Լուրերու Արխիվ

Hamazkayin

Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղի Խրախճանք

Կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան, Շաբաթ 7 Յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան խրախճանք մը, շնորհաւորութիւններ և Ամանորի մաղթանքներ փոխանցելով, և ապրելով հաճելի ուրախ մթնոլորտ մը:

Ներկայ էին՝ Գեր. Տէր Վարուժան Արք. Հերկելեանը, գիւղի հոգեւոր հայրերը, առաքինազարդ Քոյր Թէոպիստէ Պետրոսեանը, Հ.Յ.Դ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչը՝ Ընկ. Աբրահամ Մալգճեան, Այնճարի Քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեանը, Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Թամար Սնապեան-Սուրճեանը, Լ.Օ.Խ-ի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Ընկհ. Ցողիկ Հաւաթեանը, ինչպէս նաեւ գիւղի մէջ գործող բոլոր միութեանց ներկայացուցիչները, համազգայնականներն ու համակիր հայրենակիցները:

Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան կողմէ բացման խօսքը փոխանցեց՝ Տիկ. Նաթալի Քէնտիրճեան: Ողջունելէ ետք բոլոր ներկաները, ան ըսաւ,- «Համազգայինի Պարոյր Սեւակ մասնաճիւղի վարչութիւնը ուրախութեամբ բարի գալուստ կը մաղթէ և կը շնորհաւորէ ձեր նոր տարին և Սուրբ Ծնունդը, մաղթելով ամէնալաւն ու բարին: Վարչութիւնը նախատեսեց որպէս առաջին ձեռնարկ ունենալ այս գեղեցիկ հաւաքը՝ Այնճարի պատկան մարմիններու և համազգայնականներու հետ: Բոլորիս մտահոգութիւնները նոյնն են այսօր, ինչպէս խանդավառել երիտասարդութիւնը, և անշուշտ մեր նպատակը պիտի ըլլայ յանձնառու ըլլալ մշակութային նախաձեռնութիւններուն, պահպանելով ազգային գիտակցութիւնն ու մշակութային աւանդութիւնները: Երգչախումբը, պարախումբը, և ակադեմիան պիտի կանգնին, և այս բոլորը կը պահանջեն հաւաքական աշխատանք և զօրակցութիւն»:

Օրուան հանդիսավարն էր՝ Ընկ. Յովհաննէս Խօշեան: Շնորհաւորելով բոլորին Նոր Տարին և Սուրբ Ծնունդը, ան ըսաւ,-«թէ մենք, հաւաքուած ենք այստեղ, վկան ըլլալու մեր շատ սիրելի մասնաճիւղի գործունէութեան վերածնունդին, որուն համար յատուկ շնորհակալութիւն է բոլոր անոնց և յատկապէս «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, որոնք նպաստեցին այս գործի յաջողութեան: Առանց արդարացի պատճառներով, անցեալին, կտրուեցաւ թափը մասնաճիւղի աշխատանքներուն, մասնաճիւղ մը, որ իր գործունէութեամբ մշակութային կարեւոր շարժում ու ջերմ մթնոլորտ ստեղծած էր գիւղիս մէջ, իր երգչախումբերով, լուսարձակ 40 թատերախումբով, Ռուբէն Նագեան արուեստի դպրոցով, Կաքաւիկ երգի ու պարի համոյթով և մշակութային զանազան ձեռնարկներով: Մաղթանքս է, և վստահ բոլորիս ալ փափաքն է որ վարչութեան առաջնահերթութիւնը ըլլայ այս միաւորներուն վերաշխուժութիւնը: Նպատակը այն է, որ հայ ժողովուրդի կրթական մակարդակը բարձրացնել հայերէն լեզուով և հայ ոգիով: Բոլորիս համար ոգեւորութեան պահ մըն է այս պահը: Երբ կը նայինք դէպի աշխատանքային յաջորդ ամիսները, երբ կը տեսնենք նորակազմ վարչութեան նախաձեռնութեան ոգին, պատրաստակամութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը, մեր հոգիները կը լեցուին ուրախութեամբ:

Օրուան մթնոլորտը ճոխացուցին ջուդակահար՝ Մարտիրոս Փալազեան և ձեռնադաշնակահար՝ Շանթ Լոճիկեան: Ճոխ մթնոլորտով, ներկաները վայելեցին Ս. Ծննդեան տաքուկ մթնոլորտը:

Հ.Յ.Դ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անունով խօսք փոխանցեց Ընկ. Կարօ Փիլաւճեան, շնորհաւորելով բոլորին Նոր Տարին և Սուրբ Ծնունդը, մաղթելով գիւղին բարգաւաճութիւն և ազգային դիմագիծի պահպանում, համայն հայութեան միասնակամութիւն, և հայ զինուորներուն անվտանգ ծառայութիւն ապահովելով Հայաստանի ու Արցախի սահմանները: Ան ըսաւ թէ մշակոյթի պահպանման շահը միշտ Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին կարգախօսն է:

Ան, մասնաճիւղին մաղթեց կանաչ ճանապարհ, և միասնաբար դժուարութիւնները յաղթահարելու կամքով յաջողութիւն:

Ապա տեղի ունեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն մը, որ կը ներկայացներ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի անցեալի մշակութային կեանքը, պարը, երգն ու թատրոնը:

 Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Թամար Սնապեան-Սուրճեանը, անդրադարձաւ Համազգայինի վերականգման գործունէութեան, ու ըսաւ թէ պէտք է շարունակենք մեր ազգային ու մշակութային բոլոր աւանդութիւնները՝  ինչպէս թատրոնը, պարախումբն ու երգչախումբը, նեցուկ կանգնելով վարչութեան, որպէսզի մեր երիտասարդութիւնը միասնակամ ուժով վերականգէ մեր բոլոր արժանիքներն ու աւանդութիւնները:

Առաքինազարդ Քոյր Թէոպիստէ խօսք առնելով ողջունեց ներկաները, շնորհաւորելով բոլոր հայրենակիցներուն Նոր Տարին և Սուրբ Ծնունդը: Շեշտելով թէ մենք՝ հայերս, պէտք է Մուսա-լերան քաջարի հոգիներով ապրինք, ու ապրեցնենք, յաւերժ մնանք, ու միասնական ուժով բոլորս մէկ համախմբուինք Արարատի փէշէրուն, կերտուինք հայրենիքի հողին վրայ, որպէսզի նոր սերունդներ ապրին մեր ազգային արժանիքներով ու բարիքներով:

Ընթացքին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն և նուիրատուութիւններ:

Ժողովուրդը քաջալերական ոգիով, լայն ժպիտներով և մեծ ուրախութեամբ վայելեցին տօնական այս ճոխ մթնոլորտը: 

IMG5828
IMG5815
IMG5795
IMG5794
IMG5780
IMG5790
IMG5766
IMG5757
IMG5744
IMG5752

?>