Չորեքշաբթի 6 Յունուար 2021ին, Այնճարի Հայ Առաքելական համայնքը նշեց Սուրբ Ծննդեան տօնը, «Սուրբ Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ:
Արդարեւ տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ, որուն ընթացքին Տէր Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան քարոզեց ներկաներուն Սուրբ ծննդեան խորհուրդին մասին, եւ մաղթեց որ Յիսուս քրիստոսի ծնունդը գիւղիս հայրենակիցներներուն ինչպէս նաեւ ամբողջ հայ ազգին առողջութեամբ, խաղաղութեամբ ինչպէս նաեւ բարեբեր տարի մը պարգեւէ. Ապա տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք եւ աւարտին եկեղեցական թափօր։
Այնճարի Հայ Աւետարանական համայնքն ալ նշեց Ս. Ծննդեան տօնը։ Եկեղեցւոյ մէջ Ներկայ էր հաւատացեալ ժողովուրդը , մասնակից դառնալու Սուրբ Ծննդեան պաշտամունքին որ կատարեց Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանը եւ բոլորին ողջունեց Սուրբ բրկիչին գալուստով մաղթելով առողջութիւն, յաջողութիւն կեանքի մէջ, խաղաղութիւն եւ արեւշատութիւն:
Օգտակար կը նկատենք թուել յանձնախումբիս եւ անձնական միջոցներով կատարած(COVID-19 PCR test) եւ իրենց մօտ դրական (positive) արդիւնք յայտնաբերուած պարագաներու անուններու վերջին ցանկը։
1-Լալիկ Անդրանիկ Խօշեան
2-Մեղրի Վարդգէս Խօշեան
3-Յակոբ Սարգիս Քէշիշեան
4-Թերեզ Փամպուքեան
5- Մակի Ճոնի Քէնտիրճեան
6- Կարօտ Վազգէն Հապէշեան
7-Ժագ Նազար Տաղլեան
8- Լալէ Յարութիւն Զէյթլեան
9-Յարութ Խաչիկ Անտոնեան
10- Ալեքս Եսայի Ատաճեան
11-Կարօ Գէսապլեան
12- Ռաշիտէ Շերպէթճեան
13- Սելին Յակոբ Քէշիշեան
14-Սեւակ Մանուկ Կիրակոսեան
15-Դալար Ժոզէֆ Գժտրեան
16- Սագօ Հայկ Քէշիշեան
17-Գալէ Սարգիս Տէր Գալուստեան
18- Անի Միսաք Քէշիշեան
19-Պօղոս Սերոբ Գապաղեան
20-Անի Արմենակ Ապրէեան
21-Զաւէն Պօղոս Գապաղեան
22- Լիլի Պօղոս Գապաղեան
23- Գարօլին Փամպուքեան
24- Ռիթա Գէորգ Գազանճեան
25- Սալբի Յովսէփ Փամպուքեան
26- Սիւզի Պօղոս Ճըլգեան
Ծանօթ- Վստահաբար բոլորիդ համար այլեւս պարզ ու հասկնալի եղան Քորոնա ժահրի սարսափելի տարածումն ու վտանգաւոր հետեւանքները:
Զգոյշ եղէք, առողջ մնացէք:
Շնորհակալութեամբ եւ յարգանքներով՝ Այնճարի 《Քորոնա》ի Ճգնաժամի Յանձնախումբ
Թագաժահրի (Covid-19) Տագնապի իրավիճակը տակաւին կը շարունակէ սպառնալ մեր հաւաքական առողջութեան, այս անգամ ստանալով հետզհետէ յաւելեալ համաճարակի բնոյթ:
Սոյն կոչով խստիւ կը պահանջենք մեր հայրենակիցներէն որ բծախնդրութեամբ կառչիք հետեւեալ պահանջքներուն:
1- Մնաք տուն միայն անհրաժեշտութեան պարագային դուրս գալ:
2- Զատկուան տօնին առիթով հարազատներու կամ բարեկամներու հետ ուղղակի շփում չունենալ եւ փոխադարձ այցելութիւնները կրճատելով սահամանփակել:
3- Խանութներու մէջ խճողում չստեղծել.
4- Շեշտելով կը պահանջենք բոլորէն որ ընկերային հաւաքներ եւ խրախճանքներ չկազմակերպեն կամ ներկայ չգտնուին այլուր:
5-Անհրաժեշտ պարագային միայն դուրս ելլել գիւղէն.
« Մնանք Տունը պաշտպանելով մեր շուրջինները, պաշտպանած կ՝ըլլանք մենք զմեզ»:
Այս ճգնաժամին սպասելի է որ գործնական վերաբերումով կը ցոլացնենք մեր գիտակցութիւնն ու զգօնութիւնը:
Մարմինս յայտարարած է արտակարգ իրավիճակ, իր ամբողջ կարելիութիւններով պատրաստ վիճակի մէջ կը գտնուի,
«Պիտի մնանք միշտ ձեզի հետ ձեզի համար: »
Մարմինս դեկտեմբեր 25-էն մինչեւ օրս իր տեղեկութիւններուն համաձայն ՆԿԱՏԱԾ Է որ Corona virus-ով Վարակուածներու թիւը շեշտակի յաւելում արձանագրած է:
Մեր տեղեկութիւններու հիման վրայ նկատած ենք նաեւ թէ կան հայրենակիցներ որոնք վարակակիր են եւ գաղտնի կը պահեն, պիտի խնդրենք որ տեղեակ պահեն մարմինս եւ հետեւին պէտք եղած ցուցմունքներուն:
Շնորհաւոր Ս. Ծնունդի յոյսով պիտի դիմակալենք գալիքը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Վարակիրներուն վերջին ցանկը:
Օգտակար կը նկատենք թուել յանձնախումբիս եւ անձնական միջոցներով կատարած (COVID-19 PCR test) եւ իրենց մօտ դրական (positive) արդիւնք յայտնաբերուած պարագաներու անուններու վերջին ցանկը։
1-Գայանէ Մովսէս Թօփալեան
2-Ազատիկ Լորիս Տումանեան
3- Պարոյր Խաչիկ Անտոնեան
4-Ժոզէֆ Գժտրեան
5- Վագօ Ժոզէֆ Գժտրեան
6-Տաատ Ժոզէֆ Գժտրեան
7-Նանոր Շէրպէթճեան
8- Լոռի Շէրպէթճեան
9-Մատլեն Արագիլ Շէրպէթճեան
10- Աւօ Արաքել Շէրպէթճեան
11- Վարդան Աբրահամ Աշգեան
12- Արմիկ Հայկ Քէշիշեան
13-Արմիկ Օննիկ Քէշիշեան
14-Նարէ Խաչիկ Թազեան
15-Սեւան Ադամեան Փամպուքեան
16-Սեւակ Մեսրոպ Քէնտիրճեան
17-Արաքէլ Սարգիս Շէրպէթճեան
18-Խաչիկ Անտոնեան
19-Ծաղիկ Անտոնեան
Ծանօթ- Վստահաբար բոլորիդ համար այլեւս պարզ ու հասկնալի եղան Քորոնա ժահրի սարսափելի տարածումն ու վտանգաւոր հետեւանքները:
Զգոյշ եղէք, առողջ մնացէք:
Շնորհակալութեամբ եւ յարգանքներով՝ Այնճարի 《Քորոնա》ի Ճգնաժամի Յանձնախումբ
Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առիթով ընդունեցէք մեր սրտագին բարեմաղթութիւնները.
Յուսանք 2021ը ըլլայ յաջողութիւններով լեցուն տարի մը։
Բայց ինչքան ալ լաւատես ըլլանք այնպէս կը թուի որ Քորոնա ժահրի տարածումն ու վտանգը լուրջ մտահոգութեան առարկայ են։
Մենք շուտով մեր արտակարգ ժողովի որոշումները պիտի փոխանցենք ձեզի ակնկալներով, որ սարսափելի այս երեւոյթին ի տես, առաւելագոյն չափով պիտի գործակցիք մեզի հետ։
Տօնական օրերը իրենց հետ բերին Քորոնա ժահրի նոր ալիք մը։
Վարակուածներու շարքին են պրն. Քաղաքապետը, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ՝ Ժանօ փամպուքեանն ու տիկինը, ինչպես նաեւ անձնակազմէն՝ տիկին Մարի Մարաշլեան։