Լուրերու Արխիվ

Mesrob Lakissian

ՕՐԴ. ԱԶԱՏՈՒՀԻ ԶԱՐՈԻԿԵԱՆԻ ՉՈՐՍ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ՍԲ. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

Կիրակի, 16 Հոկտեմբեր 2016ին, Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Սուրբ Պատարագը մատոյց  Մուսալեռցի-Այնճարցի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեանը։ Պատարագին նախագահեց ու քարոզեց թեմիս առաջնորդ Բարձրշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանը։ Իր քարոզին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը մեկնեցաւ Ղուկասու Աւետարանի հատուածէն՝ Յիսուսի ժողովարան առաջին այցելութեան մասին, ու գեղեցկօրէն բացատրեց ու մեկնաբանեց Աստուածորդիին ընթերցումը Եսայի մարգարէի խօսքերուն։ Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ՝ երեք ընտանիքներու խնդրանքով: Նկարագրութիւնը ենթադրել կրնայ տալ, որ հաւատացեալները սովորական Կիրակի մը ապրեցան։ Խորքին մէջ, բնաւ սովորական օր մը չէր։ Պատարագի աւարտին, ըստ ընկալեալ սովորութեան, ներկաները իջան «Փաշալեան» սրահը, ուր ճաշի պատրաստութիւններ կատարուած էին։ Տ.Մեսրոպ Քհնյ. ողջունեց ներկաները եւ իր խօսքին մէջ բերաւ այրի կնոջ լումային օրինակը՝ լսարանին յիշեցնելով իւրաքանչիւր հաւատացեալի պարտականութիւնը՝ ըստ իր կարողութեան իր լուման ընծայելու եկեղեցւոյ պայծառութեան ու աստուածահաճոյ գործի շարունակութեան ի խնդիր։ Տէր Հայրը անմիջապէս աւելցուց. «Օրդ. Ազատուհի Զարուկեան չորս լումայ տուաւ»։ Պարզուեցաւ, որ «չորս լումայ» արտայայտութիւնը զուտ փոխաբերական իմաստ մը ունէր։ Ի յիշատակ իր ծնողաց՝ Գեղամ եւ Նեկտար Զարուկեանի, եւ եղբայրներուն՝ Արտաշէսի ու Յարութիւնի , օրդ. Ազատուհի Զարուկեան կատարած էր ՉՈՐՍ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ նուիրատուութիւն մը Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ։ Նման պարագաներու, «իշխանական» ածականը կը կցուի «նուիրատուութիւն» բառին, բայց այս անգամ, թերեւս աւելի արդար պիտի ըլլար... «կայսերական» ածականը գործածել։ Տէր Մեսրոպ բացատրեց, թէ նուիրատուութիւնը ի՞նչ պայմաններու տակ տեղի ունեցած էր՝ իր անսակարկ գնահատանքը յայտնելով նուիրատուի կատարած քայլին։ Անցեալ Մայիսին, ան բարերարուհիէն հեռաձայն մը ստացած էր՝ այցելութեան խնդրանքով։ Այցին ընթացքին, եկեղեցականը վերահասու դարձած էր օրդ. Զարուկեանի փափաքին՝ կարեւոր գումար մը նուիրելու Սբ. Լուսաւորիչին՝ բարեսիրական եւ կրթական նպատակներուն։ Յաջորդող ամիսներուն ընթացող խօսակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք, գոյացած էր համաձայնութիւնը։ Սակայն, Սեպտեմբերի կէսերուն էր, որ Տէր Հայրը, օրդ. Ազատուհին եւ իր զարմիկը՝ պրն. Միքայէլ Ստեփանեան այցելած էին դրամատունը՝ գումարին փոխանցման համար, ու պարզուած էր նուիրատուութեան բուն տարողութիւնը։ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին յայտարարութիւնները ներկաներուն կողմէ դիմաւորուեցան որոտընդոստ ծափահարութիւններով։ Տէր Հայրը յայտնելց , թէ այժմ յատուկ յանձնախումբ մը կը զբաղի մայր գումարը՝ 4 միլիոն տոլարը, լաւագոյն ներդրումով ապահովելու գործով։ Երկրորդ յանձնախումբ մը պիտի կազմուի շուտով, որ պիտի նուիրուի անձեռնմխելի գումարէն բխծած եկամուտները բաշխելու հարցերով։ Օրդ. Ազատուհի Զարուկեանի փափաքով, գումարը պիտի յատկացուի բարեսիրական եւ կրթական յատուկ նպատակներու։ Իրաւաբանական եւ հաշուապահական օրինական բոլոր ծախսերը վճառելէ ետք պիտի ներկայացուի վերջնական պատկերը: Բարերարուհին մօտէն կը հետեւի այս կարեւոր աշխատանքներուն։ Խօսք առնելով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ հայ եկեղեցականի եւ մասնաւորաբար Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մայր գիծին՝ ծառայութեան, որուն ոգիին մէջ թրծուած ու դաստիարակուած էր Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան՝ Անթիլիասի դպրեվանքի ուսումնառութեան շրջանին։ 2006ին ստանձնելով Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովուական դժուարին պաշտօնը, շարունակեց Օշական Սրբազանը, Տէր Հայրը իրեն յատուկ անխոնջ ծառայասիրութեամբ ձեռնարկած ու իր լրումին հասցուցած էր եկեղեցին ու սրահը վերանորոգելու եւ համայնքի հոգեւոր կեանքը վերականգնելու պատասխանատու առաքելութիւնները։ Միեւնոյն ժամանակ, զոհաբերուող հոգեւորականի իր կեցուածքով, երբեք չէր զլացած հասնիլ հոն ուր իր ներկայութիւնը անհրաժեշտ էր։ Առաջնորդ Սրբազանը դրուատեց Մեսրոպ Քհնյ.ի տքնաջան աշխատանքը, որուն գնահատանքի ուրոյն արտայայտութիւն մըն էր նաեւ սրահին մէջ ներկայ եղող օրդ. Ազատուհի Զարիկեանի կատարած աննախընթաց նուիրատուութիւնը։ Բարերարուհիին կ՚ընկերանար իր զարմիկը՝ պրն. Միքայէլ Ստեփանեան (Գերմանիա)։ Սրբազան Հօր պատգամէն ետք, Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան օր. Զարուկեանին յանձնեց յուշանուէր մը եկեղեցւոյ կողմէ՝ ներկաներու բուռն ծափահարութիւններուն տակ։ Սեղանի օրհնութենէն ետք, տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւնը։ Սեղաններու շուրջ բոլորուած ներկաներէն շատեր առիթը ունեցան օրդ. Զարուկեանին հանդիպելու եւ անձամբ իրենց գնահատանքը յայտնելու։ Սրահէն մեկնելով, բոլոր ներկաները համակուեցան այն զգացումով, որ սովորական Կիրակի օրը դարձած էր պատմական օր մը։