Կազմակերպութեամբ LRI ոչ կառավարական մարմինին և գործակցաբար Այնճարի քաղաքապետութեան Այնճարի փառատօնի մարմինին, Երեքշաբթի 30 հոկտեմբեր 2018-ին առաւօտեան ժամը 11:00ին «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» Սրահին մէջ , տեղի ունեցաւ զեկուցական հանդիպում մը , որուն հիմնական նիւթն էր Այնճարի մէջ Լիբանանի ամենամեծ հանրային պարտէզի կառուցման աշխատանքներուն հետ առնչուող ծրագիրներու ներկայացում:
Հանդիպումին ներկայ էին գիւղի հոգեւոր հայերը, Այնճարի Քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչը, և գիւղի զանազան միութեանց ներկայացուցիչները ,ինչպէս նաեւ USAid բաժանմունքի ներկայացուցիչները:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան ըսելով. « Այսօր շատ խորհրդանշական և պատմական օր մը կը թուի ինծի համար վերջնականացնելու որոշումը յեմնելու համար Լիբանանի մեջ առաջին հանրային պարտէզը մեր գիւղին՝ Այնճարի մեջ». Ան աւելցուց, «այս գործունէութիւնը պիտի փաստէ համագիւղական այնպիսի աշխատանք մը որ պիտի աւելցնէ գործի կարելիութիւնները Այնճարի բնակիչներուն համար, ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներէն մէծ թիւով զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ և բոլորը պիտի ուզեն գալ հոս և վայելէլ մեր գիւղի մէջի հանրային պարտէզը»: Իր խօսքի աւարտին քաղաքապետը հրաւիրեց դոկտ. Մայա Նահմէ-ն՝ ոչ կառավարական մարմինի տնօրէնուհիին և օրիորդ Ժօուէլ Սալամէ-ին որ LRI ծրագրի համակարգողն էր, և խորին շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ինչպէս նաեւ իրենց գործակիցներուն ճգնաջան աշխատանքին որ կը կատարեն յանուն մեր գիւղի բարգաւաճման: Ապա դոկտ. Մայա Նահմէ-ն ներկաներուն ընդհանուր տեղեկութիւն մը տուաւ Այնճարի մէջ Լիբանանի ամենամեծ հանրային պարտէզի կառուցման աշխատանքներուն հետ առնչուող ծրագիրներուն մասին և ըսաւ.«Մենք ուզեցինք Այնճարը ըլլայ այն վայրը որ պիտի կարուցուի Լիբանանի ամենամեծ հանրային պարտէզը, որովհետեւ այս գիւղը և իր մէջի բնակիչները կրցած են և պիտի կրնան պահել բնութիւնը և իր մէջ գտնուող բնական հարստութիւնները: Ան աւելցուց,«Հանրային պարտէզը շատ մեծ ներդրում պիտի ունենայ գիւղին, բնակիչներուն, ինչպէս նաեւ իր շրջապատին վրայ»: Որմէ ետք խօսք առաւ օրիորդ Ժօուէլ Սալամէ-ին որ LRI ոչ կառավարական մարմինին մասին փոքր տեղեկութիւն մը տուաւ, ապա տեսաերիզի վրայ մանրամասն տեղեկացուց ներկաներուն ծրագրին մասին: Վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ հարցազրոյց մը դոկտ. Մայա Նահմէի և ներկաներուն միջեւ, և զրոյցի աւարտին օրիորդ Ժօուէլ Սալամէ-ն ներկաներէն պատանջեց գործոնէութեան քարտէսին վրայ մօտէն ակնարկում մը կատարեն որ պատրաստուած էր LRI ոչ կառավարական մարմինին կողմէ և խնդրեց որ իրենց քննարկումները զետեղեն թուղթերուն վրայ:
Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն և ներկաները գոհ սրտով մեկնեցան սրահէն:
Հովանաւորութեամբ Այնճարի « Կարմիր Լեռ» կոմիտէին և կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղին, Շաբաթ 6 Հոկտեմբեր 2018-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ անկախութիւններու առիթով ազգագրական և ազգային երգերու երեկոն ուր ելոյթ ունեցան Հայրենի երգիչներ՝ Գոհար Յովհաննիսեան , Ռուբէն Սասունցի և Աղասի իսպիրեան:
Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան անունով՝ Նաթալի Քէնտիրճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հրաւիրեց բոլորը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու տաղանդաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը: Ան յայտնեց թէ «Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ անկախութիւններու առիթով՝ ազգագրական և ազգային երգերու փառատօն է այսօր»: Շարունակելով ան ըսաւ.«Բազմախորհուրդ ու բազմաշերտ է աւանդը Մայիս 28-ին, անգնահատելի ներգործութեամբ յատկապէս սփիւռքի Հայութեան կեանքին վրայ: Սփիւռքի մաշեցնող պայմաններուն դէմ, դպրոցներու եւ ակումբներու մթնոլորտին մէջ Մայիս 28-էն ժառանգուած տեսիլքը հետապնդուեցաւ և այդ տեսիլքով հայրենիք կերտուեցաւ և իրերայաջորդ սերունդներ հաւատարիմ քաղաքացիներ դարձան այդ հոգեկան հայրենիքին: Մայիս 28-ը գերազանց հպարտութեան աւանդը ձգեց սփիւռքին, և իրականութիւն դարձուց երկրորդ հանրապետութիւնը»: Ապա բեմ հրաւիրեց ազգագրական և ազգային երգերու մեկնաբաններ՝ Գոհար Յովհաննիսեան, Ռուբէն Սասունցի և Աղասի Իսպիրեան:
Մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ Հայրենի երգիչները երգեցին ազգագրական եւ Ռազմահայրենասիրական երգեր: Խանդավառուած ազգագրական երգերու ջերմութենէն ժողովուրդը շուրջպար բռնեց ու յագեցուց իրաւ արուեստի ծարաւ հոգիները` ամրապնդելով մշակութային կամուրջը Հայաստանի եւ Այնճար հայաւանի մէջ:
Արդարեւ, Համազգայինը, որուն նպատակն է ձգտիլ լաւագոյնին, գեղեցիկին, որակաւորին` խթանելով բարձրորակ արուեստը, անգամ մը եւս հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, սփիւռքեան եւ մասնաւորաբար լիբանանեան դժուարին պայմաններուն մէջ, երբ մշակոյթ պահպանելը եւ տարածելը օրէ օր աւելի կը դժուարանան, եկաւ դարձեալ ըսելու. «Մենք տէրն ենք մեր մշակոյթին ու նախանձախնդիր` զայն հարազատօրէն փոխանցելու մշակութասէր հանրութեան»:
Տարիներ առաջ Մուսա Լերան ժողովուրդը գաղթեց իր բնօրրանէն, ուր ձգեց իր յոյսերը, երազները, իր դարաւոր օճախը, իր անառիկ լեռներն ու բարեբեր դաշտերը: Եկաւ հոս, Այնճար, ճահճահուտ հողին վրայ իր բոյնն ու օճախը վերահաստատելու, կերտելու իր կեանքը, ապագան, հայ ապրելու հաւատքով, գոյատեւելու ամուր կամքով: Իրեն հետ բերաւ լեզուն ու սովորութիւնները, իղձերը եւ հաւատքը, տհոլն ու զուռնան եւ շուրջպարը: Հազիւ իր նոր բնակավայրը գտած, բազուկները սօթտած լծուեցաւ վերաշինութեան եւ հիմը դրաւ նոր Մուսա լերան մը` Այնճարի իր նոր օճախին, ուր կատարեց իր վարուցան, հիմնեց դպրոցն ու եկեղեցին:
Դարեր ամբողջ հողին հետ ապրած, անբաժան իր մաճէն, խոփէն ու եզներէն, ցանել սկսաւ. թեւին շարժումը ընելով անպարագիծ, որպէսզի բաժին հանէ անկարին ու թշուառին, որբին ու որբեւայրիին, իսկ հունձքերուն նորընծան չմոռցաւ մատուցել սուրբ սեղանին, անոր նշխարին, Աստուածամօր եւ կարիվէր Յիսուսին:
69 տարիներ առաջ Այնճարի մէջ հոկտեմբեր ամսուան առաջին կիրակին կոչուեցաւ «Հունձքի օր» միսիոնարուհի եւ կրթական գործիչ` քոյր Հետուիկի կողմէ , որ իր ծառայութեան դաշտը ընտրած էր հայ ժողովուրդը, ի մասնաւորի Մուսա Լերան զաւակները , նոր հիմադրուած Այնճար հայաւանը:
Շատ գեղեցիկ երեւոյթ է ասիկա, ամբողջ շաբաթ մը կիներ, օրիորդներ, մեծ խանդավառութեամբ կը թակեն գիւղի բոլոր դռները անխտիր. կը հաւաքեն այն, ինչ որ կը տրուի իրենց գոհունակ ժպիտ մը, նիւթական օժանդակութիւն. մամիկի մը լուման եւ արտերուն ու պարտէզներուն բարիքներէն ու բերքերէն` գեղջուկին տքնաջան աշխատանքի արդիւնքէն, որուն մէջ դրած էր հողագործը իր արտերուն յոյզը, բոլոր յոյսերը, բազկին ուժը եւ գոյատեւելու սրբազան հաւատքը: Բաժին կը հանէ ծերին եւ անկարին: Այս հաւաքուած հունձքը եւ բերքը կը տրամադրուի հայ ծերանոցի, ուր մեր պապիկներն ու տատիկները իրենց կեանքի վերջալոյսը ապահով ձեռքերու մէջ կ՛անցնեն. անպայման մեր տարեցներուն օրհնութիւնը ու աղօթքը անձրեւի պէս պիտի թափի մեր արտերուն վրայ:
Հոկտեմբերի առաջին կիրակին Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցին կ՛ունենայ տօնական եւ հանդիսաւոր տեսք: Գիւղի բոլոր բնակչութիւնը, առանց դաւանանքի խտրութեան, հոն ներկայ է, հաղորդուելու օրուան խորհուրդով: Բեմը զարդարուած է դաշտերու բերքերու երփներանգ գոյներով, կանաչեղէնով, հաւատքով եւ յոյսով, ցորենի որայով, խաչբուռով, ներկայութեամբ հայ ծերանոցի պատսպարեալներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն օրուան պաշտամունքին` երգերով, նուագով, ասմունքով, իսկ մեծ մասը լուռ ու մունջ, աղօթքի եւ օրհնութեան պատառիկ մը իրենց շրթներուն ծայրը, արտասուաթոր աչքերով կը հետեւի պաշտամունքին:
Այս տարի եւս Կիրակի, 7 հոկտեմբերին մեր պապիկները եւ տատիկները հիւրընկալուեցան Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կողմէ` իրենց հոգածուներուն եւ տնօրէնութեան հետ:Օրուան գոհաբանական պաշտամունքին, եկեղեցւոյ հովիւ պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանի կողքին, մասնակցեցաւ ՔԱՀԼ-ի տնօրէն ` պատուելի Սեպուհ Թերզեան, ծանօթացնելով հաստատութեան ներքին կեանքը ու իրենց ունեցած ծրագիրները` ծերունիներուն բարօրութեան համար կատարուած ու կատարուող աշխատանքներուն վերաբերող:
Պատուելի Սեպուհ Թերզեան օրուան պատշաճ պատգամը փոխանցեց ժողովուրդին` կեդրոնանալով հունքի տօնին եւ անոր կարեւորութեան վրայ:
Եկեղեցւոյ մթնոլորտը յուզիչ եւ խորհրդաւոր էր:
Ահաւասիկ 21-րդ դարու, հոս, արտերկրի մէջ, Լիբանանի մէկ անկիւնը` Այնճարի հայաւանին մէջ տակաւին ի զօրու է տալու եւ ծառայելու այս տօնը: Տալ սիրայօժար` բերքին լաւագոյնը, ոչ թէ հեթանոս դիցերուն եւ դիցուհիներուն, այլ մեր մամիկներուն ու պապիկներուն, հայ ծերանոցին, որպէսզի անոնք ապահով զգան իրենց կեանքի վերջալոյսի սեմին:
Վարձքը կատար բոլորին. մեր մաղթանքն է, որ յարատեւէ այս գեղեցիկ սովորութիւնը եւ օրինակ դառնայ այլոց ալ:
Հոկտեմբեր 2018
Հովանաւորութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ Այնճարի Մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետական կազմին, Կիրակի 7 Հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5:00ին, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ կազմակերպեց Այնճարի Հ.Մ.Ը.Մ-ի Վերամուտի Պաշտօնական հանդիսութիւն:
Այնճարի փողերախումբի առաջնորդութեամբ, սկաուտական փաղանգը տողանցելով ուղղուեցաւ դէպի «Ս. Պօղոս» եկեղեցի, ապա «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տուն:
Յայտագիրը ընթացք առաւ դրօշակի արարողութեամբ, որուն յաջորդեց սկաուտներու աստիճաններու յանձնումը:
Ապա, Շրջանայինի խմբապետ՝ եղբայր Կարէն Աբրահամեան, խօսք առաւ շրջանայինի սկաուտական խորհուրդի և խմբապետութեան անունով, շնորհաւորեց նոր պաշտօն և աստիճան ստացող խմբապետները, յաջողութիւն մաղթելով 2018-2019 տարեշրջանի բոլոր աշխատանքներուն:
Հ.Մ.Ը.Մ Այնճարի մասնաճիւղի սկաուտներուն անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց քոյր Նանոր Թասլաքեան: Ողջունելով ներկաները, ան մաղթեց բոլորին որ 2018-19 տարեշրջանը ըլլայ բեղուն գործունէութեամբ և յաջողութիւններով լի տարի մը, համայն Հ.Մ.Ը.Մ-ի ընտանիքին համար: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ծնողներուն, որոնք իրենց Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի և հայապահպանման տեսիլքի քաջ գիտակցութեամբ իրենց զաւակները կը վստահին Հ.Մ.Ը.Մ ընտանիքին:
Յայտագիրը շարունակուեցաւ սկաուտական խումբերու ներկայացումներով, կանչերով, երգերով, ծափերով, պարերով և բուրգերով:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ հիւրասիրութեամբ:
Կեցցէ՜ Հ.Մ.Ը.Մ-ի ընտանիքը, մանաւանդ անոր չարքաշ և հայրենասէր սկաուտները:
«Գ. Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս մինջեւ երեկոյեան ժամը 6:00: