Կիրակի, 28 յուլիսին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագի մատուցումէն ետք, եկեղեցւոյ առջեւ տեղի ունեցաւ Անդաստան եւ աղաւնի թռցնելու արարողութիւն: Ապա յուշարձանի համալիրին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Մուսա լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւններուն:
Բացման խօսքով Ռիթա Լագիսեան ողջունելէ ետք ներկաները ընդհանուր ծանօթացում մը կատարեց ներկաներուն Այնճարի 80-ամեայ պատմութեան` ըսելով. «17 յուլիս 1939-ի վարդավառի տօնին, մուսալեռցին կամաւորաբար լքեց իր հայրենի հողն ու տունը, դժուար պայմաններու մէջ գաղթեց եւ 13 սեպտեմբերին հասաւ Այնճար, ուր յաջողեցաւ կարճ ժամանակի մը մէջ Այնճարը դարձնել իր երկրորդ տունը` հայրենիքը, հասցնելով իր այսօրուան բարգաւաճ վիճակին, շնորհիւ իր կազմակերպուածութեան եւ համատեղուած աշխատանքին»: Լագիսեան իր խօսքի աւարտին շեշտը դրաւ մուսալեռցի մամիկներուն եւ պապիկներու երազին իրականացման վրայ եւ ըսաւ. «Մենք յարատեւօրէն եւ հաստատակամօրէն պէտք է մեր բոլոր կարելիութիւնները օգտագործենք ի նպաստ մեր գիւղի բարգաւաճման, հայապահպանման եւ երազներու իրականացման»:
Ապա խօսք առաւ Մուսա լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի մարմինի նախագահ Վարուժան արք. Հերկելեան` ըսելով. «Այնճար առաջին ոտք դնողները ճիշդ 80 տարիներ առաջ, մեր հայրերն ու մայրերը, պապիկներն ու մամիկները, ահաւոր զոհողութիւններով` քրտինքով ու երբեմն արիւնով կերտեցին այս հայաւանը: Անոնց զաւակները` մենք, բազմապիսի երեւելի եւ աներեւոյթ դժուարութիւններու ու չարիքներու հանդիպեցանք, մասամբ ցրուեցանք, բայց չկորսնցուցինք մեր նախնիներուն հաւատքը եւ վստահ ենք, որ բոլորիս սրտերուն մէջ կ՛ապրի ու պիտի ապրի այս գիւղը, բանաստեղծական բնութագրումով` «Մեր սիրտը մեր գիւղին մէջ, մենք ենք մեր գիւղը»:
Իր խօսքի աւարտին սրբազանը իր պատգամը ուղղեց Այնճարի եւ այնճարաբնակ երիտասարդ – երիտասարդուհիներուն` ըսելով. «Դո՛ւք եւս պահեցէք այս հողը, հողին առողջութիւնը: Տուէ՛ք անոր ծառին ու ծաղիկին հայեցի բոյր ու բուրմունք, հոտ ու համ: Անցորդները այս օտար ափերուն կը տեսնեն ու կը վկայեն. «Այստեղ անցած է եւ հոս կանգուն կը մնայ հայը»:
Ապա Վարդավառի խորհուրդը ներկայացնելէ ետք Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան ըսաւ. «Երկու տարի է արդէն Այնճարի մէջ մեծ տօնախմբութիւն կը կազմակերպէ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը` առկայծ պահելու Մուսա լերան եւ համահայկական աւանդութիւնները, մշակոյթն ու սովորութիւնները: Կեցցէ՛ մուսալեռցի հայ ժողովուրդը, որ Հայաստանէն հեռու կ՛ապրի, սակայն Հայաստանը կ՛ապրեցնէ իր սրտին մէջ` ի պայծառութիւն հայ ազգին, հայ եկեղեցւոյ եւ գալիք լուսաւոր ապագային: Շնորհաւո՛ր Վարդավառ, ապրի՛ն հայ ազգի մեր զաւակները… »:
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ դպրաց դասը ներկայացուց կարգ մը երգեր` ընկերակցութեամբ ներկայ բոլոր հայրենակիցներուն, որմէ ետք Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան խօսք առաւ ու հաստատեց. «Այսօրուան աւանդական երգերը, Վարդավառի այս շքեղ տօնահանդէսը կու գան վկայելու, որ հայ ժողովուրդը, այո՛, դարերով ժառանգած իր աւանդութիւնները կը շարունակէ տանիլ դէպի ապագայ: Մուսալեռցի մեր մայրերուն ու հայրերուն ներկայութիւնը այստեղ եւ իրենց ներկայութեամբ, ներկայ երեխաներու այս ուրախ ու զուարթ կանչերը, մեր պատասխանն են բոլոր անոնց, որոնք միշտ կը փորձեն հայ ժողովուրդը ծունկի բերել»: Ապա ան իր խօսքը շարունակեց ըսելով. «Իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան, ես կ՛ուզեմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել Լիբանանի իշխանութիւններուն, Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին, որոնք հարիւր տարի առաջ օգնած են Ցեղասպանութենէ ազատած կարիքաւորներուն եւ 80 տարի առաջ ընդունած են Մուսա լեռէն ազատած հայորդիները»: Աւարտին դեսպանը ջերմ խօսքերով շնորհաւորեց բոլոր ներկաները Վարդավառի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեայ տօներուն առիթներով:
Ապա Մուսա լեռէն ականատեսի վկայութիւններով հանդէս եկան Աշոտ քհնյ. Գարագաշեան, Զապել Քենտիրճեան եւ Սարգիս Այնթապլեան: Այնուհետեւ «Շուշանեան» կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները ելոյթ ունեցան շուրջպարով մը, որմէ ետք խաղցան աւանդական խաղեր, ապա ժողովուրդը շուրջպար բռնեց թմբուկ-զուռնայի ընկերակցութեամբ: Հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ տիկնանց յանձնախումբին կողմէ:
կիրակի, 14 Յուլիսին, Հասպայա շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Հարամունի մարաթոնի միութեան 10 քիլոմեթրի վազքի մրցումը` 6-րդ տարին ըլլալով:
Մրցումը տեղի ունեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի հովանաւորութեամբ:
Անոր ներկայ գտնուեցան շրջանի քաղաքապետներ, մարզական պատասխանատուներ, լիբանանեան բանակէն եւ Ներքին ապահովութեան ուժերէն բարձրաստիճան զինուորականներ եւ այլ անձեր:
Վազողներուն թիւը գնահատուեցաւ շուրջ 3000-ով` տարբեր դասակարգերու մէջ:
Մասնակցողներուն կարգին էր նաեւ Լեւոն Թաշճեան, որ կը ներկայացնէր Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճարը:
Ան այս մրցումը աւարտեց 51 վայրկեանէն եւ իր տարիքային դասաւորման մէջ հանդիսացաւ առաջին:
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին ան իր մետալն ու յուշանուէրը ստացաւ Այտա Ժումհայէն:
Կը շնորհաւորենք Լեւոն Թաշճեանը` իր արձանագրած այս կարեւոր իրագործումին համար:
Հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, 10 Յուլիս 2019ի երեկոյեան ժամը 8:00ին «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ «Երաժշտական Երեկոյ» ուր ելոյթ ունեցան հայրենի արուեստագետներ Արփինէ Թորոսեան (տուտուկ) եւ Սուզանա Մանասէրեան (քանոն), մասնակցութեամբ Լիբանանահայ երգիչ՝ Նժդեհ Պոտրումեանի, ձեռնադաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Վիգեն Բարսեղեանի:
Շաբաթ, 6 Յուլիս 2019ի երեկոյեան ժամը 6։30ին, հովանաւորութեամբ և ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Տէր Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի, քոլէճի բարեկամներու, բարերարներու, ծնողներու, գաղութի եւ գիւղի տարբեր միաւորներու, ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներու, Այնճարի քաղաքապետին, քահանայ հայրերու, Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին ու հանդիսատեսներու հոծ բազմութեան, տեղի ունեցաւ Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակին նուիրուած քոլէճի ամավերջի հանդէսը:
Լիբանանի, Հայաստանի ու վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, նախակրթարանի ու քոլէճի շրջանաւարտները հանդիսաւոր կերպով բարձրացան բեմ ու գրաւեցին իրենց տեղերը։
Բացման խօսքը փոխանցեց քոլէճի տնօրէն Արմէն Թաշճեան, որ ողջունելէ ետք հանդիսականները, յայտնեց, թէ սոյն հանդէսը Այնճարի 80ամեակի մեծ խորհուրդով, կը ներկայանայ գիւղին վերեւ ճախրող Մուսա լերան արծիւին չանհետացող ուրուականով, որ նոյնինքն՝ գիւղի պատմութեան դասն իսկ է։ Տնօրէնը բացատրեց, որ գիւղը իր պատմութիւնը կերտած է հերոսամարտի եւ անոր խորանին հաւատարմութեան ուղիով, անապատի անտանելի նեղութիւնները խորտակելու քաջութեամբ եւ հողին հետ դաշնադիր մնալու վճռակամութեամբ: Իսկ աշխատանքի մարտնչումով, ինչպէս նաեւ մուսա լեռցին տուն կանչող թմբուկով եւ յաղթանակած հայու հպարտութեամբ՝գիւղը կազմած է իր անաղարտ դիմագիծը: Տնօրէնը մաղթեց, որ հանդէսը վերածուի նորահաս սերունդի պապենական կտակի փոխանցման խորհրդակատարութեան եւ գիւղի հաւաքական տեսլականը պահելու ուխտակրութեան ծէսի։
Հանդէսի գեղարուեստական ընթացակարգը առաջնորդեցին ԺԱ. կարգէն աշակերտներ՝ Նարօտ Գառնէշեան, Վարագ Քէօշէեան և Պարոյր Սթանպուլեան իբրեւ հաղորդավարներ։
Ա.-Գ. կարգերու երգչախումբը կատարեց «Մուսա Լերան Գիւղերէն» եւ «Հալա հալա Նինոյէ» երգերը, ապա նախակրթարանի Ե.Զ. պարախումբը՝ ներկայացուց «Համբարձում» եւ «Կէրմէր Ֆըսթան» պարերը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց վարժարանիս շրջանաւարտներէն՝ Յակոբ Այնթապլեան, որ խրախուսեց շրջանաւարտները Այնճարի ապագայի նկատմամբ՝ ունենալու համար այն խոր հաւատքը, այնպէս ինչպէս իրերայաջորդ սերունդներու Հայաստանի անկախութեան երազանքը:
Յ. Այնթապլեան թելադրեց շրջանաւարտներուն, թէ ո՛ւր ալ գտնուին անոնք՝ կապուած մնան ազգային գանձերուն, հայրենիքին, սփիւռքին, յատկապէս իրենց գիւղին ու վարժարանին։ Ան յոյս յայտնեց, որ ,կեանքի դաժան փոթորիկները արմատախիլ չընեն ձեր մէջ այն անխախտ սկզբունքները, զորս ընձեռած է աշխարհագրական այս հայադրոշմ աշխարհը: 80-ամեայ Այնճարը հայելին է մուսա-լեռցիի աշխատաքին, հզօր կամքին, անխախտ հաւատքին և մանաւանդ ազգային ապրումներու վառ դրսեւորումին: Այնճարը համահայկական եզակի արժէք է. փոքրիկ Հայաստան, ուր իւրաքանչիւր արարած կը կրէ հայու նկարագիր, ինչպէս Մայր Հայաստանը կը կրէ իր կուրծքին տակ հայրենիքի սահմանապահ զինուորներուն սրտի զարկը»:
Պատգամախօսը ընդգծեց նաեւ, որ շրջանաւարտները ըլլան յանձնառու նուիրեալներ, հողին ու գիւղին կառչած մնալով:
«Ազգային Յառաջ - Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի շրջանաւարտ ըլլալ կը նշանակէ մուտք գործել այն վեհաշուք դարպասէն ներս,ուր ձեր ամբարած գիտելիքներով, փորձառութեամբ եւ ուժերով՝այլեւս փաղանքն էք ձեր հարազատ գիւղի եւ ընդհանրապէս՝հայաշխարհի հզօրացման ու բարգաւաճման առաքելութեանե,- եզրափակեց ան:
Շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը Ա.-Բ. կարգերու «Թամզարա» պարային ելոյթով: Այնուհետեւ նախակրթարանի Դ.-Զ. երգչախումբը մատուցեց «Մուսա Լերան», «Քամին Զանա» և «Նինօ» երգերը:
Մրցանակաբաշխումէն ետք, Թ.-ԺԱ. պարախումբը ներկայացուց նազ պար մը, որուն անմիջապէս յաջորդեց «Եարխուշտա» ժողովրդական պարը:
Այնուհետեւ, Զ. դասարանի շրջանաւարտները ասմունքեցին Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն»ը, որմէ ետք Գ.-Դ. պարախումբը ներկայացուց «Հայաստան» պարը։
Գեղարուեստական յայտագիրի վերջին բաժինը ամփոփումն էր օրուան խորհուրդին, երբ Է.-Ը. պարախումբի անդամները հանդիսատեսներուն մէջէն բարձրացան բեմ եւ աւանդական թմբուկ-զուռնայի կշռոյթին տակ սկսան պարել, մինչ ԺԲ. կարգի աւարտականները ներկայացուցին Պօղոս Սնապեանէն քաղուած համադրութիւն մը: Պատկերը իր լրումին հասաւ, երբ փրկարար նաւը մուսալեռցիները հասցուց ապահով ծովափը։
Շրջանաւարտներու ուղերձներու ընթերցումը կատարեցին Գարօլ Քէնտիրճեան՝ հայերէնով, Մակի Քէնտիրճեան՝ արաբերէնով եւ Անժէլիքա Սըգայեան՝ անգլերէնով: Անոնք ուրախութեան ու յուզմունքի արտայայտութիւններով փոխանցեցին իրենց երախտագիտութիւնը վարժարանին ու զիրենք շրջապատող իւրաքանչիւր անհատի նկատմամբ։
Այնուհետեւ պահը հասած էր վկայականներու բաշխումին: Տնօրէն Արմէն Թաշճեան խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն, յայտնեց. «Վկայականներու մէջ, ամենաշատ յիշելիքն ու յիշեցնելիքը՝ այն իրողութիւնն է, որ դուք անքակտելի մասն էք մեր ժողովուրդի շուրջպարին, ժառանգորդը անոր հաւաքական յիշատակարանին եւ ամուր պատուանդանը անոր երազներուն»։
Տնօրէնը յուսադրեց, որ շրջանաւարտներուն փոխանցուող վկայականները ըլլան յուշարարները Մուսա Լեռ-Այնճարի այն ճշմարտութեան, որ գիւղի պատմութիւնը հոմանիշ դարձուց համախումբ կեանքի ու կռիւի, պապենական հողին եւ երկինքին ժառանգուելու առաքինութեանց, ինչպէս նաեւ ազգային արժանապատուութեան եզակի ապրումի։
Տնօրէնը բարի երթ մաղթելով շրջանաւարտներուն, բեմ հրաւիրեց առաջնորդ սրբազան հայրը եւ օրուան պատգամախօսը, որոնք տնօրէնին հետ կատարեցին վկայականներու բաշխումը։
Այնուհետեւ, առաջնորդ սրբազան հայրը փոխանցեց իր պատգամը եւ արժեւորեց կրթական այն երախտարժան աշխատանքը, որ հայ կրթութեան նուիրուած մշակներ կը կատարեն անսակարկ կերպով ու անշահախնդրօրէն: Ան գնահատեց արձանագրուած յաջողութիւնը, որ հպարտութիւն կը ներշնչէ գիւղին ու բոլոր հայրենակիցներուն: «Վարժարան մը, որ ոչ միայն խորհրդանշուեցաւ փետուրով, այլ նաեւ լիբանանեան մայրիով»,- ըսաւ ան եւ աւելցուց հետեւեալը. «Մենք հայ ժողովուրդի պատմութեան, անցեալին, ներկային ու ապագային զինուորներն ենք, Մուսա լերան արմատով խորհրդանշուած՝ թմբուկի կշռոյթով և շուրջպարի թոբոյնով մեզ մասնակից դարձուցիք մեր համահայկական թմբուկին և շուրջպարին: Եւ այս բեմը զարդարուած է ցորենի հասկերով, «ոսկի» հունձքով՝ նուիրումով եւ իրագործումներով»:
Ան իր օրհնաբեր թելադրանքը ուղղեց շրջանաւարտներուն, որ անոնց քայլերը ըլլան հաստատ ու ամուր եւ իրենց ունեցածը արդիւնաւորեն նաեւ իրենց վարժարանին համար։
Այնուհետեւ, շրջանաւարտները, տնօրէնն ու ընդհանուր հսկիչները ընդունեցին ներկաներու ջերմ շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթութիւնները: