Լուրերու Արխիվ

 Երկուշաբթի 6 Յունուար 2020ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30էն սկսեալ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէն Ս. Ծննդեան Տօնին առիթով ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւններ ներկայութեամբ Այնճարի քաղաքապետին:
Որոնց շարքին էին՝

Պրն. Մուհամմատ Ալ Պասըթ
Կեդրոնական Պեքաայի քաղաքապետութեանց միացեալ խորհուրդի նախագահ

Պրն. Ադէֆ Ալ Մէյս
«Մէքսի»ի գիւղի քաղաքապետ

Պրն. Ժիհատ Ալ Մուաալլէմ
«Քապ Էլիաս»ի քաղաքապետ

Պրն. Սաաիտ Եսին
«Մաժտալ Այնճար»ի քաղաքապետ

Պրն. Ալի Եուսէֆ
«Մաժտալ Այնճար»ի թաղապետ եւ կեդրոնական Պեքաայի թաղապետներու խորհուրդի նախագահ:

Ինչպէս նաեւ նախկին դատախազ ներկայիս սահմանադրական խորհուրդի անդամ՝ Դոկտ. Օմար Ալ Համզէ:

Բոլոր հիւրերն ալ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցան մեր գիւղի կազմակերպուածութեան վիճակով ինչպէս նաեւ բարգաւաճման հարցերու կապակցութեամբ տարուած աշխատանքներուն: Նաեւ իրենք իրենց հիացումը արտայայտեցին կուսակցութեան տարած հոգատարութեան գիւղիս եւ ժողովուրդի նկատմամբ, զայն որակելով օրինակելի գիւղ մը ամբողջ Լիբանանի տարածքին, եւ իրենք իրենց աջակցութիւնն ու գործակցութիւնը ցուցաբերեցին ի շահ մեր գիւղի զարգացման:

IMG8637
IMG8640
IMG8642
IMG8645

?>