Եդուարդ Պոյաճեան. Հայրենի Կորուսեալ Հողին եւ Մարդոց, Արժէքներուն եւ Խորհուրդներուն Տաղանդաշատ Բանաստեղծը
Նազարէթ Պէրպէրեան
13 Հոկտեմբերին, 51 տարի առաջ, արդէն թեւակոխած գրական-ստեղծագործական իր երթի հասունացման փուլը, 51 տարեկանին մեր աշխարհէն ապաժամ հեռացաւ սփիւռքահայ գրականութեան եզակի դէմքերէն Եդուարդ Պոյաճեան։
Հայրենի կորուսեալ հողին ու անով շաղախուած հայ մարդոց, անոնց շնչաւորած ազգային ու տոհմիկ արժէքներուն եւ խորհուրդներուն ինքնատիպ երգիչն է Մուսա Լերան Խտըր-Պէկ գիւղի ծնունդ Եդուարդ Պոյաճեան։
«Հողը ամէ՜ն բան» է անոր համար. թէ՛ շօշափելի գեղեցկութիւններու եւ հմայքներու անպարագիծ աշխարհ մըն է, թէ՛ կորսուած ճշմարտութեան եւ խոցուած էութեան որոնումով աշխարհին ու ժամանակներուն բացուած մարդոց թանձրացեալ տարերքն է, թէ՛ անանց արժէքներու կենսատու աղբիւրն է եւ թէ, մանաւա՛նդ, համապարփակ խորհուրդ է, անծայրածիր հորիզոններու եւ խորագոյն թափանցումներու ընդգրկո՜ւն, տարողունա՛կ խորհուրդ։
Իր ողջ էութեամբ բանաստեղծ է Պոյաճեան ոչ միայն իր խոհուն քերթուածներով, այլեւ՝ կեանքը իր բարդութեամբ վերծանող արձակ էջերով, հողի մարդոց ներաշխարհը պեղող ու վերծանող պատմուածքներով, հայ մտքի, մշակոյթի եւ գրականութեան մեծամեծները դիմաքանդակող իր իմացապաշտ վկայութիւններով։
Ինչպէս որ ինք կը վկայէ իր ինքնակենսագրութեան մէջ, Եդուարդ Պոյաճեան երեք ամսու նորածին մըն էր, երբ Մուսա Լերան բուռ մը հայութիւնը բոլորով, մեծով-պզտիկով, բարձրացաւ իր լեռները՝ դիմադրելու համար ցեղասպան թուրք պետութեան եղեռնագործ սադրանքին։
Մանկութեան չորս տարիները անցուց Փոր Սայիտ, Եգիպտոս, վրաններու տակ, ուր ֆրանսական փրկարար ռազմանաւերը փոխադրած էին Մուսա Լերան հերոսական ժողովուրդը։ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին իրենց ծննդավայրը վերադարձած մուսա-լեռցիներուն հետ, Պոյաճեաններու ընտանիքը եւս վերահաստատուեցաւ Խտըր-Պէկ, ուր Եդուարդ ստացաւ իր նախնական կրթութիւնը՝ ծննդավայր գիւղի եւ հարեւան Օղուն-Օլուքի «երկու համեստ վարժարաններուն մէջ»։
14 տարեկանին, ուսումնատենչ եւ գրելու շնորհքով օժտուած պատանի, Պոյաճեան ղրկուեցաւ Պէյրութ, Համազգայինի նորաբաց Հայ Ճեմարանը, բարձրագոյն իր ուսումը ստանալու համար։ Շանթի, Աղբալեանի եւ Ճեմարանի հիմնադիր սերունդի շունչին տակ կազմաւորուեցաւ եւ ծաղկեցաւ գրական-գեղարուեստական եւ ազգային-քաղաքական նկարագիրը երիտասարդ հայ գրողին։
1930էն 1935, Եդուարդ Պոյաճեան մնաց Ճեմարան, ուր տակաւին ուսանող՝ սկսաւ աշխատակցիլ ժամանակի հայ մամուլին, Պոսթընի «Հայրենիք Ամսագիր»ին, Փարիզի «Յառաջ»ին եւ Պէյրութի «Ազդակ»ին։ 1932ին լոյս տեսաւ իր առաջին աշխատակցութիւնը։
1935ին, աւարտելով Ճեմարանը, Եդուարդ Պոյաճեան նետուեցաւ ուսուցչական ասպարէզ՝ մինչեւ մահ նուիրուելով նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարութեան սրբազան գործին։ Ուսուցչական առաքելութեամբ գործեց Սուրիոյ Թէլ Ապեատ գիւղին, ծննդավայր Խտըր-Պէկի, Այնճարի, Հալէպի, Քեսապի եւ Պէյրութի մէջ։ Հասցուց սերունդներ, որոնք կապուեցան հայ գրականութեան եւ մշակոյթին՝ պաշտամունքի աստիճան փարելով ազգային մեր արժէքներուն։
Ունեցաւ աշակերտներ, որոնք տիպար ուսուցիչի եւ տաղանդաւոր գրողի իր կերպարն ու աւանդը կեանքի ուղեցոյց դարձուցին։
Ուսուցչական իր ծառայութեան զուգահեռ՝ Եդուարդ Պոյաճեան թափ տուաւ գրական-ստեղծագործական աշխատանքին։
Մնայուն աշխատակցութիւն բերաւ Կ. Սասունիի եւ Մ. Իշխանի խմբագրած «Ազդակ Շաբաթօրեակ»ին, Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի»ին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Հասկ»ին, Համազգայինի «Ակօս»ին եւ Մանուկ Ասլանեանի «Ազդարար»ին։ Մաս կազմեց «Բագին» ամսագրի հիմնադիր եռանդամ խմբագրութեան՝ Կարօ Սասունիի եւ Պօղոս Սնապեանի հետ։ Գործածած գրչանունները եղան Ալպաթրոս, Վազգէն Տիրանեան, Ե. Սարենց եւ Ե. Ծովիկեան:
1944ին լոյս ընցայեց իր առաջին հատորը՝ «Սէր եւ Վիշտ»ը, որուն յաջորդեցին «Հողը» (1948), «Պայքարողներ, պայքարողներ դուք գազազած» (1958), «Թուղթ Զաւակներուս» (1961), «Տոմար Տարագրի» (1963) եւ «Երկու Նամակ» (1964) գործերը։ Իսկ յետ մահու, Եդուարդ Պոյաճեանի գործերէն լոյս տեսան «Դէմքեր» (1967), «Երկեր — Ա. հատոր» (1968), «Ծննդավայր Կորուսեալ» (1984), «Ընտրանի» (Երեւան, 1994), «Կեանքի Ափերէն» (1995) եւ «Դուն» (Երեւան 2005) եւ «Միտք Պահէ»։
«Կորուսեալ Ծննդավայրին»՝ հայրենի բռնագրաւեալ հողին եւ անով միս ու ոսկոր կապած հայ մարդոց եւ ազգային աւանդներուն ինքնուրոյն բանաստեղծը եղաւ Եդուարդ Պոյաճեան։
Աւանդապահութիւնն ու նորարարութիւնը, զգացականութիւնն ու խոհականութիւնը, անցելապաշտութիւնը եւ վերաթարմացումը, հայրենաբաղձութիւնն ու մարդկայնապաշտութիւնը եզակի համադրումի արժանացան իր գրականութեան մէջ։
Ընկալեալ իմաստով գիւղագիր մը չեղաւ, այլ հողի մարդիկը ապրեցուց եւ շնչաւորեց Երկրորդ Աշխարհամարտին յաջորդած մարդկային մեծ հոգերով ու խնդիրներով։
Հայ ժողովուրդի ազգային արժանաւորութեան եւ մշակութային կենսունակութեան պատգամաբերը դարձաւ, առանց որ անձնատուր ըլլայ անցեալի մեծ ժառանգութիւնը պարզապէս ըմբոշխնելու եւ սպառելու փորձութեան։
Անցեալին նայեցաւ ու փարեցաւ՝ ներկայի խնդիրները ուղիղ ճակատէն դիմագրաւելու, ինքնահաւատարմութեամբ առաջնորդուելու եւ նոր ժամանակներուն համահունչ գալիքի ուղին հարթելու հաստատակամութեամբ։
Բայց մանաւանդ անխոնջ պայքարող մը եղաւ ընդդէմ կեղծ արժէքներուն եւ հայ մշակոյթի, գրականութեան ու ազգային աւանդներու փարիսեցիական պաշտամունքին։
Հայ լեզուն իր ամբողջ հմայքով ու գանձերով ճառագայթեց Եդուարդ Պոյաճեանի գրականութեան էջերէն, ուր բանաստեղծական շունչն ու պատկերաւոր խոհականութիւնը ամբողջապէս կը գրաւեն ու իրենց հմայքով կը պարուրեն ընթերցողի միտքն ու հոգին։
Ապաժամ իր մահով մեծ կորուստ ունեցաւ հայ գրականութիւնը։
Տաղանդաւոր հայ գրողին ստեղծագործական շունչով վերաթարմանալու թող ծառայեն Եդուարդ Պոյաճեանի ժառանգութենէն քաղուած նշխարները.ԱՐԻՒՆ ՈՒ ԽԵԼՔ
(Մեծ Եղեռնի 40ամեակին առիթով)
Ապրիլ 24ի Եղեռնը բախեցաւ մեր ազգային հոգեկան արժէքներու հզօր դիմադրականութեան: Ընդհանրական ոճիրներու եւ կոտորածի մոլութիւն ունեցող մեր թշնամին հալածեց մեզ, եւ սուրիական անապատներու սգապատ տարածքներուն վրայ անոր բովանդակ քսութիւնը դպաւ հայկական կամքի հազարամեայ պրոնզին:
Ընկրկեցաւ:Նահանջեց:
Պարտուեցաւ:
Ապրեցանք մենք… նաեւ՝ Ապրիլ 24էն ետք:
Եւ ա՛յս էր ահա, որ շշմեցուցիչ եղաւ թշնամիին համար:
Տէր Զօրի մեր մռայլ պատմութիւնը իր թանձրագոյն իրականութեամբը կը մնայ անհաւատալի հեքիաթ մը միայն` սա ապաբարոյ ու վատ դարաշրջանի մարդկութեան համար:
Որովհետեւ որեւէ իրականութիւն պիտի չկրնար այս աստիճան անբնական կերպարանքներու ներքեւ յանձնուիլ պատմական երեւոյթներու հոսանքին:
Թող հրէշային ախորժակներով ժամանակակից մարդկութիւնը Ապրիլ 24ը նկատէ հայկական սարսափներու անհաւատալի հեքիաթ մը:
Հոգ չէ:
Այդ արտասուալի ու մութ հեքիաթը մենք վերածած ենք ասկէ ետք համազգային զայրոյթի անծայրածիր զինարանի մը, ուրկէ Անկախութեան արեգակներ պիտի պոռթկան` ծածկելու համար լոյսով ու ջերմութեամբ, արիւնաթաթաւ ու ցուրտ ճանապարհները մեր պատմութեան, ինչպէս բերկրանքի անուշ առաւօտ մը պատահեցաւ ատիկա:
Կա՛նք:
Պիտի մնա՛նք:
Վճռած ենք ատիկա:
Մեր վերջին խօսքն է, որ ահա առաջ կ՛ըսենք:
Ապրելու մեր հաւատամքին իբրեւ խարիսխ` ունինք մեր պատմութիւնը, սկիզբէն մինչեւ այսօր:
Սեւ փոթորիկը չկրցաւ բնաջինջ ընել մեզ:
Քանի մը տարի ետք, հեղեղային շքեղութեամբ Մայիսին, աշխարհ տեսաւ, թէ կորսուած հայը ստեղծած է իր Անկախութիւնը: Կը քալէ բարձրագլուխ ու պայծառ դրօշով, յաղթական Եռագոյնով:
Արդ`
Եղերական միլիոնի մը սեւ թուականը` անդրադարձած հայութեան վրայ նախ որպէս յաւիտենական սուգ եւ բարկութիւն, եղած է տարիներու ընթացքին ու կը շարունակէ ըլլալ որպէս ազատ ազգ ապրելու կատաղի կամք մը, մեր ամէնէն յստակ գիտակցութիւններէն մէկը:
Անվիճելի իրողութիւն է այսօր, թէ ոճիրի եւ քսութեան անմոռանալի թուականէն ետք, ազգային ազատ կեանքի գիտակցութիւնը մեծապէս ընդհանրացած, արմատացած է հայուն հաւաքական էութեան մէջ:
Ապրիլ 24ը հայութեան ամէնէն տխուր թուականը եղաւ:
Քառասուն տարի ըսինք ասիկա իրարու, ըսինք աշխարհին:
Քանի մը տասնամեակ լացինք միայն, քանի մը տասնամեակ զայրացանք միայն:
Բայց քիչ մտածեցինք` առողջ դասեր առնելու համար անկէ:
Եթէ նախ քան այդ թուականը մենք աւելի լաւ ճանչնայինք մեր թշնամին, եթէ գիտնայինք, որ իր շահուն համար ան ընդունակ է լաւագոյն ճամբայ նկատելու հայուն ամբողջական բնաջնջումը, հաւանաբար խնայուէր մեզի ապրիլեան այսքան զարհուրանք, այսքան անբաղդատելի կորուստ:
Եթէ կրցանք վերապրիլ, բազմանալ ու զօրանալ նորէն, ատիկա կը պարտինք ոչ այնքան մեր քաղաքական հասունութեան, քան` հայու այն մաքուր արիւնին դիմադրական ուժին, եւ առաքինութիններուն:
Բայց եթէ կ՛ուզենք իսկապէս անպարտելի դառնալ, իսկապէս օգտակար դաս մը հանել Ապրիլ 24էն, հարկ է հայուն մաքուր արիւնին վրայ գումարել քաղաքական շատ աւելի բարձր հասունութիւն մը, քան ունինք այսօր: Լալը սորվեցանք ու կիրարկեցինք մեր փրկութեան համար:
Տեսանք, որ օգուտ չ՛ըներ:
Վրէժ բառին իմաստն ալ լաւապէս ուսումնասիրեցինք:
Ան ալ ամէն բան չէ:
Պէտք է համոզուինք այլեւս, որ հայուն հին ու մաքրամաքուր արիւնը ամէն բանէ աւելի պէտք ունի խելքի: Վասնզի կեանքին բոլոր զէնքերը մաքուր արիւնի մը հետ գործող զօրաւոր խելքի մը մէջ են ի վերջոյ: Եթէ կ՛ուզենք հասնիլ մեր ազգային իտէալներուն, պէտք է տեւաբար գործակից ըլլան իրարու երկու բան.- Արիւն ու Խելք…
ԳԱԳԱԹՆԱԿԷՏ` ԲԱՂՁԱՆՔԻ ՄԸ ՎԱՂԱՆՑՈՒԿ»
Քովդ ըլլալ, նայիլ քեզ,
Քովդ ըլլալ, լսե՛լ քեզ,
Քովդ ըլլալ եւ խօսիլ
Քովդ ըլլալ ու լռել…:
Գալ լոյսէն առաջ, գալ մութէ՛ն առաջ,
Աստղերէն կանուխ,
Հովը դեռ չեկած`
Մտնել հոգիիդ կիսաբաց դռնէն…
Բոլորն երբ մեկնին.
Երբ որ քունը գայ ու դարձեա՛լ մեկնի,
Դեռ քեզ հե՛տ մնալ, սիրտ-սրտի՛ մնալ:
Քո՛ւ երջանկութեան իտէալը մնալ:
Քու անունէդ աւելի քեզ մօ՛տ ըլլալ,
Սրտէդ աւելի քեզի պէտք ըլլալ,
Քու վրադ ցանուող ափ մը հող ըլլալ,
Եւ արցունք ըլլալ, լռութիւն ըլլալ,
Քեզի Աստծոյ տանող գի՜րկն ըլլալ:
Հայաստան-սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի ծիրէն ներս Երեւան կը գտնուէր ճարտարագիտութեան դոկտոր, ինքնաշխատ համակարգերու կառավարման բնագաւառի գիտնական, ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ, Քալիֆորնիոյ ԱՐՓԱ հիմնարկի նախագահ, Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի դասախօս Յակոբ Փանոսեանը:
Հայ գիտնականի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ արդէն տասներորդ անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ «Նորարարութիւն» ամենամեայ մրցանակաբաշխութիւնը, որու նպատակը երիտասարդ հայ գիւտարարները խրախուսելն ու կիրառական գիտութեան առաջընթացի ապահովումն է, որ իր հերթին պիտի նպաստէ Հայաստանի մէջ տնտեսութեան զարգացման:
Սեպտեմբեր 22-ին տեղի ունեցած է 2017 թուականի մրցանակաբաշխութիւնը, որուն մասնակցած է 11 երիտասարդ գիւտարար: «Ankakh.com»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Յակոբ Փանոսեան կը ներկայացնէ ոչ միայն այս ծրագիրը, այլեւ Հայաստանի հետ կապուած իր միւս ծրագիրները, որոնք հիմնականօրէն ուղղուած են գիտութեան զարգացման եւ ատոր կիրառման հնարաւորութիւններուն:
«Նորարարութիւն» ամենամեայ մրցանակաբաշխութիւնը տարիներու պատմութիւն ունի, սակայն զրուցակիցս ցաւով կը նշէ, որ մրցոյթի մասնակիցները տարիէ տարի կը պակսին, ինչ որ կը վկայէ Հայաստանի մէջ գիտութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան նուազման եւ գիտութեան յետընթացի մասին:
Թէ ինչու մրցանակաբաշխութեան նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն չկայ, Փանոսեան տարբեր պատճառներ կը նշէ. ուսանողներու մեծ մասը, այնուամենայնիւ, չի բռներ գիտութեան ուղին, պետական կառոյցներն ալ անտարբեր են ոլորտի նկատմամբ. «Հայաստանի իշխանութիւնները առտուընէ իրիկուն կը յայտարարեն, թէ նորարարութեան զարգացման ծրագիրներ կ՛իրականացնեն, բայց մենք արդէն տասներորդ տարին է` նորարարութեան մրցոյթ կը կազմակերպենք, եւ իշխանութիւններուն կողմէ` ոչ մէկ հետաքրքրութիւն: Հրաւէր կ՛ուղարկենք նախարարութիւններուն, որ ներկայ ըլլան: Եկող չկայ»,- կ՛ըսէ գիտնականը: Սակայն պետական համակարգի անտարբերութիւնը չի խոչընդոտեր Հայաստանի մէջ նորանոր ծրագիրներու իրականացման:
Հայաստանի հետ կապուած ծրագիրներ Փանոսեան սկսած է իրագործել դեռ 80-ականներուն, երբ 1983-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հիմնէ Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւնը, 1988-ին կը նախաձեռնէ Հայ գիտնականներու եւ ճարտարագէտներու համաշխարհային առաջին գիտաժողովը Լոս Անճելըսի մէջ, 1992-ին խումբ մը հայ գիտնականներու աջակցութեամբ կը հիմնէ ԱՐՓԱ (ARPA- Analysis Research and Planning for Armenia) բարեգործական կազմակերպութիւնը, նոյն տարին Հայաստանի մէջ կը կազմակերպէ ուժանիւթի որորտի մասնագէտներու առաջին համաժողովը եւ այլն:
Այս տարի լրացաւ ԱՐՓԱ-ի գործունէութեան 25-ամեակը: ԱՐՓԱ-ն շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն է, որու նպատակն է նպաստել հայ գիտական ներուժի զարգացման ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ աշխարհի մէջ, խթանել Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ համագործակցութիւնը կրթական, տնտեսական, քաղաքական, առողջապահական եւ արհեստագիտական ոլորտներու մէջ: Տարիներէ ի վեր կազմակերպութիւնը կ՛ուսումնասիրէ ՀՀ գիտատեխնիկական տարբեր բնագաւառներ ու համապատասխան ծրագիրներ կը մշակէ:
«Լոս Անճելըսի մէջ կը կազմակերպենք հեռավար ուսուցման սեմինարներ, որոնց միջոցով կը ծաւալենք մասնագիտական բանավէճեր հայութեան եւ Հայաստանի կարեւոր հարցերու շուրջ: Ունինք ամենամսեայ հեռավար դասախօսութիւններ: ԱՄՆ-ի տարբեր նահանգներէ մասնագէտները գիտութեան եւ մասնաւորապէս ճարտարագիտութեան նորարարութիւններու մասին իրենց գիտելիքներն ու գիտութեան բնագաւառի վերջին տեղեկութիւնները հեռավար դասախօսութիւններու միջոցով կը փոխանցեն Հայաստանի տարբեր համալսարաններու ուսանողներուն եւ դասախօսական կազմին»,- կը թուարկէ Փանոսեան:
Յառաջիկայ մեծ ծրագիրներէն մէկն ալ կապուած է Nanotechnology-ի ( Նանոտեխնոլոգիան կիրառական գիտութիւններ եւ արհեստագիտութիւններ միաւորող լայն ոլորտ է, որու հիմնական նպատակը աթոմական եւ մոլեքուլային մակարդակի վրայ նիւթի վերահսկուող ձեւափոխումն է եւ վտանգաւոր չափերու հասնող, մօտ 100 նանոմեթրէն աւելի փոքր սարքերու կառուցումը եւ նոր յատկութիւններով նիւթերու եւ ծածկոյթներու ստացումը) զարգացման հետ:
ԱՐՓԱ-ն կը պատրաստուի Հայաստանի մէջ հիմնել նանոտեխնոլոգիաներու կեդրոն եւ այդ նպատակով նախորդ շաբաթ Երեւանի մէջ կազմակերպած է հանդիպում Հայաստանի մէջ նանոտեխնոլոգիաներով զբաղող ընկերութիւններու ղեկավարներու հետ, քննարկած ոլորտի իրավիճակն ու խնդիրները:
«Մօտ 10 կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու հետ հանդիպեցանք, որոշեցինք համագործակցիլ, որպէսզի կարենանք ծրագիրներ կազմել»: Փանոսեան մեր հարզացրոյցի նոյն օրը կը մասնակցէր համաժողովի մը, որ նուիրուած էր Իրանի հետ համագործակցութեան: Կը պարզուի` Իրանի մէջ նանոտեխնոլոգիաներու ոլորտը մեծ արագութեամբ կը զարգանայ, այնտեղ կը գործէ շուրջ 166 ընկերութիւն:
Արտառոցը այն է, որ հայկական շարք մը ընկերութիւններ իրենց կարիքներուն համար կը փորձեն համագործակցիլ իրանական նանոտեխնոլոգիական ընկերութիւններու հետ, մինչդեռ նոյն ոլորտի մէջ գործունէութիւն ծաւալող մեր գիտնականներուն հետ որեւէ համագործակցութիւն չկայ:
«Ես հիմա քով- քովի բերի ընկերութեան պատասխանատուն եւ մեր գիտնականը, ըսի` դուք ինչո՞ւ իրարու հետ չէք խօսիր, ըսին` մենք իրարմէ անտեղեակ ենք: Մեր մասնագէտները շատ բարձր մակարդակի են, բայց, ցաւօք, գործակցութիւն չկայ: Սա նաեւ մտածելակերպի խնդիր է: Իսկ մեր աշխատանքը նաեւ նման հարթակներ ստեղծելն է»:
Միւս կարեւոր ծրագիրը, որ սկսած են նախորդ տարի, միտուած է գիտութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան խթանման դպրոցական շրջանակներու մէջ: Զրուցակցիս խօսքով` ամերիկեան դպրոցներու մէջ տեղի կ՛ունենան գիտական ցուցահանդէս, որուն աշակերտները իրենց նորարարական ծրագիրները կը ներկայացնեն` սորվելով խնդիրները գիտական ձեւով լուծել: Ատիկա նաեւ կը նպաստէ, որ աշակերտներու մէջ դեռ դպրոցական տարիքէն գիտութեան նկատմամբ սէր ու հետաքրքրութիւն յառաջանայ:
Փանոսեան կ՛ուզէ, որ նման ծրագիրներ նաեւ մեր մօտ իրականանան, եւ այդ ուղղութեամբ արդէն իսկ որոշակի քայլեր կատարած են: Անցեալ տարի շուրջ 80 դպրոցներու տնօրէններու եւ ուսուցիչներու համար գիտնականը դասընթաց կազմակերպած է` ներկայացնելով ծրագիրը, ատոր կարեւորութիւնն ու Հայաստանի մէջ իրականացնելու հնարաւորութիւնները: Այս տարուան Հոկտեմբերին 40 դպրոց պիտի մասնակցի նման ցուցահանդէսի: Ծրագրի հեղինակը յոյս ունի, որ անիկա Հայաստանի մէջ կայանայ, եւ մեր աշակերտները հնարաւորութիւն ունենան մասնակցելու նաեւ այդ ոլորտի մէջ դպրոցականներու համար իրականացուող ամերիկեան International science and engineering sphere ցուցահանդէսին, որուն կը մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներու աշակերտներ` պայքարելով լաւագոյն մրցանակի` 75 հազար տոլարի համար:
Կարեւորելով գիտութեան դերը երկրի տնտեսութեան զարգացման գործին` գիտնականը ցաւով կը նկատէ, որ գիտութիւնը Հայաստանի մէջ աւելի շատ բացասական ուղղութիւն ունի, քան դրական: «Նամանաւանդ համալսարաններու մէջ կը նկատենք մակարդակի անկում»,- կ՛ըսէ ան:
Գիտնականը տնտեսութեան զարգացման կարեւոր գործօն կը համարէ նաեւ գործարարութեան համար բարենպաստ միջավայրի ապահովումը, օրինակ` գործի աջակցման գրասենեակներու ստեղծումը, որոնք կ’աջակցին նոր գործարարութեան համար մատչելի վարկերու տրամադրման, խորհրդատուութեան, համագործակցութեան հարթակներու մատուցման եւ այլ միջոցներով:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստան-սփիւռք հերթական համաժողովին, ապա ատոր գործնական արդիւնքներուն մասին Փանոսեանի տեսակէտը հետեւեալն է. «Գործնական արդիւնք կ՛ըլլայ, եթէ կառավարութեան մարդիկ, որոնք այնտեղ ներկայ են, իսկապէս հետաքրքրուին ըսուած մտքերով եւ ատոնք իրագործելու ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկեն: Բայց եթէ ըսուածը միայն խօսք մնայ, գործի չվերածուի` կը դառնայ անիմաստ բան մը»:
Յամենայնդէպս, Փանոսեան այս համաժողովէն շատ աւելի մեծ ակնկալիքներ ունի, քան նախորդներէն: «Այս անգամ շատ աւելի լուրջ է տնտեսական կացութիւնը, եւ ամէն մարդ լուծումներու փնտռտուքի մէջ է, յուսանք` այս անգամ խօսքէն գործի կ’անցնին»,- կ՛ըսէ ամերիկահայ գիտնականը:
Semas Այնճարի աշակերտները կը մասնակցին Gajsma միջազգային մրցոյթին Պանքոքի մէջ
Հինգշաբթի 28 Սեպտեմբեր, 2017-ին Այնճարէն 12 աշակերտ-աշակերտուհիներ, ընկերակցութեամբ Պրն. Պօղոս Քէնտիրճեանին եւ Տիկ. Արաքս Հերկելեանին, նաեւ իրենց ծնողքին, մեկնեցան Պանքոք-Թայլանտ՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար Gajsma միջազգային տարեկան մրցոյթին:
20 երկիրներէ ժամանած եւ աւելի քան 450 մասնակից աշակերտներու, Լիբանանի պատուիրակութեան մաս կազմեցին Այնճարէն Կարէն Պօյաճեան, Քրիսթէլ Գազանճեան, Ռալֆ Աշգարեան, Հրակ Սթամպուլեան, Վագօ Գէօհիւլեան, Մաթիլտա Գէօհիւլեան, Սելին Աբրումեան, Լալէ Զէյթլեան, Արթիւր Հէքիմեան, Մոսիկ Հերկելեան, Սպիտակ Տէմիրճեան եւ Վարանդ Մաճարեան: Մրցոյթը տեղի ունեցաւ 1 Հոկտեմբեր, 2017-ին, Պանքոքի մէջ: Մեր աշակերտներուն մեծամասնութիւնը վերադարձաւ բաժակներով:
Մրցանակակիրները դիմաւորելու համար հանդիսութիւն տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի 3 Հոկտեմբեր, 2017-ին, Semas-ի կեդրոնէն ներս՝ Այնճար, որուն ներկայ էին Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, Ազգային Յառաջ Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի տնօրէն՝ Պրն. Արմէն Թաշճեան, Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի տնօրէն՝ Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան եւ աշակերտներուն հարազատներն ու ծնողքը:
Կը շնորհաւորենք բոլոր մասնակիցները, ինչպէս նաեւ ուսուցիչները, որոնց տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ Այնճար կը հպարտանայ իր զաւակներով:
Բախտաւորուած
Տէր և Տիկին Արէն եւ Նանօր Տանղեաններ, բախտաւորուած են մանչ զաւակով մը Արմէն (2 Հոկտեմբեր, 2017)
Կը շնորհաւորենք Տէր և Տիկին Տանղեանները, ինչպէս նաեւ իրենց հարազատները` այս ուրախ առիթով:
Գերմանիայում առաջին անգամ կայացավ Մուսալեռան հերոսամարտին նվիրված տոնակատարություն
Ավանդական զուռնա-դհոլով, հարիսայով, ազգային երգ ու պարով Գերմանիայի հայ համայնքն առաջին անգամ նշել է Մուսալեռան հերոսամարտին նվիրված տոնակատարությունը:
Գերմանիայի Ներքին Սաքսոնիայի Լեեր (Leer) քաղաքում բնակվող միակ հայ Թովմասյանների ընտանիքը Օսթֆրիզլանդ (Ostfrisland), Էմսլանդ (Emsland) մարզերի եւ Լաուենբուրգ (Lauenburg) քաղաքի համայնքների հետ համատեղ կազմակերպել էր Մուսալեռան հերոսամարտին նվիրված միջոցառում: Հատկանշական է, որ միջացառումն անց է կացվել 2015 թվականին տեղադրված Ցեղասպանության զոհերի հիշատակը հավերժացնող խաչքարին հարող այգում: Հատուկ այս առիթով Լեերի քաղաքային իշխանությունները թույլ են տվել քաղաքապետարանի դիմային մասում տեղադրել Հայոցը եռագույնը: Միջոցառումը ազդարարվել է ավտոերթով. ավտոմեքենաների համարների փոխարեն «Մուսա լեռ» եւ «Հայաստան» գրություններով մոտ 20 ավտոմեքենա, ծածանելով հայոց դրոշը, շրջել են Լեեր քաղաքով, որից հետո խաչքարին հարող այգում մեկնարկել է միջոցառման սկիզբը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին հաղորդում են միջոցառման կազմակերպիչները:
Միջոցատմանը մասնակցել են ոչ միայն Գերմանիայի ամբողջ տարածքում ապրող հայերը, այլ նաեւ գերմանացի պաշտոնյաներ, որոնց հայ համայքը դիմավորել է աղուհացով՝ ուղեկցելով զուռնա-դհոլի պարեղանակով: Միջոցառման սկզբում գերմաներեն եւ հայերեն ներկայացվել է Մուսալեռան հերոսամարտի պատմությունը, Գերմանիայի տարբեր համայնքներից ներկայացուցիչներ ողջունել են ներկաներին՝ կարեւորելով նման միջոցառումների անցկացման դրական ազդեցությունը Գերմանիայում հայ համայնքի զարգացման վրա: «Հայերի դեմ իրականացված Ցեղասպանությունն առաջինն էր աշխարհում, որի ժամանակ թուրքերը փորձեցին կոտորել եւ պատմության գիրկն ուղարկել մի ամբողջ ժողովուրդ: Նկատենք, որ Ֆրանց Վերֆելի կողմից գրված «Մուսա լեռան քառասուն օրը» գիրքն արգելվել էր Նացիստական Գերմանիայում, քանի որ փորձ էր արվում ամեն կերպ թաքցնել ճշմարտությունը: Այսօր, ահա, այդ գիրքը մեծ տարածում ունի Գերմանիայում, ավելին՝ Լեեր քաղաքում նշվում է հերոսամարտին նվիրված այս միջացառումը: Շնորհակալություն եմ հայտնում Լեերի միակ հայ ընտանիքի հայր Ալբերտ Թովմասյանին, ով այս միջոցառումով բացեց մեր աչքերը՝ ներկայացնելով տեղի ունեցածը»,-ասել է ներկաներից մեկը:
«Պարոն Թովմասյանն իրավամբ համարվում է մեր տարածաշրջանի հայ-գերմանական մշակութային կյանքի եւ միասնականության դեսպանը»,-իր խոսքում ասել է միջոցառման հատուկ հյուր, Քրիստոնեահրեական միասնական աշխատանքային կազմակերպության նախագահ, նախկին քաղաքապետ Քելլները, որը, ի դեպ, ժամանակին թույլատրել էր խաչքարի տեղադրումը: Իր ելույթի վերջում նա ավելացրել է հայերեն՝ «Հարիսա, մենք բոլորս ցանկանում ենք համտեսել հարիսա»: Ելույթներից հետո կենտրոնական եւ հյուսիսիային Գերմանիայի հոգեւոր հովիվ տեր Գնել քահանա Գաբրիելյանն օրհնել է հարիսան, որից հետո ազդարարվել է բուն միջոցառման մեկնարկը:
Լեեր քաղաքի նախկին քաղաքապետ Վոլֆգանգ Քելլերը, հայագետ, լրագրող, արձակագիր Յոխն Մանգելսենը, Քրիստոնյա եկեղեցիների արհմիության «Ացեկա» նախագահ Ուվէ Վիառդան առաջիններից էին, որ փորձել են հատուկ մուսալեռցիների բաղադրամասով մատուցված հարիսան: Միջացառումն ուղեկցվել է ավանդական երգ ու պարով, հայ փոքրիկները, ովքեր երբեւէ չեն եղել Հայաստանում, արտասանել են հայ գրողների հայտնի բանաստեղծություններից հատվածներ: Բացի հարիսայից միջոցառմանը մատուցվել է նաեւ թեմատիկ տորթ, որը պատրաստել էր Վիլեմ Սաֆենից հայ խոհարարը: