Լուրերու Արխիվ

Այսօր` երեքշաբթի 27 Նոյեմբեր 2018-ին առաւօտեան ժամը 9:45-ին «Սարգիս Զէյթլեան» Կեդրոն այցելեցին Մելանքթոն և Հայկ Արսլանեան Ճեմարան Վարժարանի 11-րդ Դասարանի աշակերտները, ուր անոնք Հ.Յ.Դ. «կարմիր Լեռ» կոմիտէի գրասենեակին մէջ դիմաւորուեցան Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ընկեր Ժագ Տաղլեանի կողմէ, և մօտէն ծանօթացան Այնճարի պատմութեան և մշակոյթին:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

1 2

2 2

3

4

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, երէկ` երեքշաբթի, 13 նոյեմբեր 2018-ին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ,  Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Խրիմեան Հայրիկ» մենաներկայացումը` հեղինակութեամբ, խաղարկութեամբ եւ բեմադրութեամբ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի, որուն խաղարկութեան մէջ ընկերակցեցան Այնճարի Ազգային «Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարանի եւ Հայ աւետարանական վարժարանի աշակերտներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ դոկտ. Թամար Յովհաննիսեան, որ ներկայացուց մտաւորական, գրող, թատերագիր, բեմադրիչ եւ դերասան դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը` անդրադառնալով նշեալ բոլոր մարզերուն մէջ անոր վաստակին եւ արժէքին:

Ներկայացման աւարտին կատարուեցաւ Խրիմեան Հայրիկի կերպարը հարազատօրէն ներկայացնող դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի պարգեւատրումը: Համազգայինի անունով խօսք առաւ Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան, որ բարձր գնահատելով ներկայացուած թատերական գործը, իբրեւ երախտիքի նշան յուշանուէր յանձնեց Մարգարեանին:

IMG_4811.JPGIMG_4771.JPGppp.jpgIMG_4766.JPG

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, հինգշաբթի, 8 նոյեմբեր 2018-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի «Հարսանիք թիկունքում» թատերական ներկայացումը. Այնճարի քաղաքապետութեան աջակցութեամբ ներկայ գտնուեցան նաև գիւղիս միութիւններու վարչական կազմերը, որ մեծ հիացումով և յուզումով հետեւեցան ներկայացումին:

20181108_223210.jpg

Screenshot_20181114-184832_Instagram.jpg

 

IMG_4686.JPG

 

IMG_4691.JPG'

IMG_4692.JPG

IMG_4683.JPG

 

?>