Լուրերու Արխիվ

Երկուշաբթի 6 Յունուար 2020ին, Այնճարի Հայ Առաքելական համայնքը նշեց Սուրբ Ծննդեան տօնը, «Սուրբ Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ:

Արդարեւ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին Տէր Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան քարոզեց ներկաներուն ծնունդի խորհուրդին մասին, ու մաղթեց բոլորին խաղաղութիւն ու բարեբեր տարի մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք։ Աւարտին ամբողջ հաւատացեալ ժողովուրդը եկեղեցական թափօրով ուղղուեցան դէպի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ ծնունդի երգեցողութիւն եւ հիւրասիրութիւն։

Այնճարի Հայ Աւետարանական համայնքն ալ նշեց Ս. Ծննդեան տօնը։ Եկեղեցւոյ մէջ Ներկայ էր հաւատացեալ ժողովուրդը , մասնակից դառնալու Սուրբ Ծննդեան պաշտամունքին որ կատարեց Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանը եւ բոլորին ողջունեց Սուրբ Բրկիչին գալուստով մաղթելով բոլորին յաջողութիւն կեանքի մէջ, խաղաղութիւն եւ արեւշատութիւն. Պաշտամունքէն ետք եկեղեցւոյ «Ջանից» սրահին մէջ, ներկաները տօնական հիւրասիրութեամբ շնորհաւորեցին Քրիստոսի Ծնունդն ու իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին իրարու:

Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ, Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս։

878eb0cd-fcbb-4f68-9045-c6d5d2892014
IMG8584
IMG8586
IMG8594
IMG8593
IMG8603
IMG8614
IMG8625
IMG8600
IMG8624
IMG8611
IMG8601
IMG8618
IMG8623
IMG8635
IMG8627

?>