Սուրբ Զատկուայ Տօնը Այնճարի Մէջ
Կիրակի՝ 16 Ապրիլ 2017-ին Այնճարի երեք համայնքներու եկեղեցիները նշեցին Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան տօնը, Սուրբ Զատիկը:
Այնճարի Հայ Առաքելական «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց՝ Գերշ. Տէր Արսէն Աւագ Քհնյ. Քէշիշեանը: Ներկայ էին մեծ թիւով հաւատացեալներ:
Յետ Ս. պատարագին, ներկաները ուղղուեցան «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահ առաջնորդութեամբ՝ դպրաց դասին և երեք Հոգեւոր Հայրերուն ուր ունեցան հաւկթամարտ:
Այնճարի Հայ Կաթողիկէ «Ս.Աստուածածնայ Տիրամայր» եկեղեցւոյ մէջ նաեւ կատարուեցաւ Ս. Զատկուայ արարողութիւն գլխաւորութեամբ՝ Հայր Մեսրոպ Վրդ. Թօփալեանի:
Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ պաշտամունք իսկ օրուայ պատգամը փոխանցեց, եկեղեցւոյ հովիւ՝ Պատ. Յակոբ Ագպաշարեան: Պաշտամունքեն ետք «Ջանից» սրահին մէջ նաեւ ունեցան հաւկթամարտ:
Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց: Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:
Աւագ Շաբաթ Այնճարի Մէջ
Շաբաթ 15 Ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 3:00-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տիրոջ ու Փրկչի՝ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնի ճրագալոյցի ժամերգութիւնը ապա մատուցուեցաւ սուրբ պատարագը:
Պատարագը առաջնորդեց՝ Տէր Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեանը:
Այնճարի Հայ Կաթողիկէ «Ս. Աստուածածնայ Տիրամայր» եկեղեցւոյ մէջ, նաեւ կատարուեցաւ ճրագալոյցի սուրբ պատարագ և մարգարէութիւններու ընդերցում, գլխաւորութեամբ՝ Հայր Մեսրոպ Վրդ. Թօփալեանի:
Ծաղկազարդի Տօնը Այնճարի Մէջ
Այսօր՝Կիրակի 9 Ապրիլ 2017-ին,Այնճարի երեք համայնքներու եկեղեցիներընշեցին, Յիսուս Քրիստոսի փառաւոր ու յաղթական մուտքը դէպի Երուսաղէմ, որ ծանօթ է որպէս Ծաղկազարդ:
Այնճարի Հայ Առաքելական «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցական արարողութիւն՝ որու ընթացքին քարոզեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ Տէր Շահէ Եպս. Փանոսեանը ու պատարագի ընթացքին ան օծեց երկու սրբանկարներ, որմէ ետք հաւատացեալ ժողովուրդը ձիթենի ճիւղերով եւ մոմերով հետեւեցաւ ծաղկազարդի թափորին որ շրջեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակը:
Այնճարի Հայ կաթողիկէ «Ս. Աստուածածնայ Տիրամայր» եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց հայր Մեսրոպ. Վրդ. Թօփալեանը: Եկեղեցական արարողութեան աւարտին ծաղկազարդի թափորը շրջեցաւ եկեղեցւոյ բակը:
Այնճարի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ Կիրակնօրեա յվարժարանի աշակերտները ներկայացուցին ծաղկազարդի երգեր եւ կենդանի պատկերներ, իսկ տօնին պատգամը փոխանցեց Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան: