնուէր, կարծես ըսելու համար՝ «մենք հոս ենք, մի՛ վախնաք»:

Չորրորդ եւ վերջին ճակատամարտէն յետոյ, Տէզէքս եւ Կիւշէն մարտանաւերը նորէն խարսխեցին մեր դիմաց: Շոգեմակոյկներով կապ հաստատեցին մեր պահակներուն հետ: Երբ իմացան վերջին փարահեղ յաղթանակին մասին, իրենց խնդակցութիւնը յայտնելով ըսին, «հիմա կարգը մերն է, բարձրացէք բլուրներուն գագաթը եւ դիտեցէք պարզուող տեսարանը»:

Այս լուրը իմանալով, բոլորը, անօրինակ խանդավառութեամբ կը դիմեն լեռնագագաթները: Երկու մարտանաւերը դանդաղօրէն կը յառաջանան դէպի հարաւ. կանգ կ՛առնեն Լեւշիէի դիմաց: Կը ցնցուի առաջին մարտանաւը, թնդանօթը կը պայթի. Թանձր մուխ ու փոշի կը բարձրանայ թրքական զօրանոցին մէջ: Կը ցնցուի երկրորդ մարտանաւը, նորէն ծուխ ու փոշի, այս անգամ կառավարչատան վրայ ու այսպէս փոխն ի փոխ կը հարուածուին նաեւ զինուորական այլ համախմբման վայրեր: Ապա վերադարձի ճամբուն վրայ մարտանաւերը պահ մը կը կենան Քէպուսիէի գիւղին դիմաց ու կը սկսին հարուածել հոն գտնուող թրքական զինուորական կեդրոնական վայրերը: Ապա թնդանօթներու թիրախ կը դառնայ Գապագլը թրքական գիւղը, որ այդ օրերուն թրքական զօրանոցի մը վերածուած էր: Լեռը կը թնդար ուրախութեան ու գոռ վրէժի աղաղակներով: Մահուան ճիրաններէն ճողոպրած ժողովուրդի հոգին էր, որ կը պորթկար անհակակշռելի իր զգացումները:

Փրկութեան ժամը հնչած էր: Մունետիկները ժողովուրդին կը հաղորդէին, որ ամէն մարդ Սեպտեմբեր 12-ի առաւօտուն պէտք է ծովեզերք գտնուի: Հինգ ֆրանսական նաւեր խարսխած էին ծովուն բացերը: Այդ առաւօտ պատուաւոր մահուան յանձնառութիւնը ընդունած ժողովուրդ մը վերստին կեանքի պիտի դառնար: Հրաշքը կատարուած էր: Կապոյտ Ծովէն փրկութեան ճամբայ բացուած էր: Ով կրնար չափել այդ պահուն ժողովրդային գրգրուած զգացողութեան խորութիւնը:

Հակառակ ծովուն ալեկոծ ըլլալուն, շոգեմակոյկները իրենց ետեւէն պարզ նաւակներ քարշ տալով, մեծ դժուարութեամբ ժողովուրդը դէպի նաւեր կը փոխադրէին: Փոխադրութիւններու գործողութեան պատասխանատու նշանակուած էր Տէզէքս մարտանաւի հրամանատար՝ Վերկոսէ, օգնական ունենալով հայ ծովասպայ մը՝ Շարլ Տիրան Թէքէեան, որ մեծ ծառայութիւն մատուցեց մեր ժողովուրդին: Այդ օրուան փոխադրուողներուն թիւը 3 հազար պիտի ըլլար , իսկ երկրորդ օրը ժողովուրդին մնացեալ մասը պիտի փոխադրուէր՝ ապա կարգը պիտի գար մարտիկներուն, որոնք մինչ այդ ժողովուրդին հսկող անքուն պահակներն էին:

Նախատեսուած ժամանակին փոխադրութեան փրկարար գործը աւարտած էր: Կրակի տրուած էին ծովեզերքը դիզուած ժողովուրդին գոյքերը եւ գնդացիրի բռնուած էին դեռ ողջ մնացած կենդանիները, որ թշնամին չկարենայ տիրանալ անոնց:

Ժողովուրդը, նաւերուն վրայէն, հրաժեշտի վերջին աչք մը կը նետէ ամայացած ու տխրօրէն մշուշուած սիրելի լերան վրայ: Նաւերը կը շարժին: Հոգիները յուզումէն կը կծկուին ու կը պորթկան:

-Մնաս Բարով Հայ Լեռ, Հայու Լեռ...

1915-ի Մուսա-Լերան Հերոսամարտի Նահատակ Հերոսները

  1. Յակոբ Գարակէօզեան (1880-1915)
  2. Յովհաննէս Գուճանեան (1874-1915)
  3. Գրիգոր Նգրուրեան (1875-1915)
  4. Ճապրա Խէյօեան (1887-1915)
  5. Սարգիս Շաննագեան (1880-1915)
  6. Պետրոս Փէնէնեան (1855-1915)
  7. Համբարձում Խօշեան (1874-1915)
  8. Գրիգոր Գպուրեան (1854-1915)
  9. Աբրահամ Սէքլէմեան (1893-1915)
  10. Յովհաննէս Լուրջեան (1891-1915)
  11. Միսաք Պայրամեան (1897-1915)
  12. Պետրոս Հաւաթեան (1882-1915)
  13. Սամուէլ Պօյաճեան (1874-1915)
  14. Սամուէլ Մարգարեան (1891-1915)
  15. Պօղոս Անտէքեան (1894-1915)
  16. Յաբեթ Վանայեան (1889-1915)
  17. Պաղտասար Մարտիկեան (1886-1915)
  18. Յակոբ Հաւաբեան (1885-1915)

(Աղբիւր՝ «Մուսա Լերան Պապենական Արձագանգներ» Թ. Հապէշեան)

Մուսալեռ