Մայրերու Օր
Կազմակերպութեամբ՝ Այնճարի Հայ Աւետ եկեղեցւոյ Տիկնանց վարչութեան և հովանաւորութեամբ՝ Տիկ. Ալինա Տագէսեանի, Ուրբաթ 5 Մայիս 2017-ին Կ.Ե. ժամը 2:30-ին ճաշարան «Արեւ»ի մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու օր:
Բացման խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Անի Քերքէզեան: Օրուան հանդիսավարն էր Տիկ. Նաթալի Քէնտիրճեան:
Խօսք առնելով օրուան բանախօսը՝ Տիկ. Անահիտ Տօնիկեան, ողջունեց բոլոր ներկաները և ըսաւ: « Մայիս ամիսը Աստուածամօր ամիսը, տարուան ամենա գունագեղ բնութեամբ զարդարուած, ստեղծուած է յիշելու մեր բոլոր մայրերը, անոնց մաղթելով երկար ու առողջ կեանք, որպէսզի անոնք մնան ողջ և առողջ, մեր տուներուն ջահը վառ պահելու, լուսաւորելու մեր տուներն ու հոգիները:» Ան շեշտեց մօր կարեւորութիւնը բոլոր տուներէն ներս և անդրադարձաւ բոլոր մօր պարտականութիւններուն, մանաւանդ խոհանոցէն ներս:
Օրուան մթնոլորտը ճոխացուց, աշուղական և ժողովրդական երգերու մեկնաբան Քարմէն Աճէմեան:
Տիկ. Ալինա Տագէսեան առիթը ունեցաւ նաեւ փոխանցելու իր խօսքը: Ան ըսաւ,« Դժուար է սահմանել մայրը, մանաւանդ հայ մայրը: Ինծի համար հայ կինը, հայ մայրը ընտանիքն է, հայ մայրը զաւակի դաստիարակութիւնն է, ամուսինին կողակիցն է, աջ կամ ձախ բազուկն է, թիկունքը, աջակիցը և գործակիցն է: Հայ մայրը միջավայրին, աւանդութիւններու և հարազատներուն հետ ամուր կապեր հաստատող, պահպանող և զարգացնողն է:»
Ձեռնարկի ընթացքին յատուկ շնորհակալական յուշանուէրներ տրուեցան գիւղիս գործունէութիւններու ատենապետուհիներուն, վեթերան տիկնանց վարչութեան անդամուհիի՝ Տիկ. Զապէլ Քէնտիրճեանի, Տիկ. Նանոր Ագպաշարեանի, օրուան բանախօսին՝ Տիկ. Անահիտ Տօնիկեանի, օրուան նախագահուհիին՝ Տիկ. Ալինա Տագէսեանի և մթնոլորտը ճոխացնող՝ Քարմէն Աճէմեանի:
Ունեցանք նաեւ օրուայ բախտաւոր, վիճակահանութիւններ ու նուէրներ:
Ճոխերգերով, նուագներով և ուրախ մթնոլորտով ընկերակցեցան պարեր:
Այնճարի Բերդին Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Վերականգնուած Փոքր Պալատին
Լիբանանի Մշակոյթի նախարար՝ դոկտ. Ղաթթաս Խուրի բացումը կատարեց Այնճարի բերդին մէջ գտնուողփոքր պալատին, որ վերականգնուեցաւ հարաւային Գորեայի Դեսպանատան կողմէ, հսկողութեաբ Լիբանանի Հնութիւններու տնօրէնութեան: Բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի հաղորդակցութիւններու նախարար՝ Ժամալ Ժարրահի, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարի՝ Աւետիս Կիտանեանի, Գորեայի դեսպան՝ Լի Ուանկ Մանի, հնագիտական տնօրէն՝ Սարգիս Խուրիի, ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունեանի, Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեանի, Այնճարի «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի հերդապահ՝ Աբրահամ Մալգճեանի և Զահլէի ու արեւմտեան Պեքաայի երեսփոխաններու ներկայութեամբ:
«Սրտագին Վազք» Ռաշայայի Մէջ
Կիրակի, 30 ապրիլ 2017-ին, Ռաշայայի քաղաքապետութիւնը կազմակերպած էր 21 քմ կէս Մարաթոնի վազքի մրցում մը: Մարաթոնին նշանաբանն էր «Սրտագին վազենք սրտէ ի սիրտ»: Սոյն մարաթոնին կը մասնակցէին 3000-է աւելի երկսեռ մարզիկներ` դպրոցներէ եւ մարզական ակումբներէ: ՀՄԸՄ Այնճար եւս մասնակցեցաւ Պեքաայի քաղաքապետներն ու գիւղապետները, ինչպէս նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ զինուորականներ, ինչպէս նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մրատ, զօր. Հաժ Ղալի Հասան եւ այլն:
Կէս Մարաթոնը սկսաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին Լիբանանի քայլերգով` Ռաշայայի քաղաքապետութեան դիմացէն: Մարզիկները խանդավառօրէն շրջեցան Ռաշայայի լեռնային ճամբաներուն վրայ եւ 21 քմ վազքը աւարտեցաւ սկսած վայրին մէջ: Աւարտին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն:
Լեւոն Թաշճեան կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ Այնճարը: Ան 21 քմ վազքը աւարտեց 2 ժամ եւ 8 վայրկեանէն ու իր տարիքային խմբաւորման մէջ (45 տարեկան եւ վեր) գրաւեց 2-րդ դիրքը: Լեւոն Թաշճեան ստացաւ իր տիտղոսն ու մետալը` ձեռամբ Ապտել Ռահիմ Մրատի եւ զօր. Հաժ Ղալի Հասանի:
ԱԶԴԱԿ Օրաթերթ
Այս առիթով, Այնճարի հայութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, կու գայ շնորհաւորելու Լեւոն Թաշճեանը:
Լիբանանեան կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու ժողով
Չորեքշաբթի 3 Մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանեան կուսակցութիւններու Պեքաայի ներկայացուցիչներու համախմբան հերթական նիստը: Բացառաբար այս անգամ ներկայ էին նաեւ Պաղեստինեան կազմակերպութիւններու Պեքաայի ներկայացուցիչները:
Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան երկիրը և շրջանը յուզող հարցեր: Ժողովին աւարտին մամլոյ ասուլիսով մը փոխանցուեցան հանդիպման որոշումները:
Մայիսեան Արարողութիւններ
Երկուշաբթի 1 Մայիս 2017-էն սկսեալ, Այնճարի Հայ Առաքելական «Ս. Պօղոս» և Կաթողիկէ «Ս.Աստուածածնայ Տիրամայր»եկեղեցիներուն մէջ սկսաւ Մայիս ամսուայ եկեղեցական արարողութիւններ: