Լուրերու Արխիվ

 

IMG 5621

Մահազդ

Կիրակի 17 Դեկտեմբեր, 2017-ին մահացաւՎարդգէս Գժտըրեան (ծնեալ 1933)
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երկուշաբթի 18 Դեկտեմբեր, 2017-ին կէսօրէ ետք ժամը 2-ին, Այնճարի Ս. Վարդարանի Տիրամօր եկեղեցւոյ մէջ ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը։

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն։

mahazt

Հինգշաբթի 14 Դեկտեմբեր, 2017-ին, մահացաւ Մարի Տէօքմէճեան Ինճէեան(Ծնեալ 1941):

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Հինգշաբթի 14 Դեկտեմբեր, 2017-ին կէսօրէ ետք ժամը 1ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Այնճարի գերեզմանատունը:

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն և հարազատներուն:

945ce84f 0775 4ad7 86c7 75afb6f94e76

Կազմակերպութեամբ Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին, Ուրբաթ 8 Դեկտեմբեր, 2017-ին առաւօտեան ժամը 10-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպէնքեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ամանորի առթիւ նախաճաշ:

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Տիկ. Վարդուկ Գապագեան եւ թամատան էր Տիկ. Նարէ Քէօշկէրեան:

Ներկաները ուրախ մթնոլորտով պարեցին Այնճարի շուրջ պարը, եւ բարձր տրամադրութիւններով ու նուէրներով մեկնեցան տուն:

 

fa94bc6c-0a44-4c50-999d-1f0cbdff3b79
f6ff9f19-d8eb-4bc9-a167-642cb25214e3
c70e7ed2-556d-4ce8-aab2-e06ac68f9c61
b737439a-e9dd-45d7-8637-f5221e4d5039
9902bbf0-52fb-4c2c-b963-41c37a1c362b
5999fe6a-0045-4b25-8d1c-006345bfebe0
1663a0d0-3e45-409f-a034-c2aa6c5d9328
965fe106-61d1-4355-a096-86d4d9804d3b
945ce84f-0775-4ad7-86c7-75afb6f94e76
542fef5c-7aaf-4f8c-b466-6d873ae31cf3
0164dfd0-9632-452f-a111-4f86a72df3fb
195e7288-7930-454b-b15f-c1b221e11831
00133b52-e739-4a0b-a724-034609e2a654
095a89dd-c558-4954-af6d-65035734fde3
9c47b281-8252-4127-a0a1-af54fb5463e6
45e8c766-6e72-42c4-a645-c69a4b6ade43
6b895f0e-368b-4bd1-9f94-681c4ae733e4
3ba15552-795a-410c-bd79-0b2050d5f4c7
1df99e56-9fa2-4c1d-8bb1-ec74911efa78
0e0092df-ed11-4a40-983c-dc34b98454f3

 

IMG 7268

Կազմակերպութեամբ Այնճարի քաղաքապետական խորհուրդին եւ նախագահութեամբ Պեքաայի նահանգապետ Անթուան Սուլէյմանի, Շաբաթ 9 Դեկտեմբեր, 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին լուսաւորուեցաւ Այնճարի հրապարակին վրայ զետեղուած տօնածառը:

Տօնածառի լուսաւորման հանդիսութեան ներկայ էին Պեքաայի նահանգապետ Անթուան Սուլէյման, Այնճարի բարեզարդման յանձնախումբի նախագահ՝ Պրն. Ճորճ Փուչիկեան,  Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, Միջին Պէքայի քաղաքապետութիւններու համախմբումի նախագահ Պրն. Մոհամմէտ Ալպասըթ, Մաքսէի քաղաքապետ Պրն. Աթէֆ Ալ  Մայս, Այնճարի փոխ քաղաքապետ իրաւաբան Նազօ Անտէքեան, Պուրճ Համուտի փոխ քաղաքապետ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:

Հ.Մ.Ը.Մ Այնճարի շեփորախումբի կատարողութեամբ քայլերգներու ունկընդրութենէն ետք, խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, եւ նշեց որ Այնճար միշտ ցոյց կու տայ ու կը վայելէ փոխադարձ յարգանք շրջակայ գիւղերէն:

Ապա, խօսք առաւ Պեքաայի նահանգապետ Անթուան Սուլէյման, որ իր խօսքին մէջ նախ շնորհաւորեց ներկաները Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթով, ապա ան ըսաւ. «Հայ ազգը, որ առաջին քրիստոնեայ ազգն է աշխարհի վրայ, մինչեւ օրս կը քալէ Յիսուս Քրիստոսի ճամբուն վրայ, որ սիրոյ, ներողամտութեան եւ խաղաղ կեանքի ճամբան է:» Ան շարունակեց. «Հայ ժողովուրդը մշակոյթով հարոստ, արուեստի տէր ազգ մըն է, եւ մենք չենք զարմանար այսօր այս նախաձեռնութեան դիմաց, ուր ամբողջ Այնճարը կը փայլի տօնական մթնոլորտի մը մէջ:»

Ապա, ան պարգեւատրուեցաւ յուշանուէրով մը Այնճարի քաղաքապետութեան կողմէ:

Հանդիսութեան աւարտին, պաշտօնական պատուիրակութիւնն ու ներկաները մեկնեցան «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոն, ուր հիւրասիրուեցան:

Պաշտօնական պատուիրակութիւնը նաեւ այցելեց Այնճարի Հ.Մ.Ը.Մ-ի համալիրը:

IMG7428
IMG7421
IMG7418
IMG7415
IMG7396
IMG7390
IMG7371
IMG7362
IMG7360
IMG7353
IMG7348
IMG7343
IMG7341
IMG7342
IMG7333
IMG7330
IMG7326
IMG7324
IMG7317
IMG7313
IMG7310
IMG7298
IMG7282
IMG7268
2499365217235271676672565469539004949690158n

 

IMG 6979

Հովանաւորութեամբ՝ Լ.Օ.Խ.-ի շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ՝ Այնճարի քաղաքապետութեան, Ուրբաթ, 1 Դեկտեմբեր,  2017-ին բացումը կատարուեցաւ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած, Ամանորեայ տօնավաճառին, մասնաճիւղիս «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս:

Բացման հանդիսութիւնը, աղօթքով եւ օրհնութեամբ, կատարեց Տէր Միւռոն Քհն. Աւէտիսեան: Ներկայ էին Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան, քաղաքապետ ընկ. Վարդգէս Խօշեան, Կարմիր Լեռ Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Ժագ Տաղլեան, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութենէն, ընկերուհիներ՝ Մարօ Թազեան եւ Ցօղիկ Հաւաթեան, Լ.Օ.Խականներ եւ համակիրներ:

Տօնավաճառին իրնեց մասնակցութիւնը բերին, Աղթամար մասնաճիւղի ձեռարուեստի եւ ընկերային յանձնախումբերը, որոնք,  իրենց ճարտար մատներով պատրաստած ձեռագործներ, յուշանուէրներ եւ հայկական ամանորեայ յատուկ ուտեստեղէններ վաճառեցին: Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Այնճարէն այլ շնորհալի տիկիններ առիթին յատուկ արտադրութիւններով:

 Վարչութեան անունով ընկհ. Լիզա Քէլէշեան Թիւմպէրեան բարի գալուստի խօսքերէն ետք, անդրադարցաւ հայկական ասեղնագործութեան եւ անոր պահպանման ու տարածման կարեւորութեան: Ապա Այնճարի քաղաքապետ՝ ընկ. Վարդգէս Խօշեան. դրուատեց հայ տիկնոջ դերը դարերու ընթացքին մինչեւ օրս: Որմէ ետք Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան նշեց իգական սերի կարեւորութեան մեր ընտանիքներէն ներս: Կարմիր Լեռ Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Ժագ Տաղլեան, ի տես ձեռնարկի յաջողութեան շնորհաւորեց ընկերուհիները: Ի վերջոյ, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան անունով, ընկհ. Ցօղիկ Հաւաթեան խօսք առնելով շեշտը դրաւ հաւաքական աշխատանքի դրական արդիւնքին վրայ եւ հաստատեց թէ, պատկան մարմինները միշտ թիկունք կանգնած են Լ.Օ.Խ.-ի աշխատանքներուն յաջողութեան:

Տօնավաճառը շարունակուեցաւ նաեւ Շաբաթ, 2 Դեկտեմբեր-ին ուր, վաճառքին առընթեր, Կաղանդ պապուկը իր օգնականներով այցելեց Այնճարի երեխաներուն: Ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտին մէջ ան 200 փոքրիկներու  բաժնեց նուէրներ. մեծ անձեռոց եւ ուտեստեղէն, տրամադրուած Այնճարի քաղաքապետութենէն:

 

IMG7250
IMG7227
IMG7216
IMG7205
IMG7184
IMG7039
IMG7033
IMG7031
IMG7025
IMG7011
IMG7002
IMG7003
IMG7000
IMG6999
IMG6997
IMG6996
IMG6992
IMG6988
IMG6987
IMG6983
IMG6979
IMG6976
IMG6974
IMG6971
IMG6970
IMG6966
IMG6961
IMG6965

?>