Առաջին Բախում
Օգոստոս 7:
Թշնամի զինուորական ջոկատ մը, առաջնորդութեամբ Լեւշիէ գաւառի հայատեաց միւտիր Խալէտի, Եօլ Աղըզէն կը բարձրանայ լեռ, որպէսի «սա բուռ մը խեղճ ու կրակ հայերը ոչխարի պէս լեռնէն վար քշէ եւ գաղթի ճամբաներուն վրայ նետէ»: Թշնամիին համար մեծ կ՛ըլլայ անակնկալը, երբ խրամապահ տղոց համազարկին կ՛ենթարկուի: Կռիւը կը տեւէ շուրջ վեց ժամ: Թշնամին տասնեակ մը մեռեալներ եւ կրկնապատիկ վիրաւորներ տալով, խուճապահար կը փախչի: Վեց հարիւր տարի ստրկութիւն շալկած ուսերը կը թեթեւնան: Դառնութեամբ լեցուն հոգիները կը հովանան՝ փախչող թշնամիին ետեւէն հայհոյանքներ պոռթկալով:
Օգոստոս 10:
Սպասելի էր, որ թշնամին աւելի գերակշիռ ուժով յարձակում գործէր՝ ջնջելու համար առաջին կռիւին իր կրած վարկաբեկիչ պարտութեան արատը: Այս անգամ յարձակումը կը գործուի Պագաճըգի կողմէն, շուրջ 5000 զինուորներով: Բերած էին նաեւ լեռնային թնդանօթներ, որոնք կը գործածուէին վախ ազդելու համար եւ մեր մարտիկներուն կորովը կոտրելու համար: Խաղը ապարդիւն կ՛անցնի, դիմադրութիւնը կ՛ըլլայ ուժեղ եւ մահացու: Օրուան կարգախօսն էր «խնայողութիւն զինամթերքի». Մէն մի գնդակ պէտք էր թշնամի մը փճացնէր: Թշնամիի ճնշումը շատ զօրաւոր ըլլալով մերինները թեթեւ նահանջ մը կը կատարեն՝ աւելի ամուր դիրքերու կառչելով:
Օրը ամպոտ էր, թանձր մշուշը պատած էր լեռը: Ասիկա ի նպաստ մեզի էր: Այս անծանօթ միջավայրին մէջ , թշնամին շփոթի կը մատնուէր: Տարօրինակ աշխարհի մը մէջ կորսուած կը կարծէր ինքզինք: Բայց դժբախտաբար կացութիւնը յանկարծ կը փոխուի ի վնաս մեզի: Կը սկսի տեղատարափ անձրեւ մը: Մեր տղոց զէնքերուն մեծ մասը բաղկացած ըլլալով որսի միափող եւ երկփող հրացաններէ, կրակելը անկարելի կը դառնայ՝ վառօդը եւ քափսիւլը թրջուելով կրակ չէին առներ: Բարեբախտաբար յունական Կրա զէնքերը եւ ատրճանակները նուազ կ՛ազդուէին անձրեւէն: Այս զէնքերով զինուած տղաքը կը կեդրոնանան թշնամիին դէմ: Կռիւը կը տեւէ 12 ժամ: Թշնամին բազմաթիւ մահեր եւ վիրաւորներ ունենալով, խուճապահար փախուստի կը դիմէ՝ մատնուելով երկրորդ եւ աւելի ամօթալի կացութեան մը: Այս Ճակատամարտի ընթացքին կ՛ունենանք չորս նահատակներ, առաջինը՝ աննման դաշնակցական Յակոբ Գարակէօզեանը (Ըլլօն), որ Մուսա Լերան ժողովուրդը զինելու եւ ըմբոստութեան մղելու կարեւոր դէմք եղած է: Այս աննման մարտիկը բացառիկ քաջութեան մը պահուն ծանրօրէն կը վիրաւորուի, ապա կը մեռնի:
Ճակատամարտի ամբողջ տեւողութեան տեղատարափ անձրեւը անդադար շարունակուեցաւ: Եղածը կարծես անձրեւ չէր, այլ ամպերն էին, որ պատառ-պատառ վար կ՛իյնային բացօթեայ մնացած ժողովուրդի մը վրայ: Կարծես նախախնամութիւնը փորձի կ՛ենթարկէր ժողովուրդի մը կամքն ու կորովը, տոկալու կարողութիւնը: Նոյնը պատահեցաւ նաեւ Պասիթ, 1939-ին, գաղթի ճամբուն վրայ: Աստուած այս ժողովուրդը գտնելով ամուր իր կամքին ու հաւատքին մէջ՝ իր հովանին բացաւ անոր վրայ:
Օրերը կ՛անցնին սպասողական անձկութեամբ: Կարծես ժամանակը տեղքայլի մէջ էր: Ամէն մարդ խոշոր հարցականի մը առջեւ կեցած էր. արդեօք վաղը չէ՞ ճակատագրական օրը:
-կրկնէ տղաս, «Կապոյտ Ծովէն մեզ փրկութեան դուռ մը բաց»:
- Կապոյտ ծովէն մեզ փրկութեան դուռ մը բաց:
Աշխարհային բոլոր հաշիւները չքացած էին. Կեանքի եւ մահուան միջեւ փոթորկահար ոգեղինացում մը կը թեւածէր Մուսա Լերան բարձունքներուն:
Թշնամին տակաւ կը մօտենար մեր ժողովրդային կայքին: Կատաղի ճակատամարտ մը կը մղուէր Թաթարալանկի բացատին վրայ: Ճակատագրական պահը կարծես մօտեցած էր: Եթէ հոս մեր տղոց դիմադրութիւնը կոտրէր՝ վա՜յ մեզի: Այր ու կին, մեծ ու պզտիկ, ամէնքը ճակատի վրայ էին: Ամէն մարդ իր կարելին կ՛ընէր թշնամին քայլ մը ետ մղելու համար: Սարսափելի էր յարձակումը, բայց զուսպ եւ նոյնքան սարսափելի էր հակահարուածը: Մութը վրայ կը հասնէր, թշնամին յամառօրէն կը շարունակէր Թաթարալանկը ճեղքելու եւ մեր դիրքերը գրաւելու ճիգը: Եւ յիրաւի գիշերային մթութենէն օգտուելով ան հասաւ իր նպատակին:
Մեր մարտիկները քանի մը մեթր նահանջելով նոր դիրքերու կարչեցան: Թշնամի ուժէն ուրիշ ուժ մը, առաջնորդութեամբ լերան ծանօթ երկու Քէպուսիէցի եղբայրներու, յայտնուեցաւ Տամլաճըքի կայքի անմիջական մօտիկը: Ծայր տուաւ ժողովրդային իրարանցում մը: Թռուցիկ խումբի քաջամարտիկներէն մաս մը վրայ հասաւ: Այս անգամ յարձակումը եղաւ մեր կողմէ: Թշնամին նահանջեց, երկու Քէպուսիէցի եղբայրները գերի բռնուեցան, ապա սպաննուեցան: Գիշերը, ինքնամփոփումի գիշեր եղաւ երկուստեք: Յաջորդ օրը արշալոյսին յարձակումը սկսաւ: Ճգնաժամային պահեր ստեղծուեցան: Ահաւոր էր վտանգը: Ամէնքը կը կռուէին ոգի ի բռին: Թշնամին քայլ առ քայլ կը յառաջանար: Մահուան մօտիկութիւնը մղձաւանջի վերածուեցաւ: Մարտիկները մինչեւ մահ պիտի կռուէին: Խուճապահար ահաւոր հոսանք մը ծայր տուաւ Տէր Աբրահամ Տէր Գալուստեանի առաջնորդութեամբ: Խելագարներու պէս կը վազէին կիներ, աղջիկներ, անոնց ետեւէն կը քաշկռտուէին պառաւներ, ծերեր եւ երեխաներ. Բոլորը կ՛երթային ծովու անդունդին յանձնուելու՝ թշնամիի ահաւոր անարգանքէն ազատուելու համար:
Ճակատամարտը կը շարունակուի վճռական, ահարկու բախումներով: Մեր մարտիկները տեսնելով, որ ճակատ-ճակատի կռիւը անիմաստ էր, կը դիմեն այլ ռազմավարութեան մը: Թանձր մշուշը եւ մթութիւնը օգտագործելով՝ քանի մը երիտասարդներ կ՛անցնին թշնամիին թիկունքը եւ կը սկսին կրակել: Թշնամին ինքզինք պաշարուած կարծելով խուճապի կը մատնուի: Երեկոյեան կիսամութին թուրք զինուորները կը սկսին զիրար կոտորել: Կը ստեղծուի անիշխանութիւն եւ շփոթ զինուորներուն մէջ, որուն կը հետեւի բանակի հրամանատար Ֆախրի փաշայի փախուստը: Այս ալ եղաւ չորրորդ ամօթը թուրք զինուորին: Կեանքի վերադարձած ժողովուրդին խնդութիւնը այդ գիշեր սահման չունէր: Բոլոր խուճապահարները վերադարձած էին իրենց խշտիները եւ հեւացող ուրախութիւն մը կ՛ապրէին: Բայց ահաւոր հարցականը միշտ կար, այսօր ալ այսպէս հապա վա՞ղը: Բայց Աստուած մեզի հետ էր, եւ եթէ Աստուած մեզի հետ էր ուրեմն վաղն ալ այսպէս պէտք է ըլլար: Մահուան յանձնառու այս ժողովուրդը իր քաջութիւնը պիտի չկորսնցնէր երբեք: