Հինգշաբթի, 27 դեկտեմբեր 2018ին, Այնճարի Հայ Առաքելական համայնքի «Ս. Պօղոս» Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, ժողովրդային մասնակցութեամբ ու աղօթակցութեամբ, ժողովրդային հանդիսաւոր թափօրը, Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու, Դպրաց Դասի եւ Ս. Պօղոս առաքեալի հրաշարար մասունքի առաջնորդութեամբ՝ «Ս. Պօղոս» Եկեղեցիէն ուղղուեցան դէպի Այնճարի Ազգային կառոյցները (Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» Մասնաաճիւղ, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոն, Հ.Մ.Ը.Մ. ակումբ, «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոն՝ Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէ եւ Համազգայինի «Պ. Սեւակ» Մասնաճիւղ, «Գարակէօզեան» հաստատութիւն, Ազգ. «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» քոլէճ) եւ քաղաքապետարան, աղօթելով ու շարականներու երգակցութեամբ սուրբին բարեխօսութիւնը եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը խնդրուեցաւ այնճարահայութեան, հայրենիքին, սփիւռքին եւ համայն աշխարհին համար: Աւարտին, Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պօղոս առաքեալի մասունքով «Ջրօրհնէք» կատարուեցաւ եւ հաւատացեալներ իրենց հետ տուն տարին բժշկարար օրհնուած ջուրէն:
«Յառաջ» Պատանեկան Միութեան կրտսեր պատանիները այս կաղանդի առթիւ կը փոխեն սովորական ամանորեայ հաւաքոյթի բնոյթը եւ կը ստանձնեն Կաղանդ Պապային դերը: Մէկ ամսուայ աշխատանքով, պատանիները հաւաքեցին իրենց նախասիրած կարդացած գիրքերը, անձամբ զատելով տան գրադարաններէն: Անոնք յաջողեցան հաւաքել աւելի քան 150 գիրքեր, որոնք կ'ընդգրկեն 3 լեզուներ 6-12 տարեկան ընթերցողներու յարմար: Գիրքերը կուտակուելէ ետք, պատանիները անոնց կողքերէն ներս սրտաբուխ մակագրութիւններ արձանագրեցին իրենց ստորագրութեամբ: Հաւաքոյթէն առաջ, ընկերները բաթթեցին բոլոր գիրքերը եւ դասաւորեցին ըստ լեզուի ու տարիքի: Եւ վերջապէս, 29 դեկտեմբեր, 2018ին, պատանիները շրջեցան Այնճարի բոլոր փողոցները ինքնաշարժներով, ամանորեայ երգերով դիմաւորեցին մանուկներուն եւ բաշխեցին գիրքերը անոնց, առանց խտրութեան: Մէկուկէս ժամ ետք արդէն բոլոր գիրքերը սպառեցան:
Բաժնեկցելով գոհունակութիւն ստանալէ ետք, պատանիները աւարտեցին ձեռնարկը խրախճանքով:
Այս ձեռնարկը գլխաւորաբար ունէր երեք նպատակներ՝ տարածել ընթերցասիրութիւնը, զարգացնել բաժնեկցելու սովորութիւնը եւ պայքարիլ այլամերժութեան դէմ:
երեքշաբթի 25 Դեկտեմբեր 2018-ին, Այնճարի Հայ Կաթողիկէ համայնքը նշեց Սուրբ Ծննդեան տօնը, «Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր» եկեղեցւոյ մէջ:
Արդարեւ տեղի ունեցաւ եկեղեցական արարողութիւն Սուրբ և Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին Ժողովրդապետ Հայր Մեսրոպ Թօփալեան քարոզեց ներկաներուն ծնունդի խորհուրդին մասին, ու մաղթեց բոլորին խաղաղութիւն ուրախութիւն, արեւշատութիւն և բարեբեր տարի մը:
Ներկայ էր հոն բազմութիւն մը, լսելու Սուրբ Ծննդեան հոգեպարար արարողութիւնը:
Սրբազան արարողութենէ ետք, եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահին մէջ, ժողովրդապետ՝ Հայր Մեսրոպ Թօփալեան, ընդունեց Ս. Ծննդեան շնորհաւորութիւնները: Ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ Հիւրասիրութիւն Հայ Կաթողիկէ Տիկնանց Վարչութեան կողմէ:
«Յառաջ» Պատանեկան Միութեան կրտսեր պատանիները 4րդ յաջորդական տարին ըլլալով կը նշեն Մուսա Լերան աւանդութիւնը՝ «չանթու քարիլ»ը: Անոնք խումբերու բաժնուած կը շրջին Այնճարի բոլոր թաղամասերը իրենց «չանթու»ներով (տոպրակներով) եւ կը «քարին» (կը նետեն) տուներուն դռներուն առջեւ, դռները կը զարնեն ու կը պահուըտին: Տնեցիները անոնց մէջ կը լեցնեն չիր, չամիչ եւ պտուղներ: Պատանիները անոնց նաեւ կը նուիրեն ամանորեայ ձեռային աշխատանքներ, վրան արձանագրուած բարբառով մաղթանք մը: Ձեռնարկի աւարտէն ետք, պատանիները իրենց հաւաքածները կը բաժնուին:
Կիրակի 23 դեկտեմբեր 2018֊ին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ՝ յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ ընկեր Պօղոս Ղուկասեանի Ա. Տարելիցի հոգեհանգստեան պաշտօնը ներկայութեամբ՝ Պօղոս Ղուկասեանի ընտանեկան պարագաներուն, Այնճարի 《Կարմիր Լեռ》 կոմիտէին, Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեանի, զանազան միութիւններու և յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն, զոյգ վարժարաններու տնօրէններուն, աշակերտներու, և բազմաթիւ ներկաներու։
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, բոլոր ներկաները մասնակից դարձան Այնճարի կենսոլորտի յանձնախումբին կազմակերպած 《Պօղոս Ղուկասեան》֊ի անուան պուրակի բացումին որ կատարուեցաւ անմահացնելու համար ողբեցեալ ընկերոջ անմահ յիշատակը։