Արհեստներ

Ածխագործութիւն

Մուսա լերան ծառախիտ անտառները ձեռնտու էին ածխաշինութեան (տեղական բառով ԳՐԶԻԼԱ):

Այս մարզին մէջ զարգացած էին մանաւանդ Պիթիասցիները:

Արտադրուած ածուխը ոչ միայն կը բաւարարէր տեղական կարիքները, այլ կ՛արտածուէր Անտիոք եւ առագաստանաւերով՝ դէպի Պէյրութ, Հայֆա եւայլն:

Փայտավաճառութիւնն ալ բաւական զարգացած էր: Ատաղձագործութեան կամ խարատութեան յարմար փայտերը մեծաքանակ եւ առագաստանաւերով կ՛արտածուէին արտասահման: Յարգի էին նաեւ որպէս նեցուկ ծառայող երկժանիք փայտերը:

Փայտի առեւտուրը իրենց ձեռքին մէջ կեդրոնացուցած էին Ճապրա Աղա եւ Տիգրան Գազանճեանները, որոնք ատենօք տեսակ մը Թելեֆերիք հաստատած էին լերան կատարէն մինչեւ ծովեզերք , փայտերը դիւրութեամբ փոխադրելու համար:

Բացի վերոյիշեալ արհեստներէն Մուսա լերան գիւղերուն մէջ տարածուած էին բազմաթիւ ընթացիկ արհեստներ, որոնք սակայն կը գոհացնէին տեղական կարիքները միայն, ինչպէս՝ օղիի եւ գինիի պատրաստութիւն, (ամէն տուն գրեթէ կ՛ունենար օղիի պաշար, որ կը պատրաստուէր խաղողէ կամ թուզէ)երկաթագործութիւն, կլայագործութիւն, կօշկակարութիւն, ատաղձագործութիւն, կղմինտրագործութիւն, սափրիչութիւն, զինագործութիւն, եւայլն:

Որպէս հասութաբեր ուրոյն արհեստ կ՛արժէ յիշել ոստայնանկութիւնը, որ տարածուած էր գրեթէ բոլոր գիւղերուն, յատկապէս Հաճի Հապիպլիի մէջ:

Սուէտիացի վարպետ ոստայնանկներ կը գործէին կտաւներ, անձեռոցներ..., որոնք կը սպառէին թէ՛ տեղական եւ թէ արտասահմանեան շուկաներուն մէջ:

Մուսալեռ