Հարաւային Քորիայի պետութեան կողմէ Այնճարի բնապահպանման, ծառատնկումի եւ մաքրարշաւի ընդհանուր ծրագիրը այսօր՝ 27 Փետրուար 2020ին սկիզբ առաւ մեծ խանդավառութեամբ։
Առաջին հանգրուանը որ պիտի ընդգրկէ ծառամշակման գործընթացը պիտի տարածուի լեռնային որոշ հատուածի մը վրայ, նաեւ պտղատու ծառերով պիտի օժտուին գիւղամէջի համայնքապետական կալուածները։
Այս առիթով, անվերապահօրէն կը քաջալերենք ու բարձրօրէն կը գնահատենք մեր գիւղի երիտասարդները, իրենց գործօն մասնակցութեան համար։
Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը, գործակցաբար Այնճարի Հ.Մ.Ը.Մ.- ի «Լոռի» փաղանգի պարմանուհիներուն, Շաբաթ, 21 փետրուար 2020-ին, կէսօրուան ժամը 11:00-ին, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ, հրաւիրեց գիւղի տարեցները եւ նշեց Բարեկենդանի տօնը:
Պարմանուհիները նախ ծանօթացան Լ.Օ.Խ.-ի աշխատանքներուն, ապա լսեցին տարեցներուն կողմէ փոխանցուած Մուսատաղեան աւանդութիւններն ու սովորութիւնները։
«Վասն Հայրենեաց եւ Կրօնի»
Հինգշաբթի, 20 Փետրուար 2020ի առաւօտեան Այնճարի «Ս. Պօղոս» եւ Հայ Կաթողիկէ «Ս. Վարդարանի Տիրամօր» Եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց յիշատակին։
«Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ Պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հոգեւոր Հովիւ՝ Տէր Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեան, որ իր խօսքին շեշտեց մերօրեայ կեանքը ապրիլ վարդանանց խորհուրդով, ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու շուրջ միասնակամօրէն համախմբուիլ եւ մեր հաւատքին ու հայրենիքին սպառնացող վտանգներուն դէմ պատնեշաւորուիլ: Ան շնորհաւորեց բոլոր անոնք, որոնք կը կրեն Վարդան անունը, Ղեւոնդ, Վահան, Արտակ, Թաթուլ, Արշաւիր, Տաճատ, Ատոմ, Կարէն, Հմայեակ, Արսէն, Յովսէփ, Խորէն եւ Գարեգին անուն ունեցողները։
Ինչպէս նաեւ Ազգային 《Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան》 եւ Հայ Աւետարանական երկրորդական վարժարաններուն մէջ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիրներով նշուեցաւ Վարդանանցի տօնակատարութիւնը:
Շաբաթ 22 Փետրուար 2020-ին, ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան կրտսեր պատանիները նշեցին Բարեկենդանը։
Անոնք ծպտուած շրջեցան գիւղի տուները եւ հայկական ու Մուսա լերան աւանդութիւնները ներկայացնող յատուկ թերթիկներով փոխանցեցին օրուայ խորհուրդը։
Բնապահպանական ընդհանուր աշխատանքներու ծրագիր մը սկիզբ առաւ Ուրբաթ 14 եւ Շաբաթ 15 Փետրուար 2020ին :
Ծրագրի ֆինանսաւորումը տրամադրուած է Քորիական պետութեան կողմէ նպատակ ունենալով Այնճարի տարածքին իրականացնել ծառատնկումի եւ բուսամշակման հետ առնչուող գործընթաց մը՝ գործակցաբար Այնճարի քաղաքապետութեան:
Այս մասին պէտք է յիշատակել թէ աշխատանքի գործնական պատասխանատուութիւնը վերցուցած է FAO-ն, գործակցաբար LRI եւ AFDC ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն:
Ուստի անցնող Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերը յատկանշուեցան գործնականապէս առաջին քայլով, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին, «Ճանպազեան» եւ «Մուսալեռ» սրահներուն մէջ:
Ծրագրի իրականացումը պիտի երկարի 100 օրերու վրայ, որուն պիտի մասնակցին գիւղացի շուրջ 70 աշխատաւորներ: