Ս. Ծննդեան Տօնը Այնճարի Մէջ:
Ուրբաթ 6 Յունուար 2017-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» և Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Սուրբ Ծննդեան Տօնը, իսկ Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք և Յիսուս Մանուկի Մկրտութիւնը:
Այնճարի Հայ Առաքելական «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց և քարոզեց Գերաշնորհ Տէր Վարուժան Արք. Հերկելեան: Ան ներկաներուն փոխանցեց Ս. Ծննդեան պատգամը ինչպէս նաեւ Յիսուս Մանուկի յայտնութիւնը, մաղթելով բոլորին բարօրութեամբ, յաջողութեամբ և առողջութեամբ տարի մը:
Ապա տեղի ունեցաւ Ս. Մկրտութիւն և ջրօրհնէք:
Յետ Ս. և Անմահ պատարագին, ներկաները ուղղուեցան «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահ առաջնորդութեամբ՝ Սրբազան Հօր և Հոգեւոր Հայրերուն ուր տեղի ունեցաւ տօնական հիւրասիրութիւն, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին և տիկնանց միութեան:
Նոյն օրը, յատուկ պաշտամունք կատարուեցաւ Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ, որուն ընթացքին Համայնքի Հովիւ՝ Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան անդրադարձաւ Ս. Ծնունդի խորհուրդին և Յիսուս Մանուկի Մսուրի հրաշքին մասին, որուն միջոցաւ աշխարհ ստացաւ Աստուծոյ սէրը: Պաշտամունքէն ետք «Ջանից» սրահին մէջ դարձեալ տեղի ունեցաւ տօնական հիւրասիրութիւն, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան: