Այսօր 4 դեկտեմբեր 2018-ին առաւօտեան ժամը 4։00֊ին յետ երկարատեւ հիւանդութեան մահացաւ Արուսեակ Այնթապլեան, ծնեալ Մուսա Լեռ (1918)֊ին ։
Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը՝ Չորեքշաբթի 5 դեկտեմբերին կէսօրուան ժամը 2։00֊ին 《Ս. Պօղոս》 եկեղեցւոյ մէջ ։
Ցաւակցութիւնները կ'նդունուին《Ս. Պօղոս》 եկեղեցւոյ 《Գ. Կիւլպէնկեան》 սրահին մէջ յետ թաղման արարողութեան մինջեւ երեկոյեան ժամը 6։00։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն և հարազատներուն:
Կազմակերպութեամբ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Միւռոն Քհն. Աւետիսեանի և հոգեւոր լսարան յանձնախումբին ուրբաթ, 30 նոյեմբեր 2018֊ին երեկոյեան ժամը 7։30֊ին եկեղեցւոյ《Գ. Կիւլպէնկեան》 սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «երիտասարդական հաւաք», ուր մասնակցութիւն բերին երիտասարդ զոյգեր և ամուրիներ։
Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց Տիկին Թամար Խօշեան, ապա Տէր Միւռոն Քհն. Աւետիսեան խորհրդակցութիւն կատարեց զոյգերու համերաշխ ապրելակերպի ձեւերու, մանկավարժական, հոգեբանական և քրիստոնէական տեսանկիւններով, ուր ներկաներն ալ իրենց մասնակցութիւնը բերին կարծիքներ փոխանակելով։
Ընթացքին, տեղի ունեցաւ երգեցողութիւն, տիկին Սիլվա Գարնէշեանի և իր դուստրին՝ Նարօտին ընկերակցութեամբ, ինչպէս նաև տեղի ունեցաւ խմբային երգեցողութիւն։ Մտերմիկ և հաճելի մթնոլորտէն ներկաները գոհ սրտով և հոգիով մեկնեցան սրահէն։
Մինչեւ յաջորդ հանդիպում։
Մահազդ
Այսօր 3 դեկտեմբեր 2018-ին մահացաւ Համբարձում Խօշեան ( Պասիլ) ծնեալ Մուսա Լեռ (1927)֊ին։ Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը՝ երեքշաբթի 4 դեկտեմբերին կէսօրուան ժամը 1։00֊ին 《Ս. Պօղոս》 եկեղեցւոյ մէջ ։
Ցաւակցութիւնները կ'նդունուին《Ս. Պօղոս》 եկեղեցւոյ 《Գ. Կիւլպէնկեան》 սրահին մէջ երեքշաբթի և Չորեքշաբթի առաւօտեան ժամը 10։00էն մինչև երեկեյեան ժամը 6։00, Իսկ հինգշաբթի օր յանգուցեալին բնակարանը։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն և հարազատներուն:
Կազմակերպութեամբ համազգայինի Այնճարի 《Պ. Սեւակ》 մասնաճիւղին 1 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին 《Սարգիս Զէյթլեան》 կեդրոնի 《Մովսէս Տէր Գալուստեան》 սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Յուշ Երեկոյ նուիրուած Շարլ Ազնաւուր֊ի ։
Ներկաները յոտնկայս մէկ վարկեան լրութեամբ յարգեցին աշխարահռչակ երգիչի լոյս յիշատակը:
Դոկտ. Թամաբ Յովհաննիսեան ներկայացուց Շարլ Ազնաւուրի կեանքի և ստեղծագործութեան կարեւոր, յետաքրքրական փաստերը: Ետքը լեցուն սրահը մեծ ոգեւորութեամբ լսեց Շարլ Ազնաւուրի համերգը տեսաերիզով: Այդպիսով նաև Այնճարը վկայ է որ անմահ է Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը: