Հրապարակի վրայ է դասական եւ ազգային երգերու հանրածանօթ մեկնաբան՝ Գէորգ Հաճեանի «Յարատեւ Կռիւ» խորագիրով տեսահոլովակը (https://www.youtube.com/watch?v=zss3VgZ8y2E,):
Տեսահոլովակին նախաձեռնութիւնը եղած է անձամբ Հաճեանի կողմէն։
Բառերուն հեղինակն ու պատրաստողը Սամուէլ Թադէոսեանն է, իսկ երաժշտութիւնը կը պատկանի հայրենի երգահան եւ երգիչ՝ Սամուէլ Գալստեանին։
Բնագիրը նաեւ թարգմանուած է անգլերէնի, շնորհիւ Ռուբէն Ճամպազեանի եւ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի։
«Առայժմ թարգմանութիւնը զետեղած եմ տեսահոլովակին տակը, կը յուսամ նիւթական միջոցներ կը գտնեմ, եւ կարելի կ՚ըլլայ անգլերէնը զետեղել տեսահոլովակին մէջ, տողատակի ձեւով»,- նշած է երգիչը։
Տեսահոլովակը ամբողջութեամբ խաղարկային է եւ համալրուած է կենդանի նկարահանումներով: Այս գծով, անմիջական աջակցութիւն եւ արտօնութիւն տրամադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն կողմէ:
Նկարահանումները տեղի ունեցած են սահմանագիծի վրայ, Մռավի բարձունքներէն մինչեւ Ֆիզուլի զօրամասերը։
Տեսահոլովակին մէջ կ՝արտացոլուի հիմնական չորս միտք.-
Չորեքշաբթի 27 Դեկտեմբեր, 2017-ին մահացաւ Պօղոս Սարգիս Ղուկասեան (ծնեալ 1946)
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ 30 Դեկտեմբեր, 2017-ին կէսօրէ ետք ժամը 1-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն։
Երկուշաբթի 25 Դեկտեմբեր 2017-ին, Այնճարի Հայ Կաթողիկէ համայնքը նշեց Սուրբ Ծննդեան տօնը, «Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր» եկեղեցւոյ մէջ:
Արդարեւ տեղի ունեցաւ եկեղեցական արարողութիւն Սուրբ և Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին Ժողովրդապետ Հայր Մեսրոպ Թոփալեան քարոզեց ներկաներուն, ու մաղթեց բոլորին խաղաղութեամբ և ուրախութեամբ բարեբեր տարի մը:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին ջանքերով՝ յաջողեցաւ յայտնաբերել մինչ օրս անյայտ շուրջ քսանհինգ նոր լուսանկար` Մուսա Լերան հերոսամարտի մասնակիցները ֆրանսական ռազմանաւերուն միջոցով տարհանելու տեսարաններով: Այս մասին, դիմատետրի իր էջին, նշած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան։
Յայտնաբերուած բնօրինակ լուսանկարները առնուած են 1915 Սեպտեմբերին, ֆրանսական ռազմածովային նաւատորմի սպայի մը կողմէ: Լուսանկարները կը ներկայացնեն նաւակներով խաղաղ հայ բնակչութիւնը դէպի ռազմանաւեր տեղափոխելու գործողութիւնները, նաւերու տախտակամածին անոնց տեղաւորումն ու այլ տեսարաններ:
Նորայայտ բնօրինակ այս լուսանկարները հանրութեան պիտի ներկայացուին 2018 Ապրիլին:
Երկուշաբթի 25 Դեկտեմբեր, 2017-ին, «Կարմիր Լեռ» եւ «Արամ» կոմիտէներու պատուիրակութիւն մը՝ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, շնորհաւորական այցելութիւններ կատարեց՝ նախկին երեսփոխան՝ Սալիմ Աունի, նախկին նախարարներ Էլի Մարունիի եւ Նիքոլա Ֆաթթուշի, Ասորիներու Դաշնակցութեան կուսակցութեան եւ Լիբանանեան Ուժերու կուսակցութեան կեդրոններ, ինչպէս նաեւ ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Պուլոս Սաֆար եպիսկոպոսին: Պատուիրակութեան կ'ընկերակցէր Պրն. Ճորճ Փուչիկեանը: