Մուսալեռէն Այնճար

Մուսալեռցիք Պասիթի Մէջ

Մուսալեռցիք Պասիթի մէջ մնացին 40 օրեր՝ ցախով կամ սաւաններով ծածկուած խցիկներու տակ: 40 դաժան եւ տխուր օրեր, բնութեան անշուք եւ մռայլ տեսարանին նման: Պասիթէն միայն ցաւալի յիշատակներ մնացած են ժողովուրդի յիշողութեան մէջ: Անօթեւան, ըմպելի ջուրի եւ սնունդի պակասէն տառապող ժողովուրդը, ենթակայ հեղեղանման անձրեւային տարափներու, շուտով թիրախ դարձաւ հիւանդութեանց եւ յատկապէս տիզանթերիին: Մանուկներուն մէջ համաճարակի ձեւ ստացաւ փորհարութիւնը: Հ. Բ. Ը. Մ.-ի Նպաստից Կեդրոնական Յանձնաժողովը, Լաթաքիոյ մէջ հիւանդանոց մը բացաւ, ուր փոխադրուածներուն թիւը անցաւ 200-ը : Ծանր հիւանդներ նոյնիսկ Պէյրութ փոխադրուեցան:

Շուրջ 5000 գաղթական մուսալեռցիներ, յատկապէս կրեցին հետեւանքը գիշերային անձրեւներու, որոնք ողբերգական պատկեր ստեղծեցին: Անմոռանալի մնացած է մինչեւ ոսկորները թրջուած ժողովուրդին «Պարը» թմբուկ-զուռնայի կշռոյթով (զոր այնքան գեղեցկօրէն նկարագրած է մուսալեռցի գրող Պօղոս Սնապեանը)՝ պար մինչեւ լուսաբաց... Հոս կ՛արժէ արձանագրել թէ հակառակ այս բոլոր իրողութիւններուն՝ ժողովուրդը երբէք չյուսահատեցաւ, այլ ուրախութեամբ դիմաւորեց թրքական իշխանութենէն ձերբազատուած ըլլալու իրողութիւնը: Այս ծանր պայմաններուն պատճառաւ կը մահանան 45 մուսալեռցի գաղթականներ:

Մուսալեռ